Երեւանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Ջաւախահայ Նկարիչներու «Ցեղասպանութեան 100-ամեայ Տարելիցին Ընդառաջ» Խորագիրով Աշխատանքներու Ցուցահանդէսը

Ապրիլ 18-ին Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ ջաւախահայ նկարիչներու աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին մշակոյթի գործիչներ, պետական, հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, հիւրեր:

Ողջունելով ներկաները` ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց ջաւախահայերը հերթական մշակութային գեղեցիկ ձեռնարկի կազմակերպման առիթով եւ աւելցուց. «Մօտենում է 100-րդ տարին, բայց ժողովրդի պայքարը չի դադարում: Աշխարհի հայութիւնը` Հայրենիքի, Արցախի, Ջաւախքի, Սփիւռքի հայերը ձեռք ձեռքի տուած պայքարում են Ցեղասպանութեան ճանաչման, հայ դատի, արդարութեան վերականգնման համար: Այդ պայքարի ձեւերից մէկն էլ մշակոյթն է, որի միջոցով մեր դատը ներկայացնում ենք աշխարհին: Մշակոյթն այն ուժն է, որ կարողանում է սոսնձել, իրար միացնել անցեալը, ներկան եւ ապագան»:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեանը:

Վրաստանի վաստակաւոր նկարիչ Քարլէն Կարապետեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանին, Ջաւախքի աջակցութեան հիմնադրամին (ՋԱՀ) ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակցելու համար. «Այսօրուան ցուցադրութիւնը մեզի համար մեծ ուրախութիւն եւ յաջողութիւն է, շնորհակալութիւն բոլոր աջակցողներուն: Մէկ անգամ եւս հաւաստուեցաւ, որ Ջաւախքի ժողովուրդը նաեւ մեծ արուեստ ունի: Մենք ցուցադրուած ենք ոչ միայն Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ, այլեւ ԱՄՆ եւ Քանատայի մէջ: Դիտելով մեր աշխատանքները` դուք կը զգաք մեր ուրախութիւնը եւ ցաւը»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար Քարլէն Կարապետեանին պարգեւատրեց «Արշիլ Գորկի» մետալով:

Ելոյթ ունեցան նաեւ բարերար, գործարար, Ջաւախքի աջակցութեան հիմնադրամի համահիմնադիր Սօս Սահակեանը, Հայկական հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիր Հրաչ Այվազեանը, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, Ջաւախահայերու հայրենակցական միութեան նախագահ  Շիրակ Թորոսեանը, «Վիրահայերու միասնութիւն»  ՀԿ-ի նախագահ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Տաճատ Վարդապետեանը: Երեւանի N 131 դպրոցի տնօրէն, «Սայաթ Նովա» աշուղական խումբի մեներգիչ Գրիգոր Սաֆարեան կատարեց Ջիւանիի «Առաւօտեան քաղցր հովին» ստեղծագործութիւնը:

«Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով ցուցահանդէսին իրենց աշխատանքները ներկայացուցած են  քանդակագործներ Սերկօ Սահակեանը` «Պատրանք», «Աշուն», «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ», «Փրկութիւն», «Աշխարհայեացք», Ռաֆիկ Սարգսեանը «Պարոյր Սեւակ»,  «Նարեկացի», Բաղդասար Սարգսեանը` «Ծովինար», «Հայելու առջեւ» ստեղծագործութիւններով:

Ցուցահանդէսին առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացան Քարլէն Կարապետեանի` Ցեղասպանութեան նուիրուած շարքը` «Եղեռն – Եռապատկերը», եւ «Մօր դիմանկարը», «Հայեացքը», «Արեւի աղջիկը» կտաւները:

Ուշագրաւ էին նաեւ Համլէթ Արոյեանի, Մնացական Դալլաքեանի, Հայկազուն Ղարագուլեանի` Ջաւախքի թեմաներով բնապատկերները, դիմանկարներն ու նատիւրմորտները:

Ցուցահանդէսը կը գործէ ապրիլ 18-23:

Scroll Up