Աւարտեց ՀՀ վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը Ֆրանսա. Լուսանկարներ

ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի աւարտին պատուիրակութեան անդամներուն հետ այցելած է Փարիզի Երեւանեան պուրակ, ծաղկեպսակ  դրած Կոմիտասի արձանին` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Այս մասին կը յայտնեն Կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Այնուհետեւ վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Փարիզի Հայ Առաքելական եկեղեցի եւ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարան, ուր անոնց դիմաւորած է Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան:
Առաջնորդարանէն ներս վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպած է ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսական քաղաքականութեան, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին, պատասխանած է մեր հայրենակիցներուն յուզող բազմաթիւ հարցերու:

Յովիկ Աբրահամեան առանձնայատուկ կերպով կարեւոր համարած է հայապահպանութեան, հայոց լեզուի  ուսուցման հարցերը: Վարչապետը ընդգծած է, որ մատաղ սերունդին հայերէն ուսուցանելու համար պատրաստ է ցանկացած աջակցութեան: Ան իր խօսքին մէջ առանձնացուցած է յատկապէս այն հանգամանքը, որ զարգացնելով հայերէնի իմացութիւնը, այն նախ եւ առաջ կ’օգնէ նոր սերունդին մնալ հայ` օտար ափերու վրայ պահպանելով հայու ինքնութիւնը: Վարչապետը գոհունակութեամբ նշած է, որ Ֆրանսայի հայ համայնքը ծաւալած հասարակական, տնտեսական, մշակութային գործունէութեամբ բարձր կը պահէ հայ ժողովուրդի հեղինակութիւնը եւ մեծ ներդրում ունի Ֆրանսայի զարգացման գործին մէջ:

0203 04 05

Scroll Up