«Հայաստան Յառաջատար Պետութիւններէն Մէկը Դառնալու Բոլոր Նախադրեալներն Ունի». Աւստրալահայ Քաղաքագէտ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/Սասուն-Գրիգորյան2.jpg)
Աւստրալահայ քաղաքագէտ, հանրային քաղաքականութեան մասնագէտ Սասուն Գրիգորեան «Հայերն այսօր»–ի հետ զրոյցին կը խօսի աշխատանքային գործունէութեան, ձեռք բերած նուաճումներուն մասին` ներկայացնելով հզօր եւ մրցունակ Հայաստան ունենալու իր տեսլականը:
–Պարոն Գրիգորեա՛ն, Աւստրալիոյ մէջ զբաղուածութիւնը թոյլ կու տայ յաճախ Հայաստան այցելե՞լ:
-Հայրս Հայաստանի մէջ կ’ապրի: Արդէն վեց անգամ եկած եմ Հայաստան: Այս անգամ որոշեցինք ընտանիքով գալ` Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը նշելու:
Երեխաներուս համար տօնական օրերը ուրախ անցան, շատ հաւնած էին հայկական Նոր տարին: Այցելութիւնս նաեւ գործնական նպատակ ունէր:
– Եւ ինչ էր այդ նպատակը:
-Օրեր առաջ տեղի ունեցաւ իմ «Խելացի ազգ. նախագիծ մը արդիական Հայաստանի համար» գիրքի շնորհանդէսը: Գիրքը կ’ուսումնասիրէ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, որոնք անհրաժեշտ է յաղթահարել:
Գիրքին մէջ կ’անդրադառնամ արտաքին քաղաքականութեան, տեղեկատուական արուեստագիտութիւններու, մշակութային, Արցախին, Սփիւռքին, Հայաստանէն դուրս տնտեսութեան զարգացման, տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի դերին առնչուող եւ տարաբնոյթ այլ հարցերու: Այս ուղղութիւններով յստակ առաջարկներ կ’ընեմ:
Անգլերէն լեզուով գրուած գիրքը Լոնտոնի մէջ գործող «Կոմիտաս» հիմնարկին կողմէ հրատարակուած է: Առաջին շնորհանդէսը տեղի ունեցած է Սիտնէի մէջ, յետոյ արդէն Սինկափուրի, Լոնտոնի, ապա Հայաստանի մէջ: Կը ցանկամ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին գիրքը հայերէն թարգմանել:
–Հայաստանի տարբեր ոլորտներու զարգացման ուղղուած գիրք գրելու շարժիչ ուժը ինչ է ձեզի համա՞ր:
-Միշտ մտահոգ եմ Հայաստանի ապագայով եւ ուղիներ կ’որոնեմ իմ ներդրումս ունենալու Հայրենիքիս յառաջընթացին:
Աշխատանքային փորձառութիւն ունենալով միջազգային հեղինակաւոր ընկերութիւններուն` կը ցանկամ օգտակար ըլլալ: Կը հաւատամ, որ գիրքի լոյս ընծայումէն յետոյ փոխշահաւէտ համագործակցութիւն կ’ունենամ ՀՀ կառավարութեան հետ:
Փոքր ազգ ըլլալով` միասնաբար աշխատելով, բոլոր միջոցները գործածելով` պէտք է միայն բարձունքներու հասնինք:
Մենք պարտաւոր ենք ապահով Հայաստան ունենալու համար համապատասխան քայլեր ձեռնարկել: Գիրքին մէջ կ’արծարծեմ նաեւ Հայաստանը` իբրեւ աշխարհի մէջ յառաջատար պետութիւններէն մէկը դառնալու հեռանկարը, որուն բոլոր նախադրեալները, անշուշտ, ունինք: Ահա այս հիմնահարցերը ինծի առաջ մղեցին գիրքը գրելու համար:
–Պարբերաբար Հայաստան կու գաք: Տարիներու հեռուէն նայելով` Հայաստանի մէջ ինչպիսի փոփոխութիւններ տեղի ունեցա՞ծ են:
–Դրական փոփոխութիւները ակներեւ են. Հայաստան մեծ զարգացում ապրած է: Առաջին անգամ Հայաստան եկած եմ 1997 թուականին: Երեւանը կարելի է արեւելեաեւրոպական քաղաք համարել: Ծաղկաձորը, Դիլիջանը եւ միւս քաղաքները զբօսաշրջութեան հիանալի կեդրոններ դարձած են:
Սակայն մէկ նկատառում ունիմ. պէտք է մտածել Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ աղքատութեան վերացման մասին: Պէտք է նաեւ տնտեսական աճը Երեւանէն դուրս խթանել:
–Պարոն Գրիգորեա՛ն, ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէք Աւստրալիա մայր ցամաքին մէջ:
-Արուեստագիտութեան բնագաւառին մէջ հանրային քաղաքականութեան յառաջատար մասնագէտ եմ, յատկապէս` առեւտրի, վճարումներու եւ համակարգչային ծրագիրներու ոլորտներուն մէջ: Խորհրդատու հանդիսացած եմ համաշխարհային գործարար ձեռնարկութիւններուն մէջ, որոնք ձեւափոխած են առկայ գործարար օրինակները:
Հանրային քաղաքականութեան ոլորտին մէջ աւելի քան քսանամեայ փորձ ունիմ: Աշխատած եմ Fortune 500 կարգավիճակ ունեցող չորս ընկերութեան մէջ, հանրային հարցերուն մէջ աշխարհի ամենամեծ խորհրդատուական ընկերութիւններէն մէկուն մէջ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան համար քաղաքական խորհրդատու հանդիսացած եմ:
Եղած եմ բազմաթիւ արդիւնաբերական ընկերութիւններու հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ ընկերակցութիւններու անդամ: Քաղաքագիտութեան պաքալաւրի աստիճան ունիմ Մաքուարի համալսարանէն եւ Միջազգային յարաբերութիւններու մագիստրոսի աստիճան` Նոր Հարաւային Ուելսի համալսարանէն (Սիտնի, Աւստրալիա):
–Աւստրալիոյ համայնքային կեանքին կը մասնակցի՞ք:
-Ի հարկէ: Եղած եմ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ, հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան խումբերուն մէջ ընդգրկուած եմ` տարբեր պարտականութիւններ ունենալով: Աւստրալիոյ հայ համայնքը ժամանակի ընթացքին մեծցած է:
Առաջին հայերը Աւստրալիա գաղթած են 19-րդ դարու կէսին` Հնդկաստանէն, Ինտոնեզիայէն, Սինկափուրէն, Հարաւարեւելեան Ասիոյ այլ երկիրներէ եւ Արեւմտեան Հայաստանէն:
Հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ Աւստրալիա հայերու հոսքը նկատելի եղած է: Աւստրալահայ համայնքը հիմնաւոր կերպով սկսած է կազմաւորուիլ 1960-ական թուականներուն:
Սկիզբը Միջին Արեւելքի երկիրներէն հայեր այնտեղ հաստատուած են, ապա` Պարսկաստանէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ: 2010 թուականէն յետոյ, երբ սուրիական պատերազմը սկսաւ, շատ սուրիահայեր եկան Աւստրալիա:
Ընդհանուր առմամբ` կազմակերպուած, գործուն համայնք է, հոգեւոր, կրթական, քաղաքական, մշակութային բեղուն կեանքով կ’ապրի:
Ներկայիս կը գործեն երկու ամէնօրեայ եւ վեց մէկօրեայ վարժարաններ`Համազգայինի «Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն» ամէնօրեայ, ՀԲԸՄ «Ալեքսանտր» ամէնօրեայ վարժարանները, «Ալէք Մանուկեան» կիրակնօրեայ, Համազգայինի «Թարգմանչաց» մէկօրեայ, Համազգայինի «Սերոբ Փափազեան» մէկօրեայ, Համազգայինի «Թումանեան» մէկօրեայ դպրոցները, Կաթոլիկ եկեղեցւոյ «Լոյս» դպրոցը, ինչպէս նաեւ` Մելպուռնի ՀԲԸՄ «Ակինեան» շաբաթօրեայ դպրոցը, որոնք լաւ կազմակերպուած կրթական հաստատութիւններ են:
Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ թեմի Առաջնորդանիստը Սիտնէյի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին է, իսկ առաջնորդը` Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն եպիսկոպոս Նաջարեանը: Հայկական մամուլէն կը տպագրուին «Արմէնիա» շաբաթաթերթը, «Գարուն», «Միութիւն» ամսաթերթերը, «Լոյս», կրօնաեկեղեցական բնոյթի պարբերականը:
Աւտրալիոյ մէջ հասարակական-քաղաքական կեանքը ներկայիս կ’ապահովեն հայ աւանդական երեք կուսակցութիւնները, տեղական, ազգային կազմակերպութիւնները, բարեգործական, հասարակական, մշակութային եւ երիտասարդական շարք մը կազմակերպութիւններ:
Կարեւոր կը համարեմ Աւստրալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն բանալու հարցը, որ մինչեւ այժմ գոյութիւն չունի: Այս գաղափարը որպէս առաջարկ կը ներկայացնեմ:
–Հանդիպեցաք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Ին՞չ հարցեր քննարկեցիք հանդիպման ընթացքին:
-Նախ ըսեմ, որ Աւստրալիոյ հայ համայնքը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեան մէջ է: Համատեղ մշակութային տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպուած են, որոնք նպաստած են Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութեան ամրապնդման:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանէն ժողովրդական, էսդրատային երգիչ-երգչուհիներ շրջագայութեան եկած են, որոնք իրենց ելոյթներով խանդավառած են աւստրալահայերուն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարին նախապէս հանդիպած եմ ` Աւստրալիա կատարած այցելութիւններուն ժամանակ: Հայաստանի մէջ նոյնպէս հանդիպումը ջերմ մթնոլորտի մէջ անցաւ, կը կարծեմ` շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ համակողմանի քննարկումներ ծաւալեցինք:
–Տեղեակ եմ, որ հայոց սրբազան լեռը` պիպլիական Արարատ բարձրացած էք: Շատոնց նման որոշում կայացուցա՞ծ էիք:
-Վաղեմի երազանքս եղած է: 2015 թուականի Օգոստոս ամսուն քսան հոգինոց խումբով բարձրացանք, որուն կազմին մէջ Պարսկաստանէն, Պելճիգայէն, Աւստրալիայէն, Հալէպէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ հաւաքուած մարդիկ էին, նաեւ այլազգիներ կային: Սակայն այն լոկ նախաձեռնութեան իրականացում չէր ինծի համար: Երազանքս կատարելէ բացի, նպատակ ունէի այս քայլով օգնել Հայաստան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն, յատկապէս` երեխաներուն:
Այդ նպատակով մինչ բարձրանալը դրամահաւաք կազմակերպեցի, որ մեծ արձագանք ստացաւ: Դրամահաւաքին մասնակցեցան ոչ միայն Աւստրալիոյ հայերը, այլեւ` աւստրալացիները: Գերմանիայէն, Սինկափուրէն եւ աշխարհի այլ երկիրներէ ալ մասնակցեցան դրամահաւաքին:
Հանգանակութեան արդիւնքով 10.000 ԱՄՆ տոլար հաւաքուեցաւ:
Արարատ բարձրանալը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ աւստրալական մամուլի էջերուն մէջ: Երեք օր տեւեց գագաթը յաղթահարելը, որմէ ետք հպարտօրէն եւ յուզուած` Եռագոյնը ծածանեցինք:
Այս նախաձեռնութեամբ կ’ուզէի նաեւ երախտագիտութիւնս յայտնել Աւստրալիային. չէ՞ որ Հայոց ցեղասպանութեան եղերական օրերուն Աւստրալիան բարոյահոգեբանական աջակցութիւն տուած է հայերուն. մանկատուն կառուցած հայ որբուկներուն համար, սնունդ եւ դրամական օգնութիւն տրամադրած:
Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի