«Սէրը Ինծի Ֆրանսա Տարաւ». Գագիկ Աբրահամեան

Ֆրանսայի Թուլուզ  քաղաքէն ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն այցելած մեր հայրենակիցներու` երիտասարդ ամուսիններ Գագիկ Աբրահամեանի  եւ  Լիլիթ Տէր-Արսէնեանի  հետ  փոքրիկ զրոյց մը ծաւալեցաւ «Հայերն այսօր»-ի  խմբագրութեան մէջ, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:

Գագիկ, ե՞րբ եւ ի՞նչ հանգամանքերու մէջ յայտնուած էք հեռաւոր Ֆրանսայի մէջ:

-2002-ի դեկտեմբեր 31-էն  հաստատուած եմ Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքին մէջ: Հայաստանէն մեկնելուս պատճառը ո՛չ աշխատանքային պայմանագիր  եղած է, ո՛չ ազգականներու հրաւէրը. սէ՛րը ինծի  այնտեղ տարաւ, ես «Սիրո՛յ պայմանագրով» գացի Ֆրանսա…մանրամասնեմ. ապագայ կինս` Լիլիթը, որ շատոնց  կ’ապրէր Թուլուզ, Երեւան  եկած էր, հանդիպեցանք եւ հասկցանք, որ «դատապարտուած» ենք միասին ապրելու, ընտանիք կազմելու: Լիլիթի ընտանիքը  շատոնց տեղափոխուած էր Ֆրանսա, ուստի ես ալ մեկնեցայ այնտեղ: Ամուսնացանք, կազմեցինք հայկական գեղեցիկ ընտանիք, երեք երեխայ ունինք` աղջիկ մը, երկու տղայ: Մեր ընտանիքէն ներս հրաշալիօրէն կը պահպանուին հայկական բոլոր աւանդոյթները, մեր  տան մէջ կ’իշխէ մայրենին, կ’ապրինք հայեցի, կը պահպանենք մեր հայկական ինքնութիւնը:

2

Գագի՛կ, ի՞նչ մասնագէտ էք եւ արդեօք կ’աշխատի՞ք Ձեր մասնագիտութեամբ:

-Մասնագիտութեամբ վարսավիր եմ, կ’աշխատիմ իմ մասնագիտութեամբ. մեր սեփական սրահը ունինք, ուր կ’աշխատի նաեւ Լիլիթը, ան ալ դիմայարդար է:

Մեր յաճախորդները հիմնականին մէջ ֆրասացիներ են. իմ աշխատանքս հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ հնարաւորինս շատ շփուիլ ֆրանսացիներու հետ. վարսայարդարման ընթացքին մենք անպայման կը զրուցենք յաճախորդներուն հետ եւ առիթը բաց չենք ձգեր` խօսելու Հայաստանի եւ հայերու մասին:  Անոնց մեծամասնութիւնը կը ճանչնայ Հայաստանը ու կը սիրէ  հայերը:  Ֆրանսացիները  հետաքրքրուած են մեր երկրով, մեր պատմութեամբ: Բացի վարսայարդարի աշխատանքէն` մենք հիմնած ենք նաեւ մեր սեփական` «Մեսրոպ Մաշտոց» հայկական  դպրոցը, որուն տնօրէնն եմ, իսկ Լիլիթը` օգնականս է: Այս դպրոցի ստեղծումը  նախաձեռնած ենք  քանի մը ընկերներով եւ Լիլիթի հօր` Ալպերթ Տէր-Արսէնեանի` շատ հայրենասէր  հայու մը օժանդակութեամբ: Մեր կողքին միշտ կանգնած է Թուլուզի հնաբնակ հայերէն մէկը` Ֆերնանտ Թորոսեան: Թուլուզի հայկական համայնքը կը գործէ շուրջ 50 տարի, համայնքն  ունի իր դպրոցը, իսկ մեր դպրոցն առանձին կազմակերպութիւն է, ուր կ’աշխատինք հիմնականին մէջ երեք ընտանիքներով: Կատարած ենք աշխատանքի բաժինին մէջ. դպրոցը երեխաներուն կ’ուսուցանենք հայոց լեզու, պատմութիւն, երգ, պար: Մեր դպրոցին նպատակն  է` երեխաներուն  տալ հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն, ուղղորդել դէպի Հայ առաքելական եկեղեցի:  Գիրքերու հարցով օգնած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը. Լիլիթին հա՛յրը  եղած է այստեղ, իսկ մենք առաջին անգամ Սփիւռքի նախարարութիւն կու գանք. եկած ենք` շնորհակալութիւն յայտնելու նախարարին:

Գագի՛կ, անդրադառնանք Ձեր դպրոցի աշակերտներուն կողմէ հայ զինուորներուն ուղղուած նամակներուն:

-Մեր դպրոցի երեխաները շատ մեծ ոգեւորութեամբ, սիրով գրեցին այդ նամակները, որոնց պատասխանած են զինուորները: Այդ պատասխանները ստացած ենք նախարարութեան համապատասխան բաժինէն. մեր երեխաները շատ կ’ուրախանան` կարդալով պատասխան նամակները. Կը կարծեմ`  սա՛ ալ օտարութեան մէջ հայ երեխաներուն հայրենասիրական ոգով դաստիարակելու միջոցներէն մէկն է: Մեր դպրոցի աշակերտները մասնակցած են նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան  ձեռնարկած «Իմ քաղցր լեզու» խորագիրով շարադրութիւններու մրցոյթին, որուն համար Սփիւռքի նախարարութենէն շնորհակալագիր  ստացած ենք եւ այն կը տանիմ  Թուլուզ: Ընդհանրապէս, նախարարութեան ծրագիրները  շատ հոգեհարազատ են մեզի:

 Հրաժեշտ տալով այս գեղեցիկ զոյգին`  այս ալ`  որերորդ անգամ,  կը համոզուիմ, որ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ ծնած ու հաստատուած հայորդիներու մեծ մասն իր շուրջ փոքրիկ Հայաստան մը կը ստեղծէ,  գեղեցիկ հայկական ովասիս մը:

 Կարինէ Աւագեան

 3 4

78%d5%a4%d5%ba%d6%80%d5%b8%d6%81

Scroll Up