«Հայրենիքը Իմ Կեանքիս Առանցքը Եղած Է Միշտ» Շաքէ Արծիւեան

Հայրենիքի մէջ հաստատուած շատ սփիւռքահայեր կը շարունակեն իրենց հայրենանուէր գործունէութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ. անոնց համար ի շահ Հայրենիքի ու հայրենակիցներու  եղած ամէն մէկ աշխատանք մտքի, հոգիի եւ սրտի ներդաշնակութեան  իւրօրինակ նուիրում է: Այդպիսի նուիրեալ հայուհիի մը` 2011-ին Իրաքէն  հայրենադարձուած հրաշալի մտաւորականի`  Շաքէ Արծիւեանի  հետ ալ ծաւալեցաւ «Հայերն այսօր»-ի համար իմ հարցազրոյցս:

Տիկի՛ն Արծիւեան,  ծանօթանալով Ձեր բազմաբովանդակ  կենսագրութեան, զարմացած եմ  Ձեր անցած ճանապարհներու ծաւալուն,  հայրենանուէր գործունէութեամբ. դժուար չէ՞ր ընտանիք ունենալով հանդերձ՝ այդքան շատ բազմազբաղ ըլլալ :

Կանուխէն հետաքրքրուած եղած եմ հայութեամբ եւ հայրենիքով, անոր արժէքներով, անոր պատմութեամբ, փայլուն ու ցաւալի:  Քաջալերուած եմ ծնողքէս ու յետագային՝ ամուսինէս:  Երբեմն դժուար  էր այդ բոլոր հետաքրքրութիւններուս գոհացում տալ, սակայն ուժեղ կամքով եւ նուիրուածութեամբ, կարողացած եմ ընդհանրապէս հասնիլ հետաքրքրութիւններուս բաւարարացման, որովհետեւ անոնք ինծի հոգեկան եւ մտային գոհացում տուած են եւ ես զգացած եմ որ կեանքս արժէք ունի, որմէ կրնամ բաժին հանել նոր սերունդին, իմ շրջապատիս, եւայլն: 

-Ուսանած էք Պաղտատի համալսարանին մէջ, մասնագիտացած անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան գիծով, ստացած մագիստրոսի կոչում, դասագիրք գրած,  դասաւանդած, անգլերէն լեզուով  կատարած  շարք մը ուսումնասիրութիւններ, ասմունքած , բանախօս եղած, անդամկցած Իրաքի հայ տիկնանց մշակութային միութեան, իսկ 1982-էն մինչև 2011 եղած  այդ միութեան ատենապետուհին. այս բոլոր  աշխատանքներէն ո՞ր մէկը   ամէնէն  հոգեհարազատը եղած է Ձեզի համար:

Իմ բոլոր հետաքրքրութիւններուս ես մօտէն կապուած եղած եմ եւ մեծ սիրով անոնց գոհացում տալ ջանացած:  Թերեւս Տիկնանց Մշակութային Միութիւնը ամենէն շատ զիս ոգեւորած է, որովհետեւ հաւատացած եմ որ հայ ընկերութեան զարգացման կեդրոնը հայ կինն է, որուն մտային եւ հոգեկան մակարդակը բարձրացնելը հայութեան լուսաւոր ապագայի գրաւականն է:

-Պատուարժա՛ն հայուհի, Դուք նաեւ Իրաքահայ  թեմի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ հաւաքի հիմնադիրը եղած էք,  հայոց լեզու  դասաւանդած. կարծեմ՝ այդ  դպրոցն այսօր չի գործեր, ի՞նչն է հիմնական պատճառը

Ազգային Վարժարանը տարիներ փորձած է Իրաքի հեռաւոր գաղութին մէջ սերմանել հայ լեզուի իմացութիւն, հայոց պատմութեան եւ կրօնի ճանաչում եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի ճանաչում:  1974-ին երբ ազգային եւ մասնաւոր դպրոցները Իրաքի մէջ պետականացուեցան, գաղութի զաւակները զրկուեցան այս բոլորէն:  Առաջնորդ Սրբազան Հօր յղացմամբ Կիրակնօրեայ Հաւաք մը ստեղծելը լաւագոյն լուծումն էր այս ցաւալի վիճակին:  Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային Միութիւնը ստանձնեց այս հսկայ գործը եւ ծրագիր մշակելով անցաւ նպատակի իրականացման:  Ձեռնարկը շատ յաջող էր, ժամանակի ընթացքին աշակերտութեան թիւը (նախնական օրերու 25-էն) բարձրացաւ շուրջ 400-ի եւ երեխաներու հայերէն եւ հայեցի գիտելիքներու մակարդակը զգալիօրէն բարձրացաւ:

Դժբախտաբար 2003-ի պատերազմէն յետոյ, 17 տարուան բեղուն գործունէութենէն ետք Կիրակնօրեան դադրեցաւ գործելէ երկրին մէջ տիրող ահաւոր անապահովութեան պատճառաւ եւ անոր որպէս արդիւնք, հայութեան զանգուածային արտագաղթով:

-Ե՞րբ  տեղափոխուած էք Հայաստան եւ ի՞նչ  աշխատանքով  զբաղուած  էք այժմ:

Հայաստան փոխադրուած եմ 2011-ին (Պաղտատի Համալսարանէն թոշակի անցնելէն ետք):  Մասնաւոր աշխատանք չունիմ:  Անդամագրուած եմ Հ.Օ.Մ.-ին, որուն Արաբկիրի «Մգրո» մասնաճիւղին ատենապետուհին եմ:

-Ի՞նչ պարգեւներու  արժանացած էք տարիներու՝ Ձեր հայրենանուէր գործունէութեան համար եւ ի՞նչ խուրհուրդ ունին ատոնք Ձեզի համար:

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հաստատութեան սան եղած եմ երկրորդական վարժարանին մէջ: Գերազանցութեամբ   աւարտած եմ  Պաղտատի Համալսարանի անգլերէն բաժինը, ուսումս շարունակած եմ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հաստատութեան հաշուին:  A.U.B.-ի մէջ Մագիստրոսի ուսումնասիրութիւնս պաշտպանած եմ գերազանց կերպով, եղած եմ  A.U.B.-ի անգլերէն բաժնի մէջ graduate assistant: Վեհափառ Հայրապետին կողմէ պարգեւատրուած եմ «Սահակ-Մեսրոպ» կոնդակ շքանշանով:

Այս պարգեւները խթան հանդիսացած են ինծի աւելի մեծ ոգեւորութեամբ եւ նուիրուածութեամբ շարունակելու ազգային գործունէութիւնս մինչեւ կեանքիս վերջը:

 Ահա եւ այն ամէնը, որ ես կը համարեմ ճակատագիրէն ստացած պարգեւներ, որոնք խթան հանդիսացած են ինծի աւելի մեծ ոգեւորութեամբ եւ նուիրուածութեամբ շարունակելու ազգային գործունէութիւնս մինչեւ կեանքիս վերջը:

Տիկի՛ն Արծիւեան, ի՞նչ   է Ձեզի  համար Հայրենիքը, Հայաստան ըսելնուդ` ի՞նչ  զգացումներ կը համակեն Ձեզ:

Հայրենիքը իմ կեանքիս առանցքը եղած է միշտ ու զայն սիրելը, անոր ծառայելը՝ բացարձակ արժէք ու նպատակ:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

 

 

Scroll Up