Հայրենասիրութիւնը Երկիրը Մաքուր Պահելով Կը Սկսի. Իրաքահայ Ուսանողուհի

«Դպրոցական տարիներուն շաբաթօրեակներու, ծառատունկներու շատ մասնակցած եմ, որոնցմէ հաճելի յիշողութիւններ  պահպանուած են, սակայն ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ առաջին անգամ  շաբաթօրեակի կը մասնակցէի»,-Ապրիլ 15-ին Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ կազմակերպուած շաբաթօրեակին ժամանակ «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ իրաքահայ ուսանողուհի Կարին Օսկանեան` աւելցնելով, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու իրականացումով կրնանք երկիրը ծաղկեցնել, աւելի բարեկարգ ու կանաչազարդ դարձնել:

«Միշտ կը կրկնեմ, որ հայրենասիրութիւնը երկիրը մաքուր պահելով կը սկսի, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է պատասխանատու ըլլայ այս խնդրին շուրջ: Ես, իբրեւ սփիւռքահայ երիտասարդ, հոգիիս պարտքը համարեցի մասնակցելու շաբաթօրեակին. միայն հայրենասիրական կոչերը կամ երգեր բաւարար չեն, հայրենասիրութիւնը նաեւ ամփոփուած է  նմանօրինակ քայլերու մէջ»,-նշեց Կարին Օսկանեան:

Աւելցնենք, որ համաքաղաքային շաբաթօրեակը տեղի ունեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանի կոչին հետեւելով եւ հայրենադարձներու նախաձեռնած «Մաքուր եւ կանաչ Հայաստան» շարժման ծիրէն ներս :

 

Scroll Up