Արժանթինի Հայ Համայնքը Երախտագիտութիւն Կը Յայտնէ Երկրին Իշխանութիւններուն

Արժանթինի հայ համայնքը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է երկրի իշխանութիւններուն, որ 8  տարի առաջ յունուարին Արժանթին պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը:

Այդ առիթով ՀՅԴ Հայ դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբը հանդէս եկած է  յայտարարութեամբ մը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը յանցանք էր մարդկութեան դէմ եւ ճանչնալով ցեղասպանութիւնը Արժանթին ճակատագրական քայլ կատարեց` բարձր դասելով պատմական ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը եւ տուրք չտալով քաղաքական, տնտեսական ճնշումներուն ու շահարկումներուն:

11 յունուար 2007-ին Արժանթին ընդունեց թիւ 26199 օրէնքը, որուն համաձայն, 1915-1922 թուականներուն Թուրքիոյ հայերուն տեղահանութիւնն ու կոտորածը ճանչցաւ իբրեւ  ցեղասպանութիւն: Օրէնքը կը շեշտէ, որ այդ տարիներուն աւելի քան 1.5 միլիոն հայ զոհուած է:  Միաժամանակ, 24 ապրիլը Արժանթինի մէջ ճանչցուեցաւ իբրեւ «Ազգերու միջեւ համերաշխութեան եւ յարգանքի օր»:

Scroll Up