Քորթոպայի ՄԷջ Կը Կայանայ «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Արցախի Համար» Համերգարշաւը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/sss.jpg)
Մայիս 6-ին Քորթոպա քաղաքին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս պիտի կայանայ ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի նախաձեռնած համերգարշաւը:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` երաժշտական կատարումներով հանդէս պիտի գան «YANNI» նուագախումբի ջութակահար Սամուէլ Երուինեան, արժանթինաբնակ երաժիշտ, ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի պատուաւոր անդամ Գագիկ Գասպարեան, դաշնակահար Արմէն Կուզիկեան եւ Քորթոպայի մէջ գործող «Արարատ» հայկական պարախումբը:
Աւելցնենք, որ համերգաշարի մեկնարկը պիտի տրուի մայիս 4-ին` Պուէնոս Այրէսի մէջ:
Նախատեսուած է համերգներէն գոյացած ողջ հասոյթով երաժշտական գործիքներ գնել Արցախի երաժշտական դպրոցներուն համար: Համերգները, որոնց նպատակը նաեւ Արցախը օտարազգիներու մօտ ճանաչելի դարձնելն է, պիտի կազմակերպուին Արժանթինի շարք մը քաղաքներու մէջ, նաեւ` Պրազիլիոյ: Հարաւային Ամերիկայի մէջ իրականացուող ձեռնարկները պիտի ամփոփուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` սեպտեմբեր ամսուն:
Համերգներու գեղարուեստական ղեկավար նշանակուած է Գագիկ Գասպարեան, իսկ ընդհանուր պատասխանատու` ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան պատուաւոր անդամ Անթոնիօ Սարաֆեան: