«Դանիէլն Ու Արման-Օննիկը Շատ Գոհ Մնացած Են «Արի Տուն» Ծրագիրէն ». Հիւրընկալ Ընտանիք
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/արի-տուն2.jpg)
«ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս 2015 թուականին առաջին անգամ աղջիկս հիւրընկալած էր Վրաստանէն եկած երկու տղաներ, իսկ անցեալ տարի երկու տղաներ` Պուլկարիայէն` Արման-Օննիկը եւ ՌԴ-էն` Դանիէլը, ես որոշեցի հիւրընկալել»,--«Հայերն այսօր»-իհետ զրոյցին ըսաւ Վերա Քալաշեան եւ աւելցուց, որ ջերմօրէն, հարազատ թոռներու նման անոնց ընդունած են: Տաս օրերուն ընթացքին բնակարանին մէջ այնպիսի մթնոլորտ ստեղած է, որպէսզի տղաները իրենց հայկական միջավայրի մէջ զգային, կապուէին իրենց արմատներուն:
Տիկին Վերայի թոռնիկը 15 տարեկան է եւ հեշտութեամբ մտերմացած է հասակակիցներունհետ. միասին իջած են բակ` խաղալու, լողաւազան գացած են:
Հարցին, թէ ինչպէս կը բնութագրէ երիտասարդներուն, Վերա Քալաշեան ըսաւ, որ Արման-Օննիկը ժպտադէմ, պայծառ տղայ է, հիացած է անոր` Հայաստանի, հայ ժողովուրդի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնով, խելացի մտածելակերպով, իսկ Դանիէլը քիչ մը ներփակ, ամչկոտ անձնաւորութիւն եղած է, բայց բոլոր նպաստաւոր պայմանները ստեղծած են, որ ան եւս մտերմանայ ընտանիքին հետ: Ծրագիրի աւարտէն ետք մշտական կապի մէջ կը գտնուին:
Դանիէլն ու Արման-Օննիկը շատ գոհ մնացած են «Արի տուն» ծրագիրէն: Ամէն առաւօտ ոգեւորութեամբ արթնցած են եւ ուրախ-զուարթ շրջագայութիւններու գացած, իսկ տուն վերադառնալով` ընտանիքի անդամներուն հետ կիսուած են իրենց տպաւորութիւններով, թէ ինչ տեսարժան վայրեր այցելած են ու ինչպիսի մարդոց հանդիպած: Աննկարագրելի եղած է անոնց ուրախութիւնը Ծաղկաձորի մէջ անցուցած ճամբարային օրերը, որոնց նաեւ տիկին Վերայի թոռնիկը մասնակցած է: Այդ 4 օրերուն ընթացքին տղաներն աւելի կապուած են իրար եւ հրաժեշտի ժամանակ մեծ դժուարութեամբ, արցունքոտ աչքերով բաժնուած:
«Սփիւռքահայ այն երիտասարդները, որոնք կը ցանկան Հայաստան գալ` մօտէն ծանօթանալու հայրենիքի աւանդոյթներուն, շփուելու հայրենակիցներուն հետ, տեսնելու պատմամշակութային վայրերն ու չհեռանալու իրենց արմատներէն, ապա անպայման պէտք է մասնակցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին, որ այդ ամէնուն հասնելու բոլոր հնարաւորութիւնները կու տայ»,-զրոյցն ամփոփեց Վերա Քալաշեան:
Գէորգ Չիչեան