ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Հանդիպումները ՌԴ Մոսկուայի, Կալուգայի Եւ Տուլայի Հայ Համայնքներու Ղեկավարներուն Եւ Ներկայացուցիչներուն Հետ

Նոյեմբեր 15-17 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան §Աշխատանք համայնքներու հետ» ծրագիրի ծիրէն ներս Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ` Մոսկուա, Կալուգա եւ Տուլա քաղաքներուն մէջ, մասնակցած է համայնքներու հետ հանդիպումներուն:
Հանդիպումները կազմակերպուած էին Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի, Ռուսաստանի հայերու միութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ §Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» հասարակական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ:
Նոյեմբեր 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարը այցելած է Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն, հանդիպում ունեցած դեսպան Օլեգ Եսայեանի եւ դեսպանութեան աշխատողներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման միտումները, յետագայ համագործակցութեան հեռանկարները:
Նոյն օրը Մոսկուայի հայկական վանական համալիրի Սուրբ Պայծառակերպութիւն նորաբաց եկեղեցւոյ հանդիսութիւններու սրահին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպում ունեցած է համայնքի ղեկավարներուն եւ աւելի քան 500 ներկայացուցիչներու հետ:
Ողջունելով ներկաները` նախարարը բարձր գնահատած է Սփիւռքի ամենահայաշատ համայնքներէն մէկը` Մոսկուայի հայ համայնքի` հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքը եւ ներկայացուցած սփիւռքի նախարարութեան 5-ամեայ գործունէութեան արդիւնքները, իրականացուցած ծրագիրներն ու յառաջիկայ ընելիքները: Այնուհետեւ նախարարը պատասխանած է ներկաներու հարցերուն: Ներկայացուած են համայնքէն ներս առկայ հիմնախնիրները, տեղի ունեցած է երկուստեք հետաքրքրող հարցերու քննարկում :
Ելոյթ ունեցած են նաեւ Ռուսաստանի հայերու միութեան եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի նախագահ Արա Աբրահամեան, Մոսկուայի հայ համայնքի շարք մը հեղինակաւոր ներկայացուցիչներ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Հայաստանէն ժամանած արուեստագէտներու խումբը ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Սարգիս Նաջարեանի գլխաւորութեամբ ներկայացուցած են §Կոմիտաս` յաւերժի ճամփորդ» բեմադրութիւնը, որ ներկաներուն կողմէ ընդունուած է մեծ ոգեւորութեամբ:
Նոյն ծրագիրով նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նոյեմբեր 16-ին հանդիպում ունեցած է` Կալուգա, իսկ 17-ին` տուլա քաղաքներուն մէջ: