«Մարդոց Օգտակար Ըլլալու Համար` Բժշկութիւն Ընտրեցի».Դանիէլ Սթամպուլեան

Մայիս 31-էն Յունիս 2 Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ պիտի  կայանայ հայ բժիշկներու միջազգային 12-րդ համագումարը, որ պիտի նախագահէ արժանթինահայ ակնառու բժիշկ, վարակաբան Դանիէլ Սթամպուլեան:

Հայաստանի  եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ բժիշկներն առաջին անգամ մէկտեղուելով Հարաւային Ամերիկայի մէջ` հերթական անգամ պիտի քննարկեն առողջապահական կարեւոր հարցեր, հանդէս պիտի գան նորարարական առաջարկներով:

«Հայերն այսօր»-ը Դանիէլ Սթամպուլեանի հետ զրուցած է համաժողովին առնչուող եւ այլեւայլ հարցերու շուրջ:

 –Պարո՛ն Սթամպուլեան, նախ անդրադառնանք Ձեր արմատներուն: Ուրկէ՞ կը սերիք  Դուք:

-Նախնիներս Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ քաղաքէն  եղած են: Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածի թոռ եմ: Պապս մահացած է 1915 թուականին թուրքերու իրագործած Ցեղասպանութեան ժամանակ, իսկ 13-ամեայ հայրս բախտի բերմամբ  փրկուած ու հասած է Լիբանան, յետոյ` Սուրիա, ուրկէ ալ 1925 թուականին հաստատուած է Արժանթինի մէջ:

Հանդիպելով մօրս` ամուսնացած են, եւ 1938 թուականին ես ծնած եմ: Երկու քոյր ունիմ` Լիտիան ու Քրիստինէն: Լիտիան մահացած է, իսկ Քրիստինէն մեր հիմնադրամին մէջ կ´աշխատի:

Ինչու՞ ընտրեցիք բժշկութիւնը, ինչպէ՞ս գրաւեց Ձեզ այս մասնագիտութիւ նը:

-Բժշկութիւն  ընտրեցի, քանի որ այս մասնագիտութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ օգտակար ըլլալու  մարդոց, իսկ ես նախանձախնդիր եմ այս հարցով:

Բժշկական գործունէութիւնը սկսած եմ մանկաբուժութեամբ զբաղուելով, յետոյ Լոս Անճելըս գացի` ուսանելու եւ ուսումնասիրելու վարակաբանութիւն:

Հիմնելով տարրալուծարան`  շարք մը  վարակիչ հիւանդութիւններէ մարդոց պաշտպանելու համար պատուաստումներ կ´ընենք: Ի դէպ, մեր տարրալուծարանը իր յագեցուած սարքաւորումներով, արհեստավարժ բուժանձնակազմով Հարաւային Ամերիկայի ամենալաւ 12 տարրալուծարաններէն  մէկը կը համարուի:

Միշտ աշխատած եմ 1983 թուականին իմ  հիմնած «FUNCEL»  առողջական կազմակերպութեան մէջ, իսկ վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ պայքարի  «FIDEC» հիմնադրամը ստեղծած եմ 2008 թուականին:

Ամբողջ տարիներուն ընթացքին միշտ մտածած եմ աշխատանքի մէջ հասած յաջողութիւններս ծառայեցնել նաեւ Հայաստանին, օգտակար ըլլալ հայ ժողովուրդին` փորձելով ինչ-որ կերպ ներդրում ունենալ մեր երկրի զարգացման: Այդ նպատակով ալ Հայաստանի մէջ բացի «FIDEC ARMENIA» մասնաճիւղը:

Առողջական կազմակերպութիւնը կը հոգայ նաեւ այն հայերու առողջական խնդիրները, որոնք Հայաստանի մէջ  կ´աշխատին արժանթինաբնակ բարերար Էտուարտօ Էրնեկեանի հիմնած «Կարաս» գինիի գործարանի այգիներուն մէջ: Մեր ուշադրութենէն չէ վրիպած նաեւ Տաւուշի մարզի բնակչութիւնը:

Յաճախ կուգաք Հայաստա՞ն: Ինչ կարծիք ունիք Հայաստանի մէջ առողջապահական ոլորտին մասի՞ն,  որ ճիւղերը յատկապէս զարգացա՞ծ են:

-Պարբերաբար այցելելով Հայաստան` մենք նկատեցինք, որ վերջին տարիներուն առողջապահական շատ հարցեր, յատկապէս` մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման հետ կապուած, բարելաւուած են: Սակայն այսօր Հայաստանի համար կը շարունակեն խնդիր մնալ սրտանօթային հիւանդութիւնները, թոքերու քաղցկեղը (հաշուի առնելով ծխողներու մեծ թիւը):

Ի վերջոյ, մեր ցանկութիւնն է գիւղական բնակավայրերուն մէջ բարձրացնել առողջապահական խնամքի որակը, որն առաւել ներդրումներ կատարելու կարիք ունի:

Այդ ուղղութեամբ օգտագործելով փորձագէտ Ռոպերթ Ստեփանեանի Telemedicine առողջապահական ծրագիրը` մենք կրնանք  հեռախօսներու, թուային այլ գործիքներու միջոցով Երեւանէն համագործակցիլ Հայաստանի տարբեր քաղաքներու հետ եւ օգտակար ըլլալ  մարդոց:

Պարոն Սթամպուլեան այս տարի պիտի  նախագահէք Պուէնոս Այրէսի մէջ կայանալիք հայ բժիշկներու 12-րդ միջազգային համագումարը՛:  Որն է ձեր կոչը համագումարի մասնակիցներո՞ւն:

-Հայ բժիշկներու միջազգային 12-րդ համագումարը (AMWC) կը կայանայ Մայիս 31-էն Յունիս 2: Այս համաժողովը կարեւոր առաքելութիւն ունի` միաւորելու համայն աշխարհի հայ բժշկական ներուժը, զարգացնելու հայրենիքի առողջապահական համակարգը: Առաջին համագումարը կայացած է Պէյրութ` 1974 թուականին, սփիւռքահայ բժիշկներու նախաձեռնութեամբ: Համաժողովը կը կազմակերպուի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ` 4 տարին անգամ մը:

Նկատած եմ, որ վերջին տարիներուն համագումարներու ուղղուածութիւնը նորարարական մօտեցումներով դարձած է աւելի շատ գիտական` ծառայելով ոչ միայն մասնագէտներու կատարելագործման, այլեւ` ամբողջ աշխարհի հայկական առողջապահական համայնքին համար կը դառնայ ոլորտին մէջ միջազգային նորութիւններու, ձեռքբերումներու եւ նորացուած մօտեցումներու տեղեկատուական հարթակ:

Պուէնոս Այրէսի մէջ կայանալիք 12-րդ համագումարի նշանաբանն է` «Առողջութիւնը խթանելու, ամբողջացնելու եւ նորամուծութեան մարտահրաւէրներ»:

Աշխարհի հայ բժիշկներուն եւ բուժքոյրերուն կոչ կ´ընեմ օգտուելու ընձեռուած հնարաւորութենէն եւ այցելելու Պուէնոս Այրէս` լրացնելու գիտելիքները, փորձի փոխանակում կատարելու եւ համատեղ քննարկելու Հայաստանի առողջապահական համակարգի մարտահրաւէրները եւ ատոնց յաղթահարման ուղիները: Կը կարծեմ` համաժողովը եզակի առիթ է յատկապէս Հայաստանի բժիշկներուն համար` ծանօթանալու աշխարհի ճանչցուած հայ բժիշկներուն, անոնց հետ ոլորտին առնչուող հարցեր քննարկելու եւ յետագայ համագործակցութիւնը  ամրապնդելու ուղղութեամբ, որ, յիրաւի, կը խթանէ Հայաստանի առողջապահական ոլորտի յառաջընթացին: Սա է համաժողովի հիմնական նշանակութիւնը:

Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի

Յ.Գ.- Շնորհակալութիւն արժանթինաբնակ երաժիշտ Գագիկ Գասպարեանին` հարցազրոյցը կազմակերպելուն աջակցելու  համար:

 

 

Scroll Up