ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մասնակցեցաւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 7-րդ Պատգամաւորական Ժողովին, Ստորագրեց Համագործակցութեան Յուշագիր

Մայիս 29-ին տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 7-րդ Պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի 15 երիրներէ ժամանած 80 պատուիրակ:  Ձեռնարկին կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Աշոտ Քոչարեան, ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան, պաշտօնատար այլ անձիք, յայտնի արուեստագէտներ, մտաւորականներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ  «Համազգային» հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան: Ցուցադրուեցաւ Համազգայինի հիմնադրման 80 ամեակին նուիրուած տեսաֆիլմ:

Ողջունելով ներկաները` ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց. «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պատգամաւորական ժողովը 2-րդ անգամ հայրենիքում անցկացնելու  գաղափարն ինքնանպատակ չէ. Համազգայինը, հաստատուելով Հայրենիքում, իր ներկայութեամբ նոր մշակոյթ ձեւաւորեց Հայրենիք-Սփիւռք կապերի սերտացման գործում` նոր որակներ ու երանգներ բերելով ազգային մշակութային քաղաքականութեան մէջ: Համազգայինը միշտ էլ հզօր զէնք է եղել Սփիւռքում հայ ինքնութիւնը պահպանելու, հայ մշակոյթը տարածելու եւ քարոզելու գործում»: Նախարարն իր ելոյթն աւարտեց Ներսէս Շնորհալիի խօսքերով. « Միասնութիւն` գլխաւորում, ազատութիւն` երկրորդականում, սէր` ամէն ինչում»:

Հ. Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան յուշամետալով պարգեւատրեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը:

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան ստորագրեցին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ոլորտին մէջ գիտական, կրթական, հրատարակչական եւ մշակութային կապերու ամրապնդմանն ու զարգացմանը ուղղուած  Համագործակցութեան յուշագիր:

Scroll Up