ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փոխըմբռնման Յուշագիրի Ստորագրման Արարողութիւն

Յունիս 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրում Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի արտերկրեայ եւ հումանիտար հարցերով յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ: Կիպրոսի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Կիպրոսի Հանրապետութեան  նախագահի արտերկրեայ եւ հումանիտար հարցերով յանձնակատար Ֆոթիու Ֆոթիսը, յանձնակատարի խորհրդական Ալեքսանտրոս Գաիսը, յանձնակատարի սփիւռքի հարցերով խորհրդական Թալիա Նատոնիուն:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց հիւրերը եւ կարեւոր համարեց երկու երկիրներու միջեւ միջազգային յուշագիրի ստորագրումը` որպէս համագործակցութեան սկիզբ:

Կիպրոսի Հանրապետութեան  նախագահի արտերկրեայ եւ հումանիտար հարցերով յանձնակատար Ֆոթիու Ֆոթիսը նոյնպէս կարեւոր համարեց յուշագիրի ստորագրումը` այն համարելով պատմական իրադարձութիւն: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Հայաստան եւ Կիպրոս պատմական եւ մշակութային կապեր ունին: Մեր երկիրները կը համագործակցին շատ բնագաւառներու մէջ, յաճախակի են նախագահներու, վարչապետերու մակարդակով փոխայցելութիւնները, որ ցոյց կու տան, թէ որքան լաւ յարաբերութիւններ ունինք: Այսօր պիտի քննարկենք սփիւռքի հարցերով մեր ջանքերը միաւորելու,  համագործակցութիւնը աւելի ընդլայնելու հեռանկարները: Կ’ուզեմ նաեւ Կիպրոսի Նախագահի եւ կառավարութեան անունէն շնորհակալութիւն յայտնել Կիպրոսի հարցով հանգուցալուծման հասնելու գործընթացին աջակցելու համար: Կիպրոսը Եւրոմիութեան անդամ է, ի դէմս Կիպրոսի դուք լաւ ընկեր ունիք նաեւ ԵՄ-ի մէջ: Կարելի է ըսել, որ Կիպրոս Հայաստանի դեսպանն է ԵՄ-ի մէջ: Յոյսով եմ, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Կիպրոսի մէջ, նաեւ Յունաստանի մասնակցութեամբ»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը ներկայացուց գերատեսչութեան ծրագիրները, քննարկուեցան համագործակցութեան ոլորտները եւ ուղղութիւնները:

Յուշագիրի ստորագրումէն ետք ցուցադրուեցաւ ֆիլմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան վերաբերեալ:

 

Scroll Up