ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան Շահումեանի անուան դպրոցին մէջ ծանօթացաւ «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներու հայոց լեզուի դասընթացքին

Յուլիս 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան այցելեց Ստեփան Շահումեանի անուան թիւ 1 դպրոց` ծանօթանալու «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներու հայոց լեզուի 5-օրեայ դասընթացքին:

Դասարանները կը ձեւաւորուին լեզուական իմացութեան մակարդակին համապատասխան, որուն հիմքին դրուած են տարածաշրջանային եւ օտար լեզուի (որպէս հիմնական լեզուի) իմացութեան առանձնայատկութիւնները:

«Արի տուն» ծրագիրի չորրորդ փուլին կը մասնակցի 153 երիտասարդ` աշխարհի 10 երկրէ` ԱՄՆ-էն, Ռուսաստանէն, Սուրիայէն, Վրաստանէն, Ուզպէկստանէն, Յորդանանէն, Ուքրանիայէն, Իրաքէն, Հոլանտայէն, Սպանիայէն:

Նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայեանէ Սողոմոնեան այցելեցին դասարաններ, ներկայ գտնուեցան դասընթացներուն, լսեցին արիտունցիներուն ու ծանօթացան անոնց` մայրենիի գիտելիքներուն:

Սուսաննա Աբազեանի դասարանէն Դաւիթ Ջանամեան եւ Վլատիմիր Նատիրով (Վրաստան) ասմունքեցին Սայաթ-Նովա, իսկ Գայեանէ Պապլոյեանի դասարանէն Լեւոն Թադեւոսեան (Ուզպէկստան) իր անկեղծ հիացմունքը յայտնեց Հայրենիքի, անոր տեսարժան վայրերու մասին, խոստացաւ, որ պիտի գայ ու հաստատուի Հայաստանի մէջ:

Արդէն չորս տարի է Ստեփան Շահումեանի անուան թիւ 1 դպրոցը գրկաբաց կը հիւրընկալէ «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցները, իրականացնելով հայոց լեզուի ուսուցման արդիւնաւէտ դասընթացներ, ուրկէ արիտունցիները կը հեռանան հարստացած հայոց լեզուի, Հայրենիքի, հայոց պատմութեան ու մշակոյթի մասին գիտելիքներով:

v2v3 v4v

Scroll Up