Ամերիկայի Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան Հայաստանեան Ներկայացուցչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Մարտ 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ամերիկայի իրաւաբաններու ընկերակցութեան (ABA/ROLY) հայաստանեան ներկայացուցչութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Ամերիկայի իրաւաբաններու ընկերակցութեան (ABA/ROLY) Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով ծրագիրի պատասխանատու Էփրիլ Հիւկոն, հայաստանեան ներկայացուցչութեան փոխտնօրէն Յասմիկ Յակոբեան, հայաստանեան ներկայացուցչութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրի օգնական Ելէնա Եարմոլեան:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց կազմակերպութեան ուշադրութիւնը եւ աջակցութիւնը սուրիահայերու իրաւական հարցերու լուծման, ինչպէս նաեւ նախարարութեան հետ աշխոյժ գործընկերութիւնը ու սերտ համագործակցութիւնը:
Նախարարը ներկայացուց սուրիահայերուn հետ տարուող աշխատանքի առանձնայատկութիւնները, փորձը եւ արդիւնքները: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ի հարկէ իրաւունքներն իմանալը շատ կարեւոր է ապրելու եւ աշխատելու համար:
Փախստականներու հարցը միշտ ալ խնդրահարոյց է: Սակայն Հայաստանում այդ առումով որոշակի կայունութիւն կայ, որովհետեւ նրանք հիմնականում սիրիահայեր են, ովքեր Հայաստանում իբրեւ փախստական չեն ընկալւում, նրանք իրենց Հայրենիքում են: Բայց յատկապէս նոր եկածները մեր օրէնսդրութեան իմացութեան կարիքն ունեն: իրաւաբանական խորհրդատուութիւն ստանալու համար շատերն են դիմում:
Էփրիլ Հիւկոն շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար պատրաստակամութիւն յայտնեց համագործակցելու նախարարութեան հետ, օժանդակելու փախստականներուն իրաւական հարցերու մէջ, աջակցելու Հայաստանի մէջ սուրիահայերու ընդելուզման, անոնց խնդիրները համակարգելու, ատոնց լուծման նպաստելու ուղղութեամբ տարուող ծրագիրներուն:
Յասմիկ Յակոբեան նշեց, որ Ամերիկայի իրաւաբաններու ընկերակցութեան հայաստանեան գրասենեակը նոյնպէս կ’աշխատի սուրիահայերու իրաւական խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ, նշեց քանի մը հարցեր, որոնք համատեղ կարգաւորման կարիքը ունին եւ յոյս յայտնեց, որ համագործակցութիւնը նախարարութեան եւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնին հետ պիտի շարունակուի: