«Ես Արցախցի Մանուկներուն Մէջ Լաւատեսութիւն, Խաղաղութիւն, Տեսայ` Չնայած Անոնք Կ’ապրին Պատերազմական Գօտիի ՄԷջ, Լսած Են Արկերու Շաչիւնը». Սեւակ Յակոբեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժումը մեծ տարածում գտաւ` արժանանալով մեր հայրենակիցներէն շատերուն հաւանութիւնը. եղան եւ կը շարունակուին իրականացուիլ  գործնական բազմաթիւ քայլեր` բարոյական եւ նիւթական օգնութիւններու տեսքով: Ատոնց նախաձեռնողները խումբեր ու անհատներ, կազմակերպութիւններ ու ընտանիքներ են` Հայաստանէն ու Սփիւռքէն: Նման  նախաձեռնութեամբ մըն ալ հանդէս  եկած են Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի ներառական կրթութեան բաժինի ուսուցիչները` «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, որուն  հետ ալ  զրոյց  ունեցայ «Հայերն այսօր»-ի համար:

-Պարո՛ն Յակոբեան, ամիսներ առաջ մեր խմբագրութեան մէջ հիւրընկալուած էին Արցախի Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան ներառական կրթութեամբ համալրուած թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէնն ու երկու ուսուցչուհիներ, որոնք Ձեր հրաւէրով կը պատրաստուէին գալ Հարպոյեան վարժարան` փորձի փոխանակման եւ դասընթացքի մասնակցելու նպատակով. ամիսներ անց Դուք կու գաք Մարտակերտի նոյն դպրոցը` Ձեր ուսուցչուհիներուն հետ. ըսէք, խնդրեմ, թէ ինչ տուաւ Ձեզի այս այցելութիւնը, աւելին` առաքելութիւնը:

-Դեռեւս Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովի ժամանակ նախարարին առաջարկութեամբ  ընդունուած  այս շարժումը խորհելու տեղի տուաւ եւ  որոշեցինք,  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցելով,  նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ`  Արցախի մէջ գտնել  ներառական կրթութիւն ունեցող   դպրոց մը:  Մեզի բախտ վիճակուեցաւ  կապ հաստատելու սահմանամերձ Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական` ներառական կրթութեամբ համալրուած դպրոցին հետ եւ հնարաւորինս աջակցելու անոնց` խորհուրդներով, փորձի փոխանակումով, լսել նաեւ անոնց առաջարկները: Անոնց Պէյրութ հրաւիրեցինք: Դպրոցի տնօրինուհի Մելսիտա Քարդումեանն ու անոր հետ եկած ներառական կրթութիւն դասաւանդող ուսուցչուհիները մէկ շաբաթով եկան  սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի յատուկ դժուարութիւն ունեցող երեխաներու բաժանմունք, ծանօթացան մեր ուսումնական մեթոտներուն, դասաւանդման եղանակներուն, երեխաներուն հետ տարուող հոգեբանական աշխատանքներուն: Այս անգամ մե՛նք գացինք Արցախ, ծանօթացանաք անոնց դասաւանդման մեթոտներուն ու նրբութիւններուն, շփուեցանք երեխաներուն հետ, ծանօթացանաք անոնց շէնքային ոչ բարւոք պայմաններուն…մեր խումբին մէջ ընդգրկուած երիտասարդ ուսուցչուհիներէն ամէն մէկն իր մասնագիտութեան գիծով  նիւթ մը պատրաստած էր. երբ Արցախի Գիտութեան ու կրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ կիրակի օրը դասախօսութիւն կազմակերպեցինք, աղջիկները ներկայացուցին իրենց զեկուցումները, որոնց ունկնդրեցին  այդ  դպրոցի 30 տարբեր մասնագէտներ:  Կը կարծեմ` օգտակար եղաւ այդ դասախօսութիւնը: Մեր առաքելութիւնը դեռ չէ աւարտած, այն դեռ նոր  սկսած է եւ շարունակութիւն պիտի ունենայ:

-Շա՞տ մեծ է Ձեր եւ Մարտակերտի ներառական կրթութիւն տուող դպրոցի   ուսուցման մեթոտներու  տարբերութիւնը:

-Կը նախընտրեմ, որ այդ մասին  խօսի մեր դպրոցի  յատուկ դժուարութիւն  ունեցող երեխաներու վարքի վերլուծութեան գիծով մասնագիտացած հոգեբան Քրիստին Տէր-Սարգսեանը…

-Քրիստի՛ն,  ձեր  դիտարկումն այս առիթով.

-Շատ կարեւոր է, թէ ուր ծնած են, որ հողի վրայ, ինչ միջավայրի մէջ կ’ապրին երեխաները. ուսուցման մեթոտներու, մօտեցման մէջ, բնականաբար, կ’ըլլան տարբերութիւն: Մեր վարժարանի համապատասխան բաժանմունքին մէջ առարկաներու դասաւանդումն աւելի յագեցած է, առարկաներն աւելի շատ են, լիբանանահայութիւնը քիչ է,  հայերէնով  տուեալ  ուսուցմամբ դասաւանդող մասնագէտներն  ալ  քիչ են, իսկ Արցախի մէջ մասնագէտները  թիւով աւելի շատ են:

-Քրիստի՛ն, օրինակելի ի՞նչ առանձնայատկութիւն տեսաք Մարտակերտի այդ դպրոցի ներառական բաժանմունքին մէջ, որ  կրնաք տանիլ Ձեր դպրոց:

-Շատ մեծ սէր ու ջերմութիւն, իւրայատուկ հոգատարութիւն` յատուկ դժուարութիւն ունեցող երեխաներուն հանդէպ: Մանկավարժներու այդ խումբը  օրինակելի միասնութիւն, համախմբում ունի. անոնք մէկ ընտանիքի պէս, հաշտ ու համերաշխ, լռելեայն կը կատարեն իրենց գործը: Նաեւ անոնց ներքին խաղաղութիւնը  այդ երեխաներուն թեւեր կու տայ:

-Պարո՛ն Յակոբեան, հարցս դարձեալ Ձեզի ուղղեմ` ի՞նչ տուաւ Ձեր ներկայութիւնն Արցախցի այդ մանուկներուն:

– Նախ ըսեմ, որ այդ մարդիկ ոչինչէ ստեղծած են  աշխատանք` իրենց հոգին դնելով այդ գործին մէջ, այդ փոքրիկներուն տալով կրթութիւն, սէր, հաւատալով, որ այդ երեխաները բոլորի նման իրաւունք ունին ստանալու համապատասխան կրթութիւն, վերաբերմունք: Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը շատ լաւ միտք արտայայտեց` ըսելով, որ եթէ անգամ շօշափելի օգտակարութիւն չըլլայ, այդ մարդիկ կը զգան, որ իրենք միայնակ չեն, որ իրենցմով կը հետաքրքրուին: Երեխաները մեզի դիմաւորեցին աղուհացով, արտասանութիւններով, գեղեցիկ հագուած, յարդարուած, տօնական տրամադրութեամբ: Մեզի համար շատ յուզիչ էին այդ պահերը. զարմանալի է, որ  սահմանամերձ այդ վայրին մէջ, նման պայմաններու մէջ անոնք կ’ապրին, կ’արարեն, կը ժպտին, որ այնքա՜ն լաւատեսութիւն կայ անոնց մէջ, իսկ ամենակարեւորը` չեն հեռանար իրենց բնակավայրերէն: Հողին վրայ ապրի՛լն է իսկական հայրենասիրութիւնը, սահմանները պաշտպանելն ու պահելը:

-Քրիստի՛ն, ներառական կրթութիւն ստացող արցախցի մանուկներուն եւ Հարպոյեան վարժարանին մէջ նմանօրինակ կրթութիւն ստացող երեխաներուն միջեւ վարքի դրսեւորման, հոգեբանութեան  առումով ակնառու ի՞նչ տարբերութիւն կայ :

–Արցախցի մանուկներն աւելի համարձակ են, աւելի պարզ, անմիջական, կը գոհանան քիչով, կը բաւարարուին եղածով…

–Պարո՛ն  Յակոբեան, Դուք ի՞նչ  կ’ըսէք այս առումով…

-Ես անոնց մէջ խաղաղութիւն տեսայ` չնայած անոնք ապրած են պատերազմական գօտիի մէջ, լսած արկերու շաչիւնը, դժուար օրեր տեսած. այն ճանապարհները, որոնցմով անոնք դպրոց կը յաճախեն, դժուար են, մեր երեխաները չէին կրնար այսպիսի քաջութեամբ դպրոց յաճախել, տունը կը մնային, դպրոց չէին երթար: Մեր երեխաները այդքան քաջ չեն եւ աւելի ինքնամփոփ են:

–Ձեր խումբին մէջ են Հարպոյեան վարժարանի ներառական կրթութեան բաժանմունքի ուսուցչուհիներ, կը ներկայացնէ՞ք անոնց աշխատանքը:

-Ըսեմ, որ անոնցմէ երկուքը առաջին անգամ կու գան Հայրենիք եւ շատ տպաւորուած են Հայաստանով ու Արցախով: Ի պատիւ աղջիկներուն` պէտք է ըսեմ, որ այս ուղեւորութիւնը, այս առաքելութիւնը սեփական միջոցներով իրականացուցած են, անոնք մեծ ցանկութիւն ունէին ինչ–որ ձեւով օգտակար ըլլալ արցախցի այդ երեխաներուն:

-Ապագային ի՞նչ ծրագիրներ ունիք` կապուած  Մարտակերտի թիւ 2 դպրոցի ներառական կրթութեան ուսուցման  բաժինին հետ:

-Մեր աշխատանքը, կապը պէտք է շարունակական ըլլայ. Մարտակերտի դպրոցի այն սենեակը, ուր կը պարապին ներառական կրթութիւն ստացող երեխաները, եւ, առհասարակ, դպրոցի շէնքային պայմանները շտկելու կարիքը կայ: Հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ պիտի փորձենք կահաւորել այդ սենեակը:

–Պարո՛ն Յակոբեան, շնորհակալութիւն Ձեզի եւ Ձեր  հայրենասէր, պատրաստակամ ուսուցչուհիներուն` Քրիստին Տէր-Սարգսեանին, Նաթալի Աւետեանին, Լարա Գուտուզեանին, Ճենիֆեր  Աւետեանին. Կը մաղթեմ, որ  Մարտակերտի դպրոցի  ներառական կրթութեան բաժանմունքին հետ կապուած Ձեր բոլոր ծրագիրները իրականութիւն դառնան եւ Ձեր` բազմազբաղ մտաւորականի ժամանակն ու առողջութիւնը  կարենան  ներդաշնակօրէն համընթաց  քալել  Ձեր երազանքներուն,  ծրագիրներուն հետ:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

 

 

Scroll Up