«Հայաստանի ՄԷջ Միջազգային Որակի Գինիներ Արտադրելու Համար Բոլոր Հնարաւորութիւնները Կան».Վարուժան Մուրատեան
Վարուժան Մուրատեան 1990-ականներուն ընտանիքով տեղափոխուելով ԱՄՆ` 20 տարի ապրած է այնտեղ եւ հաշուապահութեամբ զբաղուած:ԱՄՆ-ի մէջ ձգելով հաշուապահի աշխատանքը` Վարուժան Հայաստան վերադարձած է: Սկիզբը զբաղած է այգեգործութեամբ, յետոյ գինեգործութեամբ` հիմնելով «VanArdi wines» գինիի գործարանը:
«Սփիւռքահայը Հայաստան գալով` պէտք է աշխատի ու արարէ: Ամերիկայի մէջ շուրջ 20 տարի ուսումնասիրած եմ հարկային օրէնսդրութիւնը եւ հասկցած, որ, Հայաստանի մէջ հարկային դաշտի առումով շատ աւելի բարւոք միջավայր է, քան` Ամերիկայի մէջ:
Մեր աշխատանքով կը փորձենք վերականգնել հայկական գինեգործութեան աւանդոյթները, բայց որպէսզի Հայաստան գինի արտահանող յառաջատար երկիր դառնայ, պէտք է շատ աշխատիլ, որուն համար բոլոր պայմանները` արգասաբեր հող, ջուր, արեւ, խաղող, կամք եւ աշխատասէր մարդիկ, առկայ են»,-«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած «Հայաստանի մէջ ներդրումներուն` սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը» թեմայով կլոր-սեղան քննարկման ժամանակ ըսաւ «VanArdi wines» ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Վարուժան Մուրատեան` աւելցնելով, որ Եւրոպան այսօր հայկական գինիներուն հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն ունի , քանի որ Հայաստանի մէջ միջազգային որակի գինիներ արտադրելու համար բոլոր հնարաւորութիւնները կան:
«Իմ ոգեշնչումը ստացած եմ Հայաստանի չքնաղ բնութենէն: Եւ դիմելով արտերկիր ապրող հայերուն բան մը միայն կրնամ ըսել` եկէ՛ք լաւատեսութեամբ, ձեռք ձեռքի տուած` առաջ ընթանանք եւ Հայաստանի հողին վրայ բարիքներ ստեղծենք, քանի որ ատոնք ամուր հիմքերու վրայ կ´ըլլան»,- իր խօսքը ամփոփեց Վարուժան Մուրատեան:
Գէորգ Չիչեան