Նոր Հնարաւորութիւն Սուրիահայ Ընտանիքի Մը Վերամիաւորման Համար

Հայկական կարմիր խաչի ընկերութիւնը գործարար ծրագիրներու միջոցով սուրիահայերուն կ’աջակցի ինքնուրոյն գործ հիմնելու եւ աշխատելու ու ապրելու հայրենիքի մէջ: Գործարար ծրագիրով  անոնց կը տրամադրուին անհրաժեշտ իրեր ու սարքաւորումներ, որպէսզի կարենան իրականացնել ներկայացուած գործունէութիւնը: Սուրիայէն վերադարձած Էլմիրա Քոչարեան Արմաւիրի մարզի Մրգաշատ գիւղին մէջ նախատեսած է զբաղուիլ հրուշակեղէնի արտադրութեամբ:

«Հանրային ռատիօ»-ի փոխանցմամբ` Էլմիրա Քոչարեան 2012 թուականէն  ամառնային հանգիստի նպատակով եկած էր Հայաստան, հայրական տուն այցելութեան եւ պատերազմի պատճառով չէ կրցած վերադառնալ ամուսնուն մօտ` Հալէպ: Արդէն 4 տարի անոր ընտանիքը երկատուած է. ինք 10 տարեկան որդիին հետ կ’ապրի հայրական տան` Հայաստանի մէջ, ամուսինը 90-ամեայ մօր հետ` Հալէպի մէջ:

Յաղթահարելով ապրելու դժուարութիւնները` Էլմիրան միաժամանակ հոգ կը տանի հաշմանդամութիւն ունեցող իր  ծնողներուն: 2013 թուականին  սուրիահայերու աջակցութեան ծրագիրի ծիրէն ներս մասնակցած է  բուժքոյրական վերապատրաստման դասընթացներուն  եւ տեղաւորուած աշխատանքի Միքայէլեան վիրաբուժութեան հիմնարկին մէջ, սակայն չվարձատրուելու պատճատով 4 ամիս անց աշխատանքէն հրաժարած է: Աշխատավարձը ստացած է աշխատանքէն հրաժարելէն ետք: Մրգաշատէն-Երեւան առանց աշխատավարձի երթալ-գալը նոյնպէս դժուարութիւններ ստեղծած են Էլմիրայի համար:

Էլմիրայի ամուսինը կ’աշխատի  Հալէպի  ազգային  առաջնորդարանի <<Արեւելք>> տպարանին մէջ որպէս տպագրիչ: Անոր աշխատավարձը բաւարարած է ընտանիքի կարիքները հոգալու համար: Մինաս փորձած է հաստատուիլ Հայաստանի մէջ, սակայն 90-ամեայ մօրը  չէ ցանկացած մինակ  ձգել, որքան ալ անվտանգ, այնուամենայնիւ տարէց կինը կը ցանկայ ապրիլ իր ծննդավայրին մէջ: Բացի այդ` Մինաս Քիրեճեանի համար Հայաստանի մէջ աշխատանք գտնելը դժուար է, երկու անգամ փորձած է իր աշխատանքը շարունակել հայաստանեան տպագրատան մէջ, բայց  աշխատանք չէ գտած:

Բացի այդ` առաջարկուող ցած աշխատավարձով ան կը կարենայ վճարել միայն  ճանապարհածախսը: <<Ուր դիմած ենք, ըսած են եթէ ըլլայ, ապա 60 հազար դրամ աշխատավարձ պիտի ստանաս, եթէ, եթէ… յուսալի չէ, վստահութիւն չկայ>>:

Ընդառաջ երթալով ճակատագրին` Էլմիրա Քոչարեան կը փորձէ ինքնուրոյն գործ հիմնել եւ կախման մէջ չըլլալ ուրիշի օգնութիւններէն: Ան մասնակցած է հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան առաջարկած գործարար ծրագիրին: Ներկայացուցած առաջարկութիւնը, Էլմիրայի կարծիքով, հաւանութեան  արժանացած է` 800 եւրոյի չափով անհրաժեշտ սարքաւորումներ պիտի տրամադրեն, որպէսզի կարենանք աշխատանք ստեղծել, յոյսով եմ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին կ’ըլլայ:

Էլմիրա Քոչարեան կը ցանկայ զբաղուիլ հրուշակեղէնի արտադրութեամբ: Այս գործին մէջ հմտանալու համար զինք պիտի օգնէ մասնագէտը: Կարմիր խաչի հայկական ընկերութեան տնտեսական ինքնաբաւութեան բաղադրիչը կրնայ Էլմիրայի ընտանիքի վերամիաւորման եւ մայր հայրենիքի մէջ մշտական հաստատուելու լաւագոյն հնարաւորութիւնը ըլլալ:

Scroll Up