«102 Սրտի Զարկ». Արշաւ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին
Սփիւռքի եւ Հայաստանի երիտասարդական կառոյցներու յարգելի՛ ներկայացուցիչներ,
«Տնեպրի հայ երիտասարդներու միութիւնը» կոչ կ´ընէ 2017թ. Ապրիլ 24-ին աշխարհի բոլոր ծայրերէն միանալու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած «102 սրտի զարկ» արշաւին, որուն հիմնական նպատակն է եւս մէկ անգամ յիշեցնել քաղաքակիրթ աշխարհին այս` դեռեւս անպատիժ մնացած եւ մարդկութեան նկատմամբ իրագործուած յանցագործութեան մասին:
Արշաւին ընթացքին մասնակիցները որպէս սովորական անցորդներ պիտի քալեն քաղաքի գլխաւոր հրապարակին վրայ, այնուհետեւ նախապէս որոշուած ժամուն ձայնարկիչներու միջոցով սրտի զարկերու ձայն պիտի հնչեցուի: Մասնակիցները այդ պահուն կ’անշարժանան` հայեացքները յատակին իջեցնելով, որմէ ետք հրապարակի կեդրոնին մէջ կը ծածանուի հայկական եռագոյնը` ռուսաստանեան էսթրատայի յայտնի երգչուհի Զառայի կատարմամբ «Տլէ եաման» երգի հնչիւններու ներքոյ: Եռագոյնի շուրջ համախմբուած մասնակիցները կ’անդրադառնան Հայոց ցեղասպանութան մասին շարք մը փաստերու եւ կը ներկայացնեն տարբեր պետութիւններու արձագանքները:
Ձեռնարկը ձեր քաղաքին մէջ իրականացնելու համար անհրաժեշտ է թոյլատուութիւն քաղաքապետարանէն, անվտանգութեան նկատառումներէն ելլելով ապահովել իրաւապահ մարմիններու եւ շտապօգնութեան ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ է մամուլի հաղորդագրութիւն ուղարկել ԶԼՄ-ներուն, հրաւիրել հայ եւ արտասահմանցի ընկերներուն, ապահովել տեխնիկական յարմարանքները, ունենալ ՀՀ դրօշը, ստեղծել տեղեկատուուական ցուցանակներ եւ ունենալ մեր կողմէ ուղարկուող ձայնագրութիւնները /ֆանոգրամաներ/:
Նշենք, որ մեր նախաձեռնութեամբ նմանօրինակ արշաւներ իրականացուած են ամէն տարի` 2014 թուականէն ի վեր, իսկ ԶԼՄ-ներու եւ Ուքրանիոյ շարքային քաղաքացիներու հետաքրքրութիւնը այս նախաձեռնութիւններու նկատմամբ կ´աճին տարիէ տարի:
Հարցերու պարագային կրնաք գրել www.facebook.com/Aghajanyan.Karen, www.facebook.com/elina.sorsoryan
Յոյսով ենք, որ կը միաւորենք մեր ջանքները եւ կը ստանանք Ձեր աջակցութիւնը ձեռնարկը իրականացնելու գործին մէջ:
Յարգանքով`
«Տնեպրի հայ երիտասարդներու միութիւն» ՀԿ
Ուքրանիա, ք. Տնեպր,
հեռ.` +38(093)303-54-24,
էլ. Հասցէ` arm.dnepr@gmail.com