Կայացաւ պոլսահայ արուեստագէտ Ժուլիա Մութլուի «100 տարի–100 հայկական տարազ» համերգ-ցուցադրութիւնը
Ապրիլ 20-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս ՀՀ առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեանի բարձր հովանիի ներքոյ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ Ա.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կայացաւ պոլսահայ արուեստագէտ Ժուլիա Մութլուի` «100 տարի–100 հայկական տարազ» համերգ-ցուցադրութիւնը: Ձեռնարկին աջակցած են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմը եւ «Վերդէ» ՍՊԸ-ն:
Համերգ-ցուցադրութեան ներկայ էին ՀՀ առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, ոլորտի մասնագէտներ, մտաւորականներ, հիւրեր:
Ցուցադրութիւնը բացման խօսքով ներկայացուց ձեռնարկի աջակից, «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագիր Մաքրուհի Յակոբեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, մասնաւորապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին այս կարեւոր նախագիծը կեանքի կոչելու համար:
Ան նշեց. «Պատմական տարազներու այսօրուան ցուցադրութիւնը հագուստներու պարզ ներկայացում չէ, այլ յուզումով ու մեծ անհանգստութեամբ կատարուած ուխտագնացութիւն` դէպի մեր նախնիներու` դժբախտ պապերու հայրենիք, դէպի անոնց ստեղծած քաղաքակիրթ եւ ճաշակաւոր ապրումները»:
Ներկայացուեցան 1590-2015 թթ. միջեւ ինկած ժամանակահատուածին մէջ հայ ժողովուրդի տարբեր դասակարգերու եւ սեռերու տարազները` հողագործէն մինչեւ Օսմանեան շրջանի վաճառական, նաեւ` զարդեղէններ, գլխանոցներ, տրեխներ, հագուստներ, տաբատներ:
Ցուսահանդէսը մեկնարկեց ալաշկերտցի գեղջկուհիի տարազի ներկայացմամբ, այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ամասիացի նորահարսի հանդերձանքը, Կուտինայի քաղաքաբնակ տղամարդու տարազը, Մոկս գաւառի աղջկայ եւ տղամարդու, Վասպուրականի լեռնային Շատախ աւանի ընտանիքի, Զէյթունցի ռազմիկի եւ տարբեր գաւառներու հայուհիի, հայ վաճառականներու, երեւանցի ունեւոր տիկնոջ տօնական հագուստի, շուշեցի աղջկան, Լեռնային Ղարաբաղի գիւղերէն աշուղի մը, թիֆլիսցի հայ կինտոյի, վանեցի քաղաքաբնակ կնոջ, սասունցի տղամարդու, հայ միանձնուհիներու ամենօրեայ, կաթողիկոսի եւ սարկաւագի ծիսական հանդերձանքներ, տարազներ: Յատկանշական էր Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ բանաստեղծի` Սիամանթոյի մօր հարսնութեան զգեստը 19-րդ դարուն եւ այլ տարազներ:
Տարազներներու ցուցադրութիւնը հանդիսատեսին հնարաւորութիւն ընձեռեց պատկերացում կազմելու ոչ միայն քաղաքաբնակ եւ գաւառաբնակ մեր ժողովուրդի անցեալի բարքերու, տարազները ստեղծած կանանց ճաշակի, ստեղծագործական մօտեցումներու, այլեւ բարքերու ու սովորոյթներու մասին:
Ծրագիրը ներկայացնելով, հեղինակը` Ժուլիա Մութլուն նշեց. «Այս ցուցադրութեամբ, երիտասարդներու շնորհիւ ես ցանկացայ ներկայացնել մեր նախահայրերու աւանդական տարազները` տարբեր միջավայրներու մէջ: Շուրջ 70 տարազ պատրաստած էի դեռեւս 2011-ին, իսկ 2015-ին այդ թիւը հասցուցի 100-ի: 1590-ական թթ.-ից մինչեւ մեր օրերը մեր երգերը, պարերը եւ տարազները փոփոխութիւններու ենթարկուած են: Այս հաւաքածուն Ձեր դատին ներկայացնելու գործին մէջ իրենց ներդրումը բերած են Ժանին Փափազեան, Արամ Կոստանեան եւ բազմաթիւ շնորհաշատ երիտասարդներ, որոնց ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ»:
Ձեռնարկին ընթացքին իր մշակած հայկական տարազները ներկայացուց նաեւ Հայաստանի «Տէրեան» մշակութային կեդրոնը` «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» խումբի նուագակցութեամբ:
Ձեռնարկի երկրորդ հատուածին մէջ Պոլսէն ժամանած հայ արուեստագէտները ներկայացուցին երաժշտական բեմականացուած համարներ:
Ժուլիա Մութլուի բեմադրութեամբ` Արա Գէորգեանի «Մուսա լեռ» երաժշտութեան եւ «Լուսնեակ գիշեր» ժողովրդական երգի ներքոյ հանդէս եկաւ Պոլիսէն ժամանած աղջիկներու եւ տղաներու պարախումբը:
Նոյն պարախումբի սաները ներկայացուցին նաեւ Արամ Կոստանեանի կողմէ բեմադրուած պարային համարը` Վահան Թէքէեանի «Հայկական եկեղեցին» բանաստեղծութեան բներգով:
«Էրեբունի-Երեւան» եւ «Կիլիկիա» երգերու կատարմամբ հանդէս եկաւ Սահակ Պարթեւ Կարեան:
Ձեռնարկին աւարտին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրով, ջերմութեամբ անսահման ուրախութեամբ եմ ողջունում ձեզ այսօր, այստեղ` Մայր Հայրենիքում` հայաստանեան ամենաշքեղ բեմերից մէկում, որտեղ դուք, իսկապէս մշակութային հրավառութիւն իրականացրիք, որն իր պատմական նշանակութեամբ, իր բովանդակութեամբ, իր ազգային արժէքով ու նշանակութեամբ յուզեց ու հիացրեց բոլորիս: Միեւնոյն ժամանակ` մենք բոլորս ապրեցինք մի խորին տխրութիւն, քանի որ մեզանից իւրաքանչիւրը ձեր շնորհիւ տեղափոխուեց պատմական հայրենիք եւ զգաց նրա իրական գոյների համանուագը, շունչն ու սրտի բաբախը` վերակերտելով բոլոր գաւառների իւրահատուկ ոճն ու կերպարները: Հսկայական աշխատանք է կատարուած, շնորհակալ եմ իւրաքանչիւրին, ով իր ներդրումն է ունեցել, որ մենք կարողանանք վայելել, այս բացառիկ մշակութային իրադարձութեան ականատեսն ու վկան դառնալ: Հպարտ եմ, որ այս ձեռնարկն իրականութիւն դարձաւ` եւս մէկ անգամ վկայելով մեր բարձր մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան մասին: Կարծում եմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումների շարքում այս ցուցադրութիւնը առանձնայատուկ տեղ է գրաւում»:
Բարձր գնահատելով պոլսահայ արուեստագէտներու աւանդը`նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ժուլիա Մութլուին պարգեւատրեց Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետալով, Ժանին Փափազեանին` «Արշիլ Գորկի» մետալով, Սահակ Պարթեւ Կարեանին` նախարարութեան պատուոգիրով, իսկ Արամ Կոստանեանին` շնորհակալագիրով: