«Բարեկամութիւնը Հաստատւում Է Միայն Իրար Ճանաչելով». Հրանոյշ Յակոբեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/05/18643792_1468159376570390_218839882_n.jpg)
Մայիս 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Լեհաստանի գործատուներ» միութեան նախագահ Անտրէյ Մալինովսկին` տիկնոջ հետ, Լեհաստանի «Ճուլիայի սկիւռիկներ» բարեգործական հիմնադրամի ղեկավար Ճուլիէթ Կեւորկովայը, Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեանը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը ողջունեց հիւրերը, կարեւոր համարեց հայ-լեհական փոխադարձ այցելութիւնները, համագործակցութիւնը տարբեր ոլոտներու մէջ, նշեց որ հայ-լեհական յարաբերութիւնները դարերու պատմութիւն ունին: «Հպարտութեամբ ենք արձանագրում, որ 650 տարի առաջ հայերը հաստատուելով Լեհաստանում, կարողացել են մեծ հետք թողնել Լեհաստանի պատմութեան եւ մշակոյթի մէջ` հայ-լեհական բարեկամութեան, լեհ ժողովրդի ջերմ վերաբերմունքի շնորհիւ: Շնորհակալութիւն այն ամէնի համար` ինչ արւում է հայկական համայնքի համար», -աւելցուց տիկին Յակոբեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը ներկայացուց Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման հիմնական ուղղութիւնները եւ ոլորտները, կարեւոր նկատեց բարձր արուեստաբանութիւններու, գիւղատնտեսութեան, հանքարդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան զարգացումը: «Բարեկամութիւնը հաստատւում է միայն իրար ճանաչելով», – շեշտեց Հրանոյշ Յակոբեան:
Անդրէյ Մալինովսկին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, նշեց, որ մեր երկիր այցի նպատակը Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զարգացման եւ գործատուներու շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն ծանօթանալը, ինչպէս նաեւ երկկողմ հնարաւոր համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր քննարկելն է: Պարոն Մալինովսկին խօսեցաւ «Լեհաստանի գործատուներ» միութեան գործունէութեան մասին, որ 1989թ. սկսած կը ներկայացնէ լեհական ձեռնարկութիւններու շահերը երկրի գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Միութիւնը կը ներառէ մօտ 12.000 լեհական գործարար ընկերութիւն, կը համագործակցի սոցիալ-տնտեսական հարցերով զբաղուող միջազգային հաստատութիւններու հետ, ինչպիսիք են` Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը, Եւրոպական սոցիալ-տնտեսական կոմիտէն, Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան գործարարութեան եւ արդիւնաբերութեան խորհրդտական կոմիտէն եւ այլն: Կառոյցին նպատակն է աջացիլ Լեհաստանի մէջ գործատուներուն համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման եւ գործարար միջավայրի ձեւաւորման: