Հայու Տեսակը. Եուրի Պետրոսեան

Քարը կեանք կը ստանայ, ու թռիչքի պահուն քարացած վայրկեանին կ´անմահանայ դարերով: Կ´երգէ  քարը: Կը խօսի, կը պատմէ իմ ու քու պատմութիւնը:Մեր երազներն ու մտքերը նիւթին կը փոխանցուին ու մէկ անգամ եւս կը հաւաստեն, որ հայու տեսակն արարող է, կերտող,  անսահման բարի ու իր մեծութեան, տաղանդի  բազմապատիկ չափով` համեստ:

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը ՀՀ վաստակաւոր նկարիչ, քանդակագործ Եուրի Պետրոսեանն է:

Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ  սկսած էք նկարել, քանդակել: Ձեր ուսումնառութիւնն ու առաջին քայլերն արուեստի աշխարհին մէջ:

-Սէրը դէպի նկարչութիւն մանուկ հասակէս է: Երրորդ-չորրորդ դասարանէն կը նկարեմ: Սկզբնական շրջանին աւելի շատ զբաղուած եմ արտանկարչութեամբ: Առաջին քանդակս հետաքրքիր, տխուր պատմութիւն  ունեցած է: Պատի ծեփէն փոքր պարելէֆ  քանդակած էի, կախած լուացարանի հատուածին վրայ: Առաւօտեան, երբ արթնցայ, քանդակը չկար` ինկած էր  ջուրով լեցուն դոյլին մէջ ու հալած: Ատիկա մէջս  շարունակելու, կրկին քանդակելու ցանկութիւն արթնցրուց:

Մէկ տարի յաճախեցի քաղաքային «Պիոներ պալատ»-ի քանդակագործական խմբակ: Քանդակի «Այբուբենը» սորվելէ ետք ` ընդունուեցայ Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարան: Թէ՛ իմ, թէ՛ համադասարանցիներուս սէրն ու նուիրուածութիւնը արուեստին շատ խոր էր. Կ´աշխատէինք համարեայ ամբողջ օրը, դասերէն յետոյ այգիներու մէջ ճեպանկար կ´ընէինք, մթնշաղին նոր տուն կ´երթայինք` անհամբեր սպասելով յաջորդ օրուան մասնագիտական դասերուն: Ուսուցիչս  քանդակագործ Սուրէն Նազարեանն էր /Գայի արձանի հեղինակը/:

 Ուսումնարանը  աւարտելէ յետոյ ընդունուեցայ Երեւանի պետական գեղարուեստա-թատերական ինստիտուտի քանդակի բաժինը: Մեզի կը դասաւանդէր քանդակագործ, Գեղարուեստի ինստիտուտի հիմնադիր Արա Սարգսեան:

Սուրէն Նազարեանն ու Արա Սարգսեանը մէջս սերմանեցին սէր դէպի արուեստն ու քանդակագործութիւնը:

Ինչ է՞ քանդակը Ձեզի  համար, ինչը կը ներշնչէ Եուրի Պետրոսեան` քանդակագործը:

– Քանդակն ինծի համար ապրելակերպ է, որմով ես կ´ապրիմ, կը շնչեմ. իմ ամբողջ կեանքս է: Չեմ պատկերացներ ինքզինքս որեւէ այլ բնագաւառի մէջ: Նաեւ կը նկարեմ, գրաֆիկական աշխատանքներ կը կատարեմ:

Բնութիւնը  մեծ դպրոց մըն է: Նայելու, տեսնելու, զգալու եւ վերարտադրելու համար մեծ հնարաւորութիւն կու տայ. ամէն տերեւէն, ճիւղէն կարելի է ուսանիլ: Մեր սարերը, քարերը, ժայռերն  արդէն իսկ բնութեան կերտած հրաշալի քանդակներ են, նայելով ատոնց դուն կրնաս շատ բան վերցնել ու սորվիլ:

1965թ.-էն կը  մասնակցիք ցուցահանդէսներու թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ արտերկրի մէջ: Ո՛ւր  ցուցադրուած են Ձեր աշխատանքները, ե՞րբ եւ ո՞ւր կազմակերպած էք անհատական ցուցահանդէսներ:

-1965թ.-ին Հայաստանի հանրապետական երիտասարդական ցուցահանդէսին արժանացայ արծաթէ մետալի: Աշխատանքներս ցուցադրուած են Մոսկուայի, Գանատայի մէջ` 1969թ. :1976թ.-ին մասնակցեցայ Սլովաքիոյ Ռուժպախ քաղաքին մէջ իրականացուող քանդակի միջազգային ժողովին: Երկու ամիս տեւած աշխատանքի արդիւնքով ծնաւ «Կենաց ծառը»: Քանդակը տեղադրուած է Ռուժպախի մշտական բացօթեայ ցուցահանդէսին: 1992թ. աշխատանքներս ցուցադրուած են Փարիզի Կրանտ Փալէ ցուցասրահին մէջ: 2004թ. Գերմանիոյ Դաշնութեան Պրեմեն քաղաքին մէջ տեղադրուած է հեղինակածս երկուքուկէս մեթր բարձրութեամբ  պրոնզէ քանդակը:

Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած եմ Երեւանի մէջ`1992 եւ 2012 թուականներուն, Ռիկայի մէջ` 1989թ.:

Աշխատանքներս ցուցադրուած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին եւ անոր մասնաճիւղերուն մէջ,Մոսկուայի Տրետեակովեան պատկերասրահին, Արեւելքի ժողովուրդներու արուեստի  պետական թանգարանին մէջ:

Ձեր քանդակները տեղադրուած են Երեւանի սրտին մէջ, վաղուց ձուլուած են քաղաքի կերպարին ու դարձած քաղաքի դիմագիծի մէկ մասը: Ա. Խաչատրեանի, Յովհ. Այվազովսկիի արձաններու հեղինակն էք: Եր՞բ տեղադրուած է Ձեր առաջին քանդակը Երեւանի  մէջ, ուրիշ ի՞նչ հեղինակային գործեր ունիք, որոնք տեղադրուած են մայրաքաղաքին կամ Հայաստանի այլ վայրերու մէջ:

–Երեւանի մէջ տեղադրուած քանդակներէս առաջինը Կենաց ծառն է` տուֆակերտ քանդակ, որ տեղադրուած է Ռոսիա կինոթատրոնի հարեւանութեամբ` 1973-74թթ, յետագային տեղափոխուած է ուրիշ տեղ:

Մոսկուա թատրոնի շէնքի ճակատային մասին մէջ երկու պրոնզաձոյլ պարելէֆներ` Սայաթ-Նովա, միւսը`թատրոնին նուիրուած թեմաներով:

Մասնակցած եմ Արամ Խաչատրեանի յուշարձանին համար  իրականացուող մրցոյթին: Մրցոյթը փուլերով  տեղի կ´ունենար, չորրորդ փուլին արժանացայ առաջին մրցանակի: Այդուհանդերձ, երկար ժամանակ քանդակը չէր տեղադրուեր` պետութիւնը միջոցներ չունէր ծրագիրն աւարտին հասցնելու համար: Միայն 1999թ.-ին բարերար Սենիկ Գէորգեանի հովանաւորութեամբ արձանը տեղադրուեցաւ «Արամ Խաչատրեան» մեծ համերգասրահի մուտքին մօտ:

Յովհաննէս Այվազովսկիի յուշարձանին համար տեղի ունեցող մրցոյթին առաջին իսկ փուլին արժանացայ առաջին մրցանակին` կառուցման իրաւունքով: 2003թ.-ին Մոսկովեան փողոցին վրայ` Կամերային տան հարեւանութեամբ, տեղադրուեցաւ Յովհ. Այվազովսկիի արձանը` նոյն բարերարի հովանաւորութեամբ:

Ինծի համար մեծ պատիւ է ու հպարտութիւն,  որ հայազգի երկու մեծերու, հանճարներու յուշարձաններուն  հեղինակն եմ:

2004թ. Բիւզանդի փողոցին մէջ` Պրոմեթէյ դրամատան շէնքին առջեւ, տեղադրուած է «Զարթօնք» յուշարձանը: 2010թ. Հերացիի հրապարակին վրայ տեղադրուեցաւ 12-րդ դարու հայ մեծանուն գիտնական,  բժիշկ Մխիթար Հերացիի կիսանդրին:

Մեծածաւալ հարթաքանդակներէն կրնամ նշել  Գիւմրիի մէջ` Վարդան Աճեմեանի անուան թատրոնի շքամուտքի աջ եւ ձախ կողմերու տուֆակերտ հարթաքանդակները:

Ին՛չ է Երեւանը Ձեզի համար: Մերօրեայ Երեւանի մէջ ի՞նչը կը գոհացնէ, ի՞նչը կ´անհանգստացնէ կամ անընդունելի է Եուրի Պետրոսեան մարդուն, քաղաքացիին, արուեստագէտին համար: Ձեր կարծիքն այսօրուան քաղաքաշինական, ճարտարապետական լուծումներու, քաղաքի կեդրոնին մէջ տեղադրուած նոր արձաններու ու արձանախումբերու մասին:

-Չեմ ուզեր առանձնացնել, նշել անուններ: Ի հարկէ՛, կան յաջողուած քանդակներ, յուշարձաններ եւ՛ անցեալին, եւ՛ վերջերս տեղադրուած, որոնք կը գեղեցկացնեն մեր քաղաքը, դարձնելով քաղաք –թանգարանի: Ինչ կը վերաբերի ճարտարապետական նորակառոյց շէնքերուն` ատոնց մէջ ալ կան բարձր  կառոյցներ, բայց ոչ բոլոր պարագաներուն ատոնք իրենց տեղը  կառուցուած են` խաթարելով ընդհանուր ճարտարապետական միջավայրը: Ատիկա ցաւալի է, անշուշտ:

Երեւան իմ ծննադավայրս է, իմ հարազատ քաղաքս, չեմ պատկերացներ, որ կը կարենայի  ապրիլ այլ վայրի մէջ: Եթէ համեմատենք հին Երեւանի հետ, շատ բան փոխուած է: Ցաւօք, պակսած է մեր քաղաքի ջերմութիւնը, մարդկային ջերմութիւնը` մէկը միւսին հանդէպ:

Ունիք ինչպէս մեծածաւալ, հոյակապ  քանդակներ, այնպէս ալ փոքր ծաւալի քանդակներ: Ըստ Ձեզի  ո՞ւր  աւելի լաւ բացայայտուած է, մարմնաւորուած Ձեր ստեղծագործական միտքը:

–Իմ արուեստանոցիս մէջ շատ են փոքր ծաւալի քանդակները, ատոնց յաճախ կ´անուանեն մանրաքանդակներ: Իրականութեան մէջ ատոնք գաղափարներ են, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնար ըլլալ մեծ չափերու մէջ եւ գեղեցկացնել քաղաքի պուրակները, այգիները: Երազանքս է, որ օր մը այդ քանդակներն աւելի մեծ ծաւալներու մէջ  զարդարեն մեր քաղաքի որեւէ անկիւնը:

Կը նկարազարդէք ձեւաւորուած ափսէներ: Եր՞բ յառաջացաւ սէրը դէպի արուեստի այս ճիւղը:

-1967թ.-ին առաջին անգամ այցելեցի Լաթվիա: Երկու ամիս տեւող համամիութենական հաւաքներուն կու գային տարբեր հանրապետութիւններէ նկարիչներ, քանդակագործներ: Առաջին փորձերս այնտեղ  կատարած եմ: Սկիզբը իմ ափսէներս զարդարուած էին հարթաքանդակներով, այժմ աւելի գեղանկարչական, գունային մօտեցումներով  կ´արտայայտեմ իմ գաղափարներս:

Երջանիկ ժամանակակիցն էք հայ մեծանուն արուեստագէտներու: Ին՞չ յիշողութիւններ ունիք Ձեր արուեստագէտ ընկերներուն հետ կապուած, որուն կ´առանձնացնէիք:

-Հպարտութեամբ պիտի նշեմ, որ ունիմ շատ տաղանդաւոր արուեստագէտ ընկերներ:Մեծ արուեստագէտ, քանդակագործ Արա Շիրազն իմ մանկութեան ընկերս է, միասին  սկսած ենք մեր ուղին, մեր ընկերութիւնը  ամբողջ կեանք մը տեւած է, ցաւօք, երեք տարի է ան մեզի հետ չի: Իմ սերունդակիցներէս են քանդակագործներ` Հրանդ Յովսէփեանը, Երուանդ Գոջաբաշեանը, նկարիչներ` Ռոբերտ Էլիբեկեանը, Էդուարդ Խարազեանը, Ռուբէն Ադալեանը:

Ին՞չ խնդիրներ ունի այսօր հայ, հայաստանաբնակ քանդակագործը, արդեօ՞ք պահանջուած մասնագիտութիւն է մեր օրերուն: Այսօր կա՞ն պետական հովանաւորութեամբ կազմակերպուող ցուցահանդէսներ, մրցոյթներ, որոնք կը բացայայտեն նոր անուններ:

-Քանդակագործութիւնը թանկ արուեստ է` կապուած է բազմաթիւ նիւթերու հետ: Արուեստագէտն ի վիճակի չէ իր բոլոր գաղափարները վերածելու քարի կամ պրոնզի: Անհրաժեշտ է պետական մօտեցում, պետական հովանաւորութիւն: Ատոր կարիքն այսօր կը զգայ մեր ամբողջ կերպարուեստը: Երբեմն կը կազմակերպուին մրցանակաբաշխութիւններ անհատ բարերարներու կամ կազմակերպութիւններու կողմէ, սակայն  ատիկա  հարցին լուծում չէ: Այսօր քանդակագործը կ´աշխատի հիմնականին մէջ մասնաւոր պատուիրատուի համար: Կը կարծեմ` պիտի ըլլայ պետական ֆինանսաւորում, ինչպէս ատիկա կ´ըլլար Խորհրդային տարիներուն:

Ձեւաւորուած է երիտասարդ նկարիչներու, քանդակագործներու նոր սերունդ:Այսօր արդեօք ունի՞նք ներկայանալի արուեստագէտներ, որոնք աշխարհին կը ներկայացնեն հայ արուեստն ու մշակոյթը:

-Այսօր շատ տաղանդաւոր գեղանկարիչներ ու քանդակագործներ կան, որոնք Հայաստանի կամ արտերկրի մէջ կը  ներկայացնեն իրենց աշխատանքները, կը մասնակցին միջազգային ցուցահանդէսներու: Միանշանակ կը կարծեմ, որ հայ կերպարուեստը կը փոխանցենք տաղանդաւոր, երիտասարդ արուեստագէտներու:

Դուք Ձեզ  կը համարէ՞ք  երջանիկ մարդ, երջանկութիւնը` Եուրի Պետրոսեանի ձեւակերպմամբ:

-Երջանիկ եմ, որ ունիմ լաւ ընտանիք, հոյակապ բալիկներ, հոյակապ  թոռնիկներ, լաւ ընկերներ:

Զրուցեց Աղաւնի Գրիգորեան

%d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b6%d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b61 %d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b63%d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b63 %d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b64%d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b65%d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b67 %d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b68%d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b69%d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b610 %d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b611 %d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b612 %d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b613 %d5%b5%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b614

 

Scroll Up