«Արցախը Միշտ Մտքիս ՄԷջ Է».Ադամ Պարրօ
Ֆրանսաբնակ օփերայի երգիչ Ադամ Պարրոն (Մուրադ Ամիրխանեան) միացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժումին: «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին երգիչը ըսաւ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ հանդիպման ընթացքին իրազեկուելով շարժման մասին` միանգամայն որոշած է մաս կազմելու համահայկական նախաձեռնութեան այն համոզմամբ, որ Հայաստանին եւ Արցախին սատարելը պէտք է բոլորիս ամէնօրեայ մտահոգութիւնը ըլլայ:
–Ադա՛մ, ինչպէս յաճախ կը նշէք, Հայաստան գալու պատեհ առիթը երբեք չէք կորսնցներ: Այս անգամ ի՞նչ նպատակով եկած էք:
–Ուրախ եմ, որ կրկին վերադարձած եմ Հայաստան եւ հնարաւորութիւն ունիմ շփուելու հայրենակիցներուս հետ, զբօսնելու երեւանեան փողոցներով:
Այս անգամ կնոջս ու աղջիկներուս հետ եկած եմ:Մեզի համար սուրբ պարտականութիւն է Դեկտեմբեր 7-ին` Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժի օրը, Գիւմրի այցելելը` գլուխ խոնարհելը ծնողներուս շիրիմին:
Երբ Հայաստան կու գամ, անպայման կը հանդիպիմ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Ինծի համար շատ կարեւոր է նախարարին հանդիպիլը եւ իբրեւ արտերկիր ապրող օփերայի հայ երգիչ` իրեն կը պատմեմ կատարած աշխատանքներուս ու ձեռքբերումներուս մասին:
Հրանոյշ Յակոբեանին ներկայացուցի Ապրիլէն ետք, երբ ան զիս «Կոմիտաս» մետալով պարգեւատրեց, ծաւալած գործունէութեանս արդիւնքները: Այդ պարգեւատրումով, կարծես, Աստուծոյ կողմէ առաւել օրհնուեցայ, քանի որ առջեւս շատ դռներ բացուեցան: Նախարարը ինծի տեղեկացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման մասին, որ գրաւեց ուշադրութիւնս:
Հասկնալով շարժման խորագիրի բուն էութիւնը` կրնամ ըսել, որ այն համախմբուածութեան կոչ է, այլ ոչ թէ` պահանջ կամ հրաման: Պէտք է եղբայրական սիրով ընկալենք այս գաղափարը, ամբողջ հայութեամբ հարց տանք մենք մեզի, թէ ինչ ըրած ենք Ղարաբաղի համար եւ ձեռք ձեռքի տուած` քայլեր ձեռնարկենք` ի սատարումն Ղարաբաղի:
–Կրնա՞ք ըսել, եթէ դուք նոյնպէս կը միանաք համահայկական շարժման:
-Անվարան կը միանամ: Շատ կարեւոր նախագիծ նախաձեռնած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, որուն միջոցով մէկ անգամ եւս բոլորի ուշադրութիւնը Արցախի շուրջ կը հրաւիրուի: Այն նաեւ հայ ժողովուրդի համախմբուածութիւնը ցոյց կու տայ:
Առհասարակ, օր ու գիշեր կը մտածեմ Արցախին օգտակար ըլլալու մասին. Արցախը միշտ իմ մտքիս մէջ է: Արուեստագէտը, իբրեւ «զէնք», կրնայ իր ձայն ու բեմը օգտագործել, հնարաւորինս շատ համերգներ ունենալով` ներկայացնելով Հայաստանն ու Արցախը: Ես պատրաստ եմ այդ «զէնք»-ը օգտագործելու:
Այդ միջոցով այլազգի շատ արուեստագէտներ կը հետաքրքրուին Հայաստանով եւ Արցախով եւ, գուցէ, փորձեն աջակցիլ մեզի: Քիչ չեն դէպքերը, երբ արտասահմանցի շատ անուանի երգիչ-երգչուհիներ չնայած յայտնուած են Պաքուի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ, բայց կը շարունակեն իրենց գործունէութեամբ Արցախի կողքին ըլլալ:
Մտածած եմ Փարիզի մէջ մեծ համերգ կազմակերպել, որ նուիրուած կ’ըլլայ Արցախին: Ինչպէս ամէն օր` կը մտածենք Հայոց ցեղասպանութեան հարցի արդարացի լուծման մասին, այնպէս ալ Արցախին սատարելու մասին պէտք է մտածենք:
Ամէն ինչ պիտի ընեմ Հայաստան-Ֆրանսա-Արցախ կամուրջը պահպանելու եւ ամրապնդելու ուղղութեամբ: Նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու մասնակցելով`գլուխս հանգիստ խղճով բարձին կը դնեմ:
Արցախին աջակցելու հարցով արդէն փոքրիկ ներդրում ունեցած եմ: Երբ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ Հայաստան եկայ, «Կնոջ կողքին» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր Լիլիթ Ամիրշադեան Արցախի երեխաներուն հագուստ տրամադրելու խնդրանքով դիմեց զիս: Վերադառնալով Ֆրանսա` կնոջս հետ որոշեցինք համերգ կազմակերպել, որմէ գոյացած հասոյթը նպատակին ծառայեցուցինք:
–Ադա՛մ, ըսիք` վերջին ամիսներուն բեղուն ստեղծագործական ընթացքի մէջ եղած էք, շատ դռներ բացուած են Ձեր առջեւ: Մանրամասն կը պատմէ՞ք այդ ամէնուն մասին:
-Իսկապէս, Ապրիլ ամիսէն յետոյ յագեցած ծրագիր ունեցած եմ` համերգներ, հանդիպումներ, վարպետութեան դասեր եւ այլն: Իտալիոյ Քիէթի քաղաքին մէջ կայացած վոկալիստներու փառատօնին «Կրան-Փրի» մրցանակը ստացած եմ: Յաջորդիւ այնտեղ մենահամերգ պիտի ունենամ:
Յետոյ մեկնեցայ Սպանիա, ուր նոյնպէս վոկալիստներու մրցոյթին առաջին կարգի մրցանակին արժանացայ: Ֆրանսայի Մանտ քաղաքին մէջ անուանի վոկալիստներու վարպետութեան դասեր տուած եմ: Անոնք նաեւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները կը կատարէին այնպիսի հմտութեամբ, որ կարծես` վաղուց լսած էին եւ հաղորդակցուած հայ անուանի երգահանի երգերուն:
2017 թուականին Փարիզի մէջ առաջին անգամ «Կոմիտաս» փառատօնը պիտի կազմակերպեմ: Փառատօնին պիտի հնչեն նաեւ ֆրանսացի երգահաններու ստեղծագործութիւններէն:
Իմ վերջին ձայներիզիս մէջ, «Աւէ Մարիա»-ներու տասնըվեց կատարումներու շարքին, ձայնագրեցի Մխիթար Սեբաստացիի 17-րդ դարուն գրուած «Հիմն Աստուածամօր» ոչ այնքան ճանչցուած ստեղծագործութիւնը: Ձայնասկաւառակի նախաբանին մէջ տեղ գտած է նաեւ Ալէն Տիւոյի կարծիքը իմ մասիս, որ մեծ պատիւ է ինծի համար:
Այս տարի Փարիզի Ռախմանինովի անուան երաժշտանոցի փրոֆէսոր դարձայ, ուր նաեւ կը դասաւանդեմ: Ֆրանսացի երեխաներու հոգիին մէջ հայկական երգը կը սերմանեմ: Ճիշդ է, անոնք ֆրանսերէնի թարգմանուած կ’երգեն, բայց, այնուամենայնիւ, այդ միջոցով կը ծանօթանան հայկական մշակոյթին: Երեխաներուն մօտ միշտ կը խօսիմ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդ մասին:
2017 թուականին Հայաստանի մէջ կրկին երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» միջազգային IX մրցոյթ-փառատօնին մասնակցելու հրաւէր ստացած եմ:
–ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ 2017 թուականին համագործակցութեան ուղիներ կը նշմարուի՞ն:
-Անկեղծ ըսեմ` մեծ ցանկութիւն ունիմ Հայրենիքիս մէջ հնարաւորինս շուտ մենահամերգ ունենալու: Այդ մասին հանդիպման ժամանակ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին տեղեակ պահեցի: Ան սիրով պատրաստակամութիւն յայտնեց ցանկութիւնս իրականութիւն դարձնելու համար օգնելու զիս:
Համերգը, հաւանաբար, տեղի կ’ունենայ 2017 թուականի Սեպտեմբեր ամսուն` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս: Համերգին ժամանակ կը նախատեսուի նշել նաեւ իմ բեմական գործունէութեանս 20 տարին:
Հրանոյշ Յակոբեանի հետ նոյնիսկ 2018 թուականի համատեղ համագործակցութեան ծրագիրը քննարկեցինք: Առաջ Աստուած, որոշած ենք Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին ընդառաջ` «30 տարի երկրաշարժէն անց» խորագիրով համերգը կազմակերպել: Մտածած ենք բեմին վրայ մէկտեղել երկրաշարժէն յետոյ աշխարհասփիւռ դարձած գիւմրեցի երիտասարդներուն` տեսնելու համար, թէ Սփիւռքի մէջ ինչ ձեռքբերումներու հասած են ու ինչ գործունէութիւն կը ծաւալեն: Համերգի կեանքի կոչումը կարեւոր նախաձեռնութիւն պիտի ըլլայ:
Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի