ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց «Թէքէյեան» Մշակութային Միութեան Հիմնադիր Մարմնի Ատենապետ Յակոբ Գասարճեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/12/oo.jpg)
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` նախարարը բարձր գնահատեց «Թէքէյեան» մշակութային միութեան հայապահպանութեան ու հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած ջանքերը: Նախարարն առանձնակի կարեւոր համարեց աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ իր մասնաճիւղերը ունեցող միութեան գործունէութիւնը, Սփիւռքի մէջ կրթական խնդիրներու լուծման, հայոց լեզուի պահպանման ու տարածման նպաստող, կառոյցին կողմէ իրականացուած բազմաթիւ ծրագիրներն ու ձեռնարկները, ուսուցիչներուն, մշակոյթի գործիչներուն եւ ուսանողներուն նիւթապէս ու բարոյապէս օժանդակելու անոնց բազմաբնոյթ ձեռնարկները:
Սփիւռքի նախարարն իր գոհունակութիւնը յայտնեց նաեւ Դեկտեմբեր 10-13 Լիբանան կատարած իր աշխատանքային այցի ծիրէն ներս «Թէքէյեան» մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ, ՌԱԿ «Զարթօնք» օրաթերթին կողմէ կազմակերպուած Լիբանանի «Թէքէյեան» մշակութային միութեան համահիմնադիր, ՀԲԸՄ-ի վեթերան անդամ, ՌԱԿ վաստակաշատ ներկայացուցիչ Գերսամ Ահարոնեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար:
Յակոբ Գասարճեան նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ միութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցելու եւ այն հրաշալի ելոյթին համար, որ ան ունեցաւ ձեռնարկին ընթացքին` ոգեւորութեամբ ու երախտիքի զգացումով համակելով ներկաները:
Աւարտին զրուցակիցները քննարկեցին համագործակցութեան հետ կապուած խնդիրներ: