«Հայու Ինքնութեան Պահպանումը Սփիւռքի Մէջ Լուրջ Մարտահրաւէր Մըն Է». Արամ Ա. Կաթողիկոս
Այս կացութեան մասին խօսելով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հեռու պէտք է մնալ յաճախ մակերեսային, մասնակի ու ժամանակաւոր հարցերէն ու պէտք է միասնաբար մտածենք մեր ազգը ու հայրենիքը դիմագրաւող լուրջ մարտահրաւէրներուն մասին: Սփիւռքի մէջ հայու ինքնութիւնը նահանջի մէջ է եւ հայու ինքնութիւնը պաշտպանելու կոչուած մեր կառոյցները ներկայ աշխարհի տագնապներուն դիմաց սկսած են կորսնցնել իրենց ուժականութիւնը: Այս կացութեան դիմաց չենք կրնար անտարբեր մնալ»:
Յիշեալ հաւաքը պիտի սկսի յառաջիկայ Երեքշաբթի եւ պիտի երկարի երեք օրերու վրայ՝ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս: Սոյն հաւաքին Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը պիտի ուղղէ, լայն օրէն պարզելով հայու ինքնութեան առնչուած խնդիրները եւ այս ուղղութեամբ պիտի ներկայացնէ իր առաջարկները: Բացման նիստին խօսք պիտի առնեն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեան եւ հանրածանօթ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:
Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Հայաստանէն ժամանած հինգ մտաւորականներ: