Խանդավարուելով Հանդերձ Իրատես Ըլլալու Ենք․ Ազատագրուած է Հալէպ Քաղաքը Եւ Ոչ Նահանգը

Խանդավարուելով հանդերձ իրատես ըլլալու ենք, մարդոց շփոթի չմատնելու համար, կը գրէ “Գանձասար” օրաթերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլապոշեան-Պօղիկեան։

Ազատագրուած է Հալէպ քաղաքը եւ ոչ նահանգը, որ կ՛ընդգրկէ գիւղեր եւ աւաններ: Հալէպ քաղաքի ազատագրումով խանդավարուելով հանդերձ պարտաւոր ենք ըլլալ իրատես եւ ընդունիլ, որ Սուրիոյ պատերազմը ցարդ չէ աւարտած, վերաշինութիւնը չէ սկսած, շարք մը դժուարութիւններ առկայ են տակաւին, նոյնիսկ ազատագրուած շրջաններուն մէջ, ինչպէս ելեկտրականութեան չգոյութիւնը:

Հալէպ քաղաքի ազատագրումով սակայն վերջ գտաւ մեր բոլորին ապահովական մղձաւանջը: Գէթ օրական հրթիռակոծումներն ու յարձակումները դադրեցան, հարազատներ կորսնցնելու մեր օրական տագնապն ու մտավախութիւնը վերջ գտան:

Քաղաքէն ներս դրական եւ ոգեւորող են յատկապէս քաղաքապետարանին կողմէ տարուող կազմակերպ աշխատանքները՝ ճամբաները բանալու, անցարգելները վերացնելու, երթեւեկութիւնը կարգաւորելու, ինչպէս նաեւ Հալէպի ժողովուրդին կեանքը բնականոն հունի մէջ դնելու եւ տնտեսութիւնը վերականգնելու ջանքերը:

Scroll Up