Պարգեւատրուեցան Հայապահպան Գործունէութեան Համար
Նոյեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Աբխազիոյ հայերու միութեան նախագահ Խաչիկ Մինասեանը եւ ԱՄՆ-ի մէջ գործող հայկական §Կաքաւիկ» մանկական հանդէսի հիմնադիր խմբագիր Ճուլիէթ Դաւթեանը:
Բարձր գնահատելով Խաչիկ Մինասեանի մեծ ներդրումը Աբխազիոյ հայերու համախմբման, համայնքէն ներս աշխոյժ հայապահպան գործունէութիւն ծաւալելու համար` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անոր պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով:
Աբխազիոյ հայերու միութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւի համար եւ առանձնակի կարեւորութեամբ նշեց նախարարութեան հետ ամենօրեայ աշխոյժ համագործակցութիւնը, որու վառ ապացոյցն է Աբխազիոյ հայ համայնքի մեծ թիւով անդամներու մասնակցութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մշակութային եւ երիտասարդական ծրագիրներուն:
Հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած ջանքերոն, հայ մանուկներու լեզուի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան համար ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան §Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրուեցաւ Ճուլիէթ Դաւթեան:
§Կաքաւիկ» մանկական հանդէսը ԱՄՆ-ի մէջ 3-8 տարեկան մանուկներու համար հրատարակուող առաջին հայատառ մանկական հանդէսն է: Այն կը հրատարակուի արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն: