«Մեր Սէրը Գարնան Թաւիշ Կը Խորհրդանշէ».Տիգրան Ներսիսեան
Համաձայնինք, որ ծննդեան տարեդարձները մեզի միշտ խորհելու առիթ կու տան: Ատոնք կարծես մեր ապրած տարիներու արտացոլքը ըլլան. յուշերու գիրկը իյնալով` կը մտածենք ըրած-չըրած գործերու, անցած-գացած օրերու մասին, որոնք այլեւս ետ չենք բերեր:
Մարտ 31-ին Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կեանքի իւրօրինակ ինքնահաշուետութիւն ներկայացուց ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտներ Տիգրան Ներսիսեան ու Նելլիի Խէրանեան զոյգը, որոնք այս տարի կը նշեն իրենց ծննդեան 50 եւ բեմական գործունէութեան 30-ամեակը:
Օրեր անց «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Տիգրան Ներսիսեան ո՛չ միայն ամփոփեց յոբելենական երեկոյէն ունեցած տպաւորութիւնները, այլեւ խօսեցաւ ընտանիքին, ստեղծագործական ուղիին առնչուող հարցերու շուրջ:
–Պարո՛ն Ներսիսեան, շատոնց կը նախապատրաստուէիք յոբելենական երեկոյին: Այդ օրուան մասին յիշարժան ի՞նչ դրուագներ կրնաք յիշել:
-Յոբելենական երեկոն նախատեսուած էր աւելի շուտ իրականացնել, սակայն փոքր-ինչ յետաձգուեցաւ. նախ Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի վերանորոգման եւ վերազինման աշխատանքներու աւարտին կը սպասէինք, յետոյ` «Պեպօ»-ի առաջնախաղին: Կը կարծեմ` յոբելենական երեկոն ջերմ ու անկեղծ մթնոլորտի մէջ անցաւ, որուն մասին կը վկայեն առ այսօր մեր ընկերներուն, հարազատներուն, թատրոնի աշխատակիցներուն եւ հանդիսատեսին կողմէ հնչող սրտաբուխ խօսքերը:
Շատ անսպասելի անակնկալներ ունեցանք, ինչպէս օրինակ` ՀՀ ժողովրդական արուեստագիտուհի Ժենիա Աւետիսեանի` իր բացակայութեամբ հանդերձ մեզի ողջունելն էր, մեր աղջիկներու պարային ֆլեշ-մոպը: Չնայած գիտէինք, որ անոնք այդպիսի նախաձեռնութեամբ հանդէս պիտի գային, բայց թէ ինչ տարբերակով պիտի ըլլար, այդ օրը միայն բացայայտեցինք: Հաճելի անակնկալներն ու դրուագները կը յաջորդէին մէկը միւսին, որոնք աւելի կը բարձրացնէին մեր տրամադրութիւնը:
–Եթէ հանրագումարի բերենք Ձեր համատեղ կեանքի 50 եւ բեմական գործունէութեան 30 տարիները, ապա ինչպիսի՞ պատկեր կ’ըլլայ:
-Դժուար է ինքնագնահատական տալ: Այս հարցի պատասխանը հանդիսատեսը կ’իմանայ, մեր արուեստի երկրպագուները, որոնց համար յոբելենական երեկոն կազմակերպուած էր: Այն իւրօրինակ հաշուետուութիւն էր: Հանդիսատեսը տեսաւ մեր անցած ճանապարհը, ծանօթացաւ կենսագրական էջերուն եւ նոյնիսկ այնպիսի տեղեկութիւններ իմացաւ, որոնք գուցէ առաջին անգամ կը լսէր:
Այդ օրը բարձրաձայնեցի, որ Շառլ Ազնաւուրը եւ մայրիկս հօրեղբօր թոռնիկներ են: Նախապէս այդ մասին միայն նեղ շրջանակներու մէջ խօսած եմ:
–Երիտասարդ տարիներէն արդէն մեծ համբաւ եւ ճանաչում ունեցած էք. հե՞շտ էր դիմանալ փառքին:
-Իմ պարագայիս բացասական ազդեցութեան տակ երբեք չեմ եղած այն պարզ պատճառով, որովհետեւ հօրս` հայ թատրոնի անուանի դերասան, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ Բաբգէն Ներսիսեանի կողմէ փառամոլութեան դրսեւորում երբեք չեմ տեսած: Ան հեղինակութիւն եղած է` մշտապէս արժանանալով հանդիսատեսի սիրոյն եւ ծափողջոյններուն, բայց երբեք բերկրաթմբիր (էյֆորիա) չէ ապրած:
Դրուագ մը յիշեցի. մայրիկս տարիներ առաջ եկած էր «Հին աստուածներ» ներկայացման առաջնախաղը դիտելու, որմէ յետոյ այլեւս չեկաւ, որովհետեւ ես չէի ուզեր: Տարիներ անց ան ըսաւ, որ կարօտցած է իմ ներկայացումներս դիտելուն եւ խնդրեց, որ մէկ անգամ եւս գայ: Ի հարկէ, համաձայնեցայ… Իսկ չէի ցանկար, որովհետեւ հարազատ մարդու մէկ խօսքը, մէկ բացականչութիւնը կրնայ խանգարել դերասանը:
Նոյն կերպ հայրս վարուած է. ան մեր գերդաստանին խստիւ արգիլած էր, որ բեմի վրայ իրեն ծաղիկներ նուիրէին կամ որեւէ բացականչութիւն հնչեցնէին դահլիճէն:
– Երբեք մտածա՞ծ էք` յայտնի ըլլալու համար ի՞նչ «գին վճարած էք»:
-Ոչ թէ յայտնի ըլլալու, այլեւ` իմ սիրած գործով զբաղուելու համար, այո՛, շատ թանկ վճարած եմ: Տարիներու վաստակած յաջողութիւնը ինծի երբեք հէնց այնպէս չէ տրուած:
Շատ պարագաներու մարդոց կողմէ ատիկա չի նկատուիր, անոնց կը թուի` ամէն ինչ սկուտեղի վրայ մեզի մատուցուած է, որ մեր կայնքը միայն ծափահարութիւններով եւ ծաղիկներով պարուրուած է: Սակայն այդ ամէնուն ետեւը տառապանք, անքուն գիշերներ, քրտինք, տաժանակիր օրեր, թիկունքէն չկամեցողներու հարուածներ թաքնուած են, հարուածներ, որոնք ինծի աւելի ուժ տուած են: Ճանապարհիս հանդիպած բոլոր չարակամ, նախանձ մարդոց` ըսած եմ, որ ի հեճուկս իրենց պահուածքին` նորանոր բարձունքներու պիտի հասնիմ, եւ հիմա շնորհակալ եմ անոնց:
Այդ ամէնուն գումարուած է նաեւ Աստուծոյ կողմէ տրուած շնորհը, որ լիարժէքօրէն ծառայեցուցած եմ մարդոց. եթէ այդ տաղանդը ներփակեմ իմ մէջս, այն մեղք գործելուն հաւասազօր եւ ոչ աստուածահաճոյ կ’ըլլայ:
Դերասանի գործը թատրոնին եւ հանդիսատեսին անվերապահօրէն նուիրուիլն է: Երբ փողոցին մէջ անծանօթը կը մօտենայ քեզի եւ շնորհակալութիւն յայտնելով` կը հեռանայ, արդէն ամէն ինչ ըսուած է: Շատ յաճախ չես ալ հասցներ հարցնել, թէ այդ շնորհակալութիւնը ինչու համար ըսուած էր:
–Գուշակեցիք իմ յաջորդ հարցս: Կ’ուզէի իմանալ, թէ ո՞րն է Ձեր եւ տիկին Նելլիի` ժողովուրդի համատարած սիրոյն եւ բարձր գնահատանքին արժանանալու գաղտնիքը:
-Երբեք պէտք չէ այդ մասին մտածել, յատկապէս` աշխատանքի պահուն, քանի որ այն քու մասնագիտութեանդ մէկ մասը կը կազմէ: Դերասանը հասարակութեան կողմէ պէտք է սիրուած ըլլայ, վայելէ անոնց յարգանքը, սակայն անով չէ պայմանաւորուած այն վերջնակէտը, որուն կը ձգտիս հասնիլ: Բեմին վրայ, թէ պաստառին` քու առաքելութիւնդ աշխատիլն ու արարելն է, իսկ մնացածը արդէն այդ ամէնուն հետեւանքներն են:
–Հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ տիկին Նելլին ըսած է, որ Ձեր մատը կծելով իր սէրը արտայայտած է: Հետաքրքիր է` այդ պահուն ի՞նչ զգացիք:
– Մատս կծելը Նելլիի կողմէ հոգիի պոռթկում էր: Այդ քայլը իմ մէջս յոյս ներշնչեց, որ ամէն ինչ աւելի քան լուրջ է: Մենք այդ ժամանակ շատ երիտասարդ էինք, կ’ապրէինք ուսանողական յախուռն կեանքով` վայելելով մեր երիտասարդութիւնը, որ մինչեւ այժմ հեքիաթի պէս կը յիշենք: Երկուստեք կը համակրէինք իրար, ես միանգամէն նկատած եմ Նելլին. անհնարին էր զինք չնկատել:
– Ձեր սիրոյ մէջ ո՞ր եղանակը կը գերիշխէ:
-Կը կարծեմ` մեր սիրոյ մէջ հէնց մեր ծննդեան` մայիս ամսուան եղանակը կը գերիշխէ (Տիգրան Ներսիսեան ծնած է մայիս 7-ին, Նելլի Խէրանեան`մայիս 10-ին-հեղ.): Այն գարնանային թաւշեայ իմ սիրելի եղանակն է, պանծալի յաղթանակներու ամիսը: Մեր սէրը բնորոշ է հէնց գարնան թաւիշ կանաչին: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ցուրտ ձմեռներ, աշնանային փոթորիկներ չեն նկատուիր, բայց այդ ամէնը կ’ամփոփուի մայիս ամսուան մէջ:
Առհասարակ, կը սիրեմ մայիս ամիսը, որն իր հետ բերկրանք ու հանդարտութիւն կը բերէ:
–Միասին անցուցած ամենաուրախ օրը ո՞րը եղած է:
-Միանգամէն մեր փոքր դուստր` Մանէի ծննդեան տասնամեակը յիշեցի: Շատ կ’ուզէինք անոր անմոռանալի ու յիշարժան օր պարգեւել: Եւ ատիկա իմ մանկութենէս կու գայ. այսօրուան պէս պարզ ու յստակ կը յիշեմ իմ տասնամեակս, թէ ինչ ուրախ մթնոլորտի մէջ անցաւ: Որոշած էի երեխայիս տարեդարձը ճիշդ իմ յոբելեանիս պէս նշել: Այդպէս ալ եղաւ. Մանէն երանութեան գիրկի մէջ էր` շրջապատուած սիրելի մարդոցմով եւ ընտանիքի անդամներով: Վստահ եմ, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին ան այդ օրը լուսաւոր յիշողութիւններով միայն պիտի յիշէ:
–Խօսինք Ձեր աղջիկներուն մասին:
-Անին ուսանած է Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական ինստիտուտը, բայց նախընտրեց մանկավարժութիւնը: Դասաւանդելու ձիրքը անոր մօտ ակնառու է: Նելլիի մայրն ալ ուսուցչուհի եղած է, գուցէ անոր արժանի յետնորդը կը դառնայ:
Իսկ Մանէն դեռ փոքր է, մասնագիտական ընտրութիւն չէ կատարած, բայց աշխոյժ երեխայ է, մեծ ոգեւորութեամբ «Թումօ» ստեղծարար արուեստաբանութիւններու կեդրոն կը յաճախէ, շատ ինքնակատարելագործմամբ կը զբաղուի:
–Տան երեք կանանց հետ հե՞շտ է «գլուխ հանել», անոնց նախասիրութիւններն ու քմահաճոյքները կատարել:
–Ի հարկէ, այդքան ալ հեշտ չէ. անոնք ինծմէ իրենց պահանջներն ու սպասելիքները ունին, որոնք պէտք է արդարացնեմ: Սէր կոչուածը ատիկա է, այն հէնց այնպէս չի տրուիր:
Կը կարծեմ, որ եթէ դուն քու սիրելիներուդ ուրախութիւն պարգեւելու համար այդ ամէնը հաճոյքով եւ պատրաստակամօրէն կը կատարես` այլընտրանք ըլլալ չի կրնար:
Նելլին, օրինակ, հիւանդագին վախ ունի, կը սարսափի միջանցիկ քամիէ, որ անոր մօտ երթալով կը խորանայ: Այն արդէն մեր ընտանեկան խնդիրը դարձած է, եւ ես շատոնց ընտելացած եմ ատոր. մեր սիրելիներուն կ’ընդունինք այնպիսին, ինչպիսին որ անոնք կան:
–Պարո՛ն Ներսիսեան, կը յաջողի՞ք թատրոնը տուն չտանիլ եւ աշխատանքէն յետոյ միայն ընտանեկան խաղաղութեան մէջ ըլլաք:
–Կը փորձենք հէնց այդպէս ալ ընել, բայց շատ յաճախ չենք յաջողիր: Թատրոնը տուն կը մտնէ, եւ բանավէճերը, քննարկումները կ’ուղեկցին մեզի:
Ամէն պարագայի` այն դերասաններէն եմ, որ երբ ներկայացումէն ետք վարագոյրը կը փակուի, ամէն ինչ կ’աւարտուի, այլ խօսքով` կերպարի «տակ» չեմ մնար եւ կ’ապրիմ առօրեայ իմ կեանքովս:
–Կեանքի այս հանգրուանին ի՞նչ երազանքներ ունիք:
–Երազանքները պէտք է միշտ ուղեկցին մեզի, կը կարծեմ` առանց երազանքներու մարդ գոյութիւն չունի: Պարզապէս պէտք է ընդառաջ երթալով` կեանքի կոչել երազանքներդ, որոնք կապուած են ընտանիքիդ, ընկերներուդ, հարազատներուդ, երկրիդ ու հայրենակիցներուդ հետ: Ես ալ այդ մարդոցմէ մէկն եմ:
Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի