Լաւագոյն Հայերը Միշտ Հայրենիքին, Ժողովուրդին Կողքին Են

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած Գերմանիոյ Պատեն Վիւրթենպերկ քաղաքի հայկական համայնքի հոգեւոր հովիւ Տիրատուր քահանայ Սարդարեանի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:

Օրհնեցէ՛ք, Տէր հայր:

-Աստուա՛ծ օրհնէ:

Հրաշալի՛ կը խօսիք արեւելահայերէնով. այստեղ  հոգեւոր կրթութիւն ստացած էք:

-Ծնած եմ Հայաստանի մէջ, հոգեւոր կրթութիւն, Աստուածաբանութիւն ուսանած եմ Պուլկարիոյ մէջ, դոկտորականս պաշտպանած եմ Գերմանիոյ մէջ: Գերմանահայոց թեմի առաջնորդի հրաւէրով սկսած եմ իմ ծառայութիւնս Հիւսիսային Գերմանիոյ մէջ, իսկ հիմա, շուրջ 7-8 տարի է, որ Պատեն Վիւթենպերկի մէջ եմ: 2007–ին  ձեռնադրուած եմ Պոլսոյ մէջ`այսօր, ցաւօք սրտի հիւանդ, Մեսրոպ պատրիարքի ձեռամբ:

Այդ քաղաքին մէջ ապրող հայութեան թիւը մե՞ծ է:

-Կեօթինկեն քաղաքին մէջ կ’ապրի մօտաւորապէս 70 հայ ընտանիք, իսկ տարածաշրջանը Հայաստանի մեծութիւնը ունի, եւ այնտեղ այսօր կ’ապրին 5-6 հազար հայեր, որոնց մեծամասնութիւնը պոլսաահայեր, սուրիահայեր, պարսկահայեր են: Արդէն երկրորդ-երրորդ սերունդը կը ծնի այնտեղ, համեմատաբար նոր համայնք է: Կը փորձենք այնպէս ընել, որ հայութեան այդ զանգուածը կապուած ըլլայ հայկական Սուրբ Խաչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ամէն հայ եկեղեցւոյ մէջ  զգայ ինչպէս իր տան մէջ: Եթէ Սփիւռքը ցրող խորհուրդ ունի, ապա եկեղեցին հաւաքող, միացնող խորհուրդ ունի: Սա առաջին եկեղեցին է Գերմանիոյ մէջ, որ 35 տարի առաջ մեր հայրենակիցները բողոքական եկեղեցիէն վարձած են եւ մինչ օրս այնտեղ մեր պատարագները կը մատուցենք, մկրտութեան, պսակադրութեան ծէսեր կ’ընենք: Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ եւս մենք պատարագներ կը մատուցենք, մեր հայրենակիցները կու գան, կը մասնակցին, կը հաւաքուին եկեղեցւոյ շուրջ:

Տէ՛ր հայր, եկեղեցին, հաւատքը կրնա՞յ հայապահպանութեան լիարժէք դեր կատարել:

-Հայապահպանութիւնը կը հենուի  քանի մը սիւներու վրայ: Եկեղեցին կը փորձէ այդ սիւները ամուր պահել: Մենք նախատեսած ենք չորս հիմնական սիւներու վրայ յենուիլ` հաւատք, կրթութիւն, մշակոյթ եւ սոցիալական ծառայութիւն. Կը փորձենք այդ չորս սիւներուն վրայ կառուցել համայնքային կեանքը: Հաւատքը պատարագն է, հաւատքն այն ուժն է, որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ, որ այս ամէնը իրականութիւն դառնայ: Կրթական ոլորտին մասին ըսեմ, որ մենք ունինք շաբաթօրեայ հայկական դպրոց, ուր կը յաճախէ 30-35 երեխայ. այնտեղ կ’ուսուցանուի եւ՛ արեւմտահայերէն, եւ՛ արեւելահայերէն, եկեղեցւոյ պատմութիւն, գրականութիւն, պատմութիւն, երգ, պար: Երեխաները 4-է 5 ժամ կ’ըլլան դպրոցին մէջ, մեր 6-5 ուսուցչուհիները խաղերու, երգերու ու պարերու միջոցով կը փորձեն երեխաներուն հոգիին մէջ արթուն պահել հայն ու հայկականը: Երեխաներուն միջոցով անոնց ծնողները եւս կը դառնան հայապահպանութեան կարեւոր օղակներ:

Եկեղեցին, հաւատքը կրնա՞ն նպաստել, որ խառնամուսնութիւններ չըլլան, ընտանիքները լիարժէք հայկական ըլլան:

-Ամուսնութիւնը խիստ անձնական խնդիր է, եւ մենք չենք կրնար մեր կամքը թելադրել: Մեզի համար կարեւորն այն է, որ եթէ հայն ամուսնանայ անգամ ոչ հայու հետ, կարենանք այնպէս ընել, որ այդ ընտանիքը չհեռանայ համայնքէն, պահպանէ հայկական աւանդոյթները, երեխաները հայեցի դաստիարակութիւն ու կրթութիւն ստանան, չմոռնան հայոց լեզուն, ընտանիքի լեզուն ըլլայ հայերէնը: Մենք խառնամուսնութիւններու պարագային պէտք է շատ զգոյշ ըլլանք, որպէսզի անոնք համայնքէն ներս  օտար չզգան:

Տէ՛ր հայր, ի՞նչ առաքելութեամբ  Հայաստան եկած էք:

-Սուրբ ծնունդը սիրոյ եւ ջերմութեան տօն է, եթէ մենք թոյլ չտանք, որ մեր մէջ ծնի այդ Մանուկ Յիսուսը, ուրեմն անիմաստ է այդ տօնը. երբ թոյլ կու տանք, կը բանանք մեր սրտերը, մեր հոգիները եւ Սուրբ ծննդեան ուրախութիւնը բնակութիւն կը հաստատէ այնտեղ, իսկ այդ ուրախութիւնը պէտք է կիսես անոնց հետ, որոնք ատոր կարիքը ունին: Փորձեցինք Սուրբ ծննդեան տօնին առիթով համայնքին մէջ կազմակերպել մարդասիրական օգնութեան արշաւ` Արցախի սահմանամերձ գիւղերու անապահով ընտանիքներուն համար. բերած ենք 26 թոն օգնութիւն, իսկ զինուորներուն համար ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին օրերուն շատ կարճ ժամանակուան մէջ մեր համայնքէն ներս, մշակութային միութիւններու հետ համատեղ հաւաքեցինք 12 հազար եւրօ գումար, եւ այն ուղարկեցինք Արցախ, որուն համար ՀՀ սփիւռքի նախարարէն ստացանք շնորհակալական նամակ: Այս նոր արշաւը կու գայ մաս դառնալու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման: Մենք կը փորձենք մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ  մեր լուման ներդնել, որպէսզի ունենանք առողջ, հզօր պետութիւն, խաղաղ երկինք: Նպատակ ունինք այցելելու կարիքաւոր համայնքներ, ամէն անգամ ինչ-որ բանով աջակցելու տուեալ համայնքներուն: Ես Գերմանիայէն յատուկ եկած եմ, որպէսզի անձամբ այցելեմ Արցախ, հանդիպիմ տեղի հոգեւոր թեմի առաջնորդին, ներկայ գտնուիմ օգնութեան բաշխման, հանդիպիմ կարիքաւոր, անապահով ընտանիքներուն, ծանօթանամ այդ մարդոց հետ: Շատ կարեւոր կը համարեմ մարդոց հետ կենդանի, անմիջական շփումները, զրոյցները: Արցախ երբեք չեմ այցելած. Կ’ըսեն` նման է դրախտի: Խօսիմ Հայաստանի մասին. երկրի վիճակը բարելաւելու համար առաջին հերթին պէտք է փորձենք յարգել մարդը, մարդուն մէջ տեսնել մարդը` անկախ իր զբաղեցուցած պաշտօնէն, դիրքէն, նիւթական կարգավիճակէն. բոլորը իրենց տեղը արժէքաւոր են: Պէտք է յարգել մարդը, այդ յարգանքէն կը բխի բարութիւնը:

Ձեր ծրագիրները շարունակելի՞ են…

-Պէտք է խորհրդակցինք Արցախի կառավարութեան, եկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ որոշում կայացնենք, յստակ ծրագիրներ մշակենք ու իրականացնենք զանոնք:

Աստուածային 10 պատուիրանները, անշուշտ, բոլորիս կեանքի մեծագոյն դասերը պէտք է ըլլան, սակայն ատոնց մէջ կա՞յ արդեօք  պատուիրան մը, որուն մեր ժամանակներուն  շատ աւելի պէտք է հետեւինք, որ գերակայ է մարդկութեան համար:

-Այդ պատուիրանին մասին կը խօսի ինք` Քրիստոսը. երբ անոր կը հարցնեն, թէ ո՞րն է ամենամեծ պատուիրանը, ան կը պատասխանէ, որ ատիկա Սէ՛րն է, Սիրոյ պատուիրանը. հարկաւոր է սիրել դիմացինին, ինչպէս` ինքդ քեզ: Եթէ ամէն  մարդու մէջ փորձենք գտնել Աստուծոյ պատկերը, Աստուծոյ շունչը, այդ սէրը սարեր կրնայ շարժել: Նաեւ ամէն մարդ պէտք է սիրով կատարէ իր գործը. Սէ՛րն է կարեւորը:

Ահա այս բարձր նոթաներով ալ աւարտեցի իմ զրոյցս Տիրատուր քահանայ Սարդարեանի հետ, որ հնարաւորինս կը խուսափէր խօսիլ իր անձին, այս հսկայական մարդասիրական օգնութեան մէջ սեփական մեծ ներդրման մասին, որուն մասին պատմեց տէր հօր ուղեկիցը` շինարար Շաւարշ Յովհաննիսեանը, որ, ինչպէս յետոյ տեղեկացայ, նոյնպէս սեփական նախաձեռնութեամբ բարեգործութիւններու հեղինակ է: Լաւագոյն հայերը միշտ Հայրենիքին, ժողովուրդին կողքին են:

Կարինէ Աւագեան

 

 

Scroll Up