Տեղի կ’ունենայ ամերիկահայ բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեանի երկու ժողովածուներու շնորհանդէսը

Յունիս 10-ին, ժ.12:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ ամերիկահայ բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեանի «Լինելիութեան համանուագ» եւ «Կինը» բանաստեղծական ժողովածուներու շնորհանդէսը, որուն  կը մասնակցին հայագէտներ, արուեստագէտներ, հիւրեր (հասցէն` Վ.Սարգսեան 26/1, Էրեբունի պլազա բ/կ, 9-րդ յարկ, «էրեբունի» սրահ):

Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Բանաստեղծական ժողովածուներուն մասին զեկոյցներով հանդէս կու գան, ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս Սերգէյ Սարինեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Դաւիթ Գասպարեան:

Թամարա Յովհաննիսեան կ’անդամակցի Ամերիկեան Քոնկրէսի Գործարար խորհուրդին, Հայաստանի գրողներու միութեան, Հայաստանէն դուրս գործող Գեղարուեստի զանազան ակադեմիաներու պատուաւոր դոկտոր է:

1988 թուականէն  ԱՄՆ-ի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած  բանաստեղծուհին աւելի քան 20 տարի Սփիւռքի գրեթէ բոլոր համայնքներուն մէջ ծաւալած է գրական-մշակութային գործունէութիւն, հանդէս  եկած է բազմաթիւ դասախօսութիւններով` մեծապէս նպաստելով հայոց լեզուի, հայ գրականութեան պահպանման ու տարածման:

Թամարա Յովհաննիսեան բանաստեղծական շարք մը ժողովածուներու եւ բազմաթիւ գրականագիտական յօդուածներու հեղինակ է: Արժանացած է Ռոնալտ Ռէյկանի անուան Ոսկէ մետալի:

 

Scroll Up