Տեղի Ունեցաւ Տեսաժողով Լոս Անճելըսի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/կոնֆերանս.jpg)
Ապրիլ 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ տեսաժողով Լոս Անճելըսի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Տեսաժողովին մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, նախարարութեան աշխատակիցներ:
Լոս Անճելըսէն տեսակապով միացած էին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսութեան առաջին քարտուղար Արմելլա Շաքարեան, Կլենտելի կրթական խորհուրդի նախագահ Արմինէ Կարապետեան, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան համայնքային խորհուրդի նախագահ Յարութ Սեմերճեան, խորհուրդի ներկայացուցիչ Վռամ Մարտիրոսեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի ներակայացուցիչ Վիլմա Գույումճեան, Թէքէեան մշակութային միութեան ներկայացուցիչ Արա Ահարոնեան, Հայ օգնութեան միութեան ներքոյ գործող դպրոցներու պատասխանատու Մարօ Փափազեան, Ամերիկայի մէջ Հայկական առեւտրային ցանցի նախագահ Ալէք Պաղտասարեան, «Հեքիաթը կը կանչէ» թատերախումբի պատասխանատու Մարիցա Տօնապետեան, «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան նախագահ Վահիկ Ծատուրեան, «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի հայոց լեզուի ուսուցիչ Գէորգ Սարգսեան, համայնքի ներկայացուցիչներ:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց տեսաժողովի մասնակիցները, կարեւոր համարեց համայնքի միասնական, համախմբուած, աշխոյժ գործունէութիւնը, նախարարութեան հետ կապերու աշխուժացումը, որ կը նպաստէ նախարարութեան ծրագիրներուն առաւել գործուն մասնակցութեան: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Համայնքը հայ պահելու, ազգային ինքնութիւնը պահպանելու, համայնքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներին դիմակայելու հզօր գործօն է հայոց լեզուի պահպանումը: Դպրոցն ու եկեղեցին են Սփիւռքում պահպանում հայկականութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, ազգային աւանդոյթները: Անգնահատելի է հայ ուսուցիչների դերը հայ երիտասարդներ կրթելու գործում: Եւ վերջապէս հայապահպանութեան հզօր գործօն է նախարարութեան ծրագրերին նրանց ակտիւ մասնակցութիւնը, որը կը նպաստի հայրենաճանաչութեանը եւ Հայրենիքի հետ նրանց կապի ամրապնդմանը: Կարծում եմ` ամէն հայ պէտք է տեսնի Հայաստանը, միայն այդպէս հայ երեխան կը մտածի հայ մնալու մասին: Պէտք է մտածենք մեր հնարաւորութիւնների, գիտելիքների, կապերի միջոցով հասնել Հայաստանի վարկանիշի բարձրացմանը: Սա պէտք լինի իւրաքանչիւր հայկական համայնքի խնդիրը»:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը ներկայացուց նախարարութեան համահայկական «Արի տուն» եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրները, «Կ’երգենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնը, կարեւոր համարեց համայնքի առաւել աշպոյժ մասնակցութիւնը այդ ծրագիրներուն: Նախարարը դպրոցներու տնօրէններուն, համահայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հրաւիրեց մասնակցելու սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ կայանալիք «Հայաստան-Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովին:
Ելոյթ ունեցողները պատմեցին կատարած աշխատանքներուն մասին, նախարարին ուղղեցին իրենց յուզող հարցերը եւ հաւաստիացուցին, որ այս տարի առաւել աշխոյժ պիտի մասնակցին նախարարութեան ծրագիրներուն:
Ամփոփելով հանդիպումը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարձրացուած հարցերուբ համար, հանգամանօրէն պատասխանեց ատոնց: Ան նշեց, որ մեր ժողովուրդը ապրելով, մեր երկու պետութիւններու հզօրացմամբ, միասնականութեամբ եւ համախմբումով պէտք է յարատեւէ, դիմակայէ բոլոր մարտարաւերները: «Հայրենիքն ուժեղ է Սփիւռքով, Սփիւռքը` Հայրենիքով», – աւելցուց ան: