«Ներառական Կրթութիւն Ստացող Երեխաներուն Համար Պէտք Է Գրուին Յատուկ Դասագիրքեր». Մելսիդա Քարդումեան, Արցախցի Մանկավարժ

Մեր օրերուն ներառական կրթութեան առումով բաւականին դրական տեղաշարժեր կ’արձանագրուին եւ, այնուամենայնիւ, այսօրինակ կրթութեան դասաւանդման ոլորտին մէջ դեռեւս լուրջ խնդիրներ կան. այս եւ նման այլ հարցերու շուրջ «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ ծաւալեցաւ իմ զրոյցս Արցախի Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան ներառական կրթութեամբ համալրուած թիւ 2 հիմնական դպրոցի  տնօրէն Մելսիդա Քարդումեանի եւ ուսուցչուհիներ Ռուզան Աւետիսեանի, Լուսինէ Սաիյեանի հետ, որոնք, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս կը  պատրաստուին մեկնիլ Պէյրութ` Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ մասնակցելու  ներառական ուսուցման դասընթացքին:

Մելսիդա Քարդումեան-ես դպրոցի տնօրէնն եմ, կը դասաւանդեմ կենսաբանութիւն: Աշխատելով ներառական կրթութեամբ համալրուած դպրոցի մէջ` ունիմ իմ մանկավարժական դիտարկումներն այդօրինակ կրթութեան առնչութեամբ: Մեր դպրոցը 2011 թուականէն կ’իրականացնէ ներառական կրթութեան ուսուցումը, ուր մեր նուիրեալ մանկավարժները սիրով ու համբերատարութեամբ կ’աշխատին նման կրթութեան կարիք ունեցող երեխաներու հետ: Մենք ներառական կրթութիւն իրականացնող ընդամէնը երեք ուսուցչուհի ունինք դպրոցին մէջ` աշխարհագրութեան ուսուցչուհի, ընկերաբան Ռուզան Աւետիսեան, յատուկ մանկավարժ Լուսինէ Սաիյեան եւ հոգեբան, որ հանգամանքներու բերումով մեզի հետ չէ եկած Երեւան: Աշխատանքը, անշուշտ, դիւրին չէ հէնց միայն հոգեբանական առումով, սակայն մենք կրնանք հաշտ ու համերշախ, մէկս միւսին օգնելով, աջակցելով`աշխատիլ:    Ես անջրպետ չեմ դներ իմ եւ ուսուցչուհիներուն միջեւ. մենք մէկ ընտանիք ենք եւ ունինք առողջ ու անառողջ երեխաներ, որոնց խնամք ու հոգատարութիւն, գիտելիքներ  անհրաժեշտ են. բնականաբար, վերջիններուն աւելի շատ ուշադրութիւն եւ առանձնայատուկ վերաբերմունք կը ցուցաբերենք` դրսեւորելով նրբանկատութիւն: Կը համագործակցինք Ստեփանակերտի մեր նախարարութեան բժշկահոգեբանական կեդրոնին հետ: Մենք նիւթականի կարիք այնքան ալ չունինք. մեզի համար առաջնային են շէնքային պայմանները, ուր այդ երեխաներուն հետ սովորական դասաժամերէն դուրս պարապելու համար չունինք գեղեցիկ, հետաքրքիր, յատուկ դասասենեակներ, խաղահրապարակ. իմ ներառական կրթութեան դասասենեակս ես տեղաւորած եմ 6քմ. տարածք ունեցող բժշկական կէտին մէջ: Սնունդի հարցով դեռեւս խնդիրներ չունինք: Կ’ըսեն` ներառական կրթութիւն ստացող երեխաներուն համար 30 վայրկեանով քննութեան ժամանակը կ’երկարացուի, սակայն եթէ այդ երեխային գիտակցութեան ատիկա չի հասնիր, որքան կ’ուզես, ժամանակը երկարացուր, ատիկա նոյն թեստն է: Ներառական կրթութիւն ստացող երեխաներուն համար պէտք է մշակուին ու գրուին յատուկ դասագիրքեր, յատուկ ծրագիրներ պէտք է ըլլան: Խնդիրը ներառական կրթութեան դասագիրքերու, ծրագիրներու բացակայութիւնն է. ի հարկէ, մեր ուսուցչուհիները ունին անհատական ուսումնական ծրագիրներ, որոնց հիման վրայ ալ կը կազմենք մեր ծրագիրները, սակայն ցանկալի է, որ նման կրթութիւն ապահովող դպրոցներուն մէջ ըլլան յատուկ կազմուած դասագիրքեր: Մեր դպրոց կը յաճախեն  17 այդպիսի երեխաներ առաջինէն մինչեւ իններորդ դասարաններուն մէջ: Մեր ամբողջ դպրոցի ուսուցչական կազմի համախմբուածութիւնը կ’օգնէ` շօշափելի արդիւնքներու հասնելու: Կը կարծեմ` այս ուղեւորութիւնը Պէյրութի Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարան եւ մեր մասնակցութիւնը դասընթացքին, անպայման պիտի նպաստէ մասնագիտական հմտութիւններ ձեռք բերելուն: Մենք կը սորվինք, կը խորհրդակցինք, փորձի փոխանակում կ’ընենք. ափսոս, որ ժամանակը շատ կարճ է:

Ռուզաննա Աւետիսեան, ներառական կրթութեան աշխարհագրութեան եւ մանկավարժութեան ուսուցչուհի

– Դուք կը հարցնէք, թէ ինչ է այդ երեխաներուն համար առաջնայինը` մանկավարժի էութիւնը թէ՞ դասաւանդուող առարկան: Անկեղծօրէն ըսեմ` առաջինը, որմէ յետոյ` մասնագիտական հմտութիւնը, կարողութիւնները: Իւրաքանչիւր աշակերտ կրնայ դրսեւորուիլ իր ուժերուն ներածին չափով, եւ մենք պարտաւոր ենք ատիկա դիտարկել ըմբռնումով, անհատական մօտեցում ցուցաբերելով:

Լուսինէ Սաիյեան, ներառական կրթութեան յատուկ մանկավարժ

-Ես յատուկ մանկավարժ եմ, որ կ’աշխատիմ միայն ներառական կրթութեան ուսուցման մէջ ընդգրկուած երեխաներու հետ: Մասնագիտութեամբ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի եմ. ցաւօք, իմ ուսման տարիներուս ներառական կրթութեան մասնագէտներ չէին պատրաստեր. հիմա ալ նոյնն է: Հմտութիւն ձեռք  բերած եմ վերապատրաստման դասընթացներուն ընթացքին: Այսօր այդպիսի մասնագիտական բաժիններու կարիքը շատ կը զգացուի: Ներառական ուսուցում ստացող երեխաները շատ տարբեր են իրենց մտաւոր ունակութիւններով. 5-րդ դասարան յաճախող երեխաներէն մէկը կրնայ ունենալ 1-ին դասարանցիի կարողութիւններ, միւսը` աւելի բարձր կամ ալ ` իր տարիքին բնորոշ, երեխաներ կան, որոնք անգամ մկրատն ինքնուրոյն չեն կրնար բռնել ու գործածել: Յատուկ մանկավարժի, ընկերաբան-մանկավարժի, հոգեբանի առկայութիւնն ու մասնագիտական հմտութիւնները, մարդկային լաւագոյն որակներն այնչափ կարեւոր են այս գործին մէջ:

Աւարտելով զրոյցս նուիրեալ արցախուհիներուն, մանկավարժներուն հետ`  կը ցանկամ յուսալ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս մեր հայրենակիցներէն մէկը ձեռք կը մեկնէ Մարտակերտի Վլադիմիր Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցին` ներառական կրթութիւն ստացող երեխաներուն համար ստեղծելով յատուկ դասասենեակներ, խաղահրապարակ, իսկ մօտ ապագային կը լուծուի նաեւ ծրագիրներու եւ դասագիրքերու խնդիրը:

Կարինէ Աւագեան

img_0458

Scroll Up