Միացեալ Նահանգները Կ’ողջունէ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խումբի Համանախագահներու Հովանիի Ներքոյ Վիեննայի Մէջ Կայացած Հանդիպումը
Միացեալ Նահանգներու ԱԳ Նախարարութիւնը անդրադարձած է Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ նոյեմբեր 19-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ կայացած հանդիպման:
ԱԳ Նախարարութեան խօսնակ Ճէն Փսաքիի կողմէ տարածուած մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգները կ’ողջունէ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիի ներքոյ Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպումը:
«Մենք գովասանքի խօսքեր կ’ուղղենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն այս առաջին քայլի առիթով եւ ոգեշնչուած ենք այն հանգամանքով, որ անոնք համաձայնութիւն ձեռք բերած են գալիք մի քանի ամսուան ընթացքին կրկին հանդիպելու մասին», – ըսուած է ԱՄՆ-ի ԱԳ Նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ, ուր նշուած է, որ Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպումը եղած է երկու տարուան ընթացքին Սարգսեանի եւ Ալիեւի առաջին հանդիպումը:
«Այս գագաթնաժողովը կարեւոր քայլ է երկխօսութեան վերսկսման ուղղութեամբ, որ կը վկայէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջ դնելու գործին երկու պետութիւններու առաջնորդներու երկուստեք յանձնառութեան մասին: Որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահ Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի հետ համատեղ, կը յորդորէ երկու նախագահներուն աշխոյժ աշխատիլ բոլոր կողմերուն մեծ կորուստներ պատճառած հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ», – կ’եզրափակէ նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպման շուրջ ԱՄՆ-ի ԱԳ Նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութիւնը: