Սուրիոյ ՄԷջ Խուճապային Տրամադրութիւնները Արհեստածին Են. Լեւոն Անտոնեան (տեսանիւթ)

Վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ, մասնաւորապէս` Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակը անհանգստութեան ալիք  բարձրացուցած է հայկական միջավայրին մէջ: Սեպտեմբեր 30-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծած էին Հալէպի Նոր գիւղ եւ Վիլլաներ հայաշատ թաղամասերը, որուն արդիւքով, ցաւօք սրտի, ունեցանք հայ զոհեր ու վիրաւորներ:

Այս կապակցութեամբ Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին մասին մամուլի մէջ յայտնուեցան տարաբնոյթ յօդուածներ ու մեկնաբանութիւններ` ոչ ստոյգ եւ խուճապային տրամադրութիւններով:

Հաւաստի տեղեկութիւններ ընթերցողներուն փոխանցելու համար` «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ միջին արեւելքի երկիրներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեանի հետ, որ օրերս Հայաստանէն Սուրիոյ ժողովուրդին ուղղուած մարդասիրական օգնութիւնը փոխանցող պատուիրակութեան կազմին հետ մեկնած էր Սուրիա:

Մանրամասները` «Հայերն այսօր»-ի տեսազրոյցին մէջ:

Scroll Up