Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ին Մրցանքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի նիստը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ին, կաթողիկոսարանին մէջ: Նիստին կը նախագահէր ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Մասնակիցներն էին Երուանդ Փամպուքեան (ատենապետ), Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, Աշոտ Մելքոնեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:
Ժողովը քննեց կատարուած աշխատանքները, հրատարակուած գիրքերու տարածումի պատկերը եւ ապա հրատարակութեան համար յանձնախումբին ուղարկուած ուսումնասիրական աշխատանքները:
Հրատարակչական ծրագիրներուն առընթեր եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նիստը որոշեց նաեւ երիտասարդական շրջանակներուն քաջալերել գիտահետազօտական բնոյթի աշխատասիրութիւններու պատրաստութիւնը եւ այդ նպատակին համար հաստատել դրամական պարգեւներ: Իւրաքանչիւր մրցանակի արժանացող աշխատասիրութեան կը յատկացուի 5000 ամերիկեան տոլար:
Մրցանակներու արժանացող ուսումնասիրութիւնները պիտի հրատարակուին: Մասնակիցները պէտք է նկատի ունենան հետեւեալ պայմանները.
1.- Աշխատանքները պէտք է քննարկեն, գիտական ու ակադեմական մօտեցումով, Հայոց ցեղասպանութեան, Հայ դատին եւ հայ քաղաքական մտքի զարգացման վերաբերող նիւթ:
2.- Աշխատասիրութիւնները իրենց շօշափած նիւթով ու մօտեցումով կարեւոր նպաստ պէտք է բերեն վերոնշեալ մարզերուն մէջ:
3.- Գործերու յանձնումի ժամկէտը նկատի ունենալ 28 փետրուար 2015-ը:
4.- Աշխատանքները պէտք է ըլլան անտիպ, հայերէն կամ օտար լեզուներով:
5.- Մասնակիցներուն տարիքն է 20-էն 35:
6.- Ուսումնասիրութիւն մը կրնայ ունենալ մէկէ աւելի հեղինակներ:
7.- Տառատեսակը նկատի ունենալ «Գրապալատ» (GHEA Grapalat, http://mincult.am/fonts.html), տառաչափը` 12 կէտ/pt: Տողերու հեռաւորութիւնը` տողամիջոցը 24 կէտ/pt: Համակարգչային A4 էջաչափ` 29-30 տող, 200 էջ: Տողերու նշաքանակը (character count) 59-60: Իւրաքանչիւր էջի վրայ նուազագոյնը` 1800 նիշ/character, միջոցները/space ներառեալ: Էջատակի ծանօթագրութիւնները (footnotes) 10 կէտ/pt տառաչափով, 20 կէտ/pt տողամիջոցով:
Աշխատասիրողները մասնակցութեան պայմաններուն վերաբերեալ որեւէ հարցի համար կրնան դիմել հետեւեալ հասցէին.-
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
«Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի Յանձնախումբ
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O. Box 70317
Antelias, Lebanon
E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Fax: +961-4-410 002