«Ավազէ ամրոցները» սուրիահայ երեխաներուն կ’օգնեն մոռնալ պատերազմը
«Աւազէ ամրոց» զարգացման եւ աւազով նկարչութեան կեդրոնէն ներս մէկամսեայ դասընթացներ կ’իրականացուին սուրիահայ երեխաներու համար. դասընթացները պիտի շարունակուին մինչեւ տարեվերջ: Անիկա «ԿԱԶԱ» Զուիցերիական մարդասիրական հիմնադրամի եւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի (ՄԱԿ ՓԳՀ) հայաստանեան գրասենեակի աջակցութեամբ կեանքի կոչուող եւս մէկ ուշագրաւ գաղափարներէն է:
Կեդրոնի տնօրէն եւ հոգեբան Կարինէ Յարութիւնեանը WomenNet.am-ի հետ զրոյցին նշեց, որ իրենց հիմնական նպատակը անձի՝ տարիքին համապատասխան բնականոն զարգացումն է` ներդաշնակ եւ անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ, ինչը կը նպաստէ երեխաներու ստեղծագործական կարողութիւններու զարգացման, կ’օգնէ ընդելուզուիլ հասարակութեան, ձերբազատուիլ հնարաւոր բացասական յոյզերէ: «Աւազէ ամրոցը» իր տեսակի մէջ իւրայատուկ հաստատութիւն է` արուեստի շունչով ողողուած վայր մը, ուր ամէն մէկը ունի անձնային որակներու եւ հմտութիւններու իր ուրոյն պաշարը: Կեդրոնի առաքելութիւնը անձի ներդաշնակ զարգացման համար նպաստաւոր միջավայրի ստեղծումն է, ուր կ’ընդգծուի իւրաքանչիւրի անկրկնելիութիւնը, ինքնատիպութիւնն ու ստեղծագործական ներուժը:
Երկու-երեք տարի առաջ Սուրիայէն ներգաղթած մեր հայրենակիցները ու անոնց երեխաները հոգեբանական տեսանկիւնէն համեմատաբար հանգիստ էին վերջին շրջանին եկածներու համեմատ: Վերջիններս բոլորովին այլ կերպ կ’ընկալեն Հայաստանը, քանի որ անոնց համար խնդիր է ոչ միայն միջավայրին համակերպուիլը ու խօսակցական լեզուի տարբերութիւնը, անոնք նաեւ բազում հոգեբանական խնդիրներ ունին, որոնց յաղթահարման համար մեզմէ մեծ ջանքեր կը պահանջեն: Երեխաներ, որոնք ռմբակոծութիւններու ականատես եղած են, հանգստանալ է պէտք: Թէեւ Հայաստանի մէջ սուրիահայ երեխաները ապահով են, այնուհանդերձ անոնց կը տանջէ Սուրիոյ մէջ մնացած հարազատներու հանդէպ կարօտի զգացումը:
Ոմանք պատերազմի աւարտէն ետք կը ցանկան վերադառնալ Սուրիա, աւելի փոքրիկները շատ արագ ընդելուզուած են միջավայրին եւ անոնք Հայաստանը սիրած են:
Կարինէ Յարութիւնեանի ներկայացմամբ աւազով նկարելու գաղափարը ինքնանպատակ չէ. «Աւազը բնական նիւթ է, որ կը զարգացնէ մանր մօտորիկան (շարժողական աշխուժութիւն) եւ կ’աշխուժացանէ գլխուղեղի աշխատանքը։ Ան ունի մագնիսական ուժ եւ հզօր հանգստացնող ազդեցութիւն։ Աւազով խաղի օգտակար դերն ալ աւելի ընդգծուեցաւ, երբ 20-րդ դարու սկզբին բացայայտուեցան անոր դրական ազդեցութիւնը եւ կիրառման հնարաւորութիւնները հոգեբանութեան ոլորտէն ներս`խթանելով աւազավարժանքի զարգացման: Աւազէն բացի երեխաները կրնան աշխատիլ նաեւ խմորով, կուաշով, կաւով, բնական նիւթերով եւ գունաւոր աւազով, անիկա եւս ստեղծագործականութեան եւ մտքի ճկունութեան զարգացման կարեւոր նախապայման է»:
«Աւազէ տնակ»-ի նկարչութեան սրահի մէջ մենք հանդիպեցանք Յակոբին, Աբրահամին ու փոքրիկ Լալային, ովքեր նկարիչ-մանկավարժի օգնութեամբ ու ցուցումներով լուսաւորուած սեղանի վրայ ոգեւորուած աւազէ պատկերներ կը նկարէին, յետոյ արագ կը ջնջէին ու կը նկարէին մէկ այլ պատկեր:
Թէեւ Յակոբը չի յաջողիր ստանալ կատարեալ պատկերներ, սակայն աւազի հետ շփումը իրեն համար հաճելի է: Կը գերադասէ ճարտարապետական կառոյցներ նկարել, միշտ ալ սիրած է աւազի հետ խաղալ, եւ յետոյ, ի տարբերութիւն մատիտի, աւազը ջնջելն ու այլ պատկեր նկարելը դիւրին է: Եօթ շաբաթ յաճախած է դասերու, ու թէեւ ծրագիրը արդէն աւարտած է, այնուհանդերձ, կը ցանկար մասնակցիլ մէկ այլ ծրագրի: Կ’երազէ տան մէջ ունենալ աւազով լեցուն սեղան ու նկարել, միշտ նկարել: Սուրիոյ մասին խօսիլ չ’ուզեր, ըստ երեւոյթին, ոչ բոլոր յուշերն են հաճելի:
Իսկ ահա, 9-րդ դասարանի աշակերտ Աբրահամը կը սիրէ նկարել Սիսն ու Մասիսը, արագիլները, կը նկարէ վարժ, թէեւ սա կեդրոն կատարած իր առաջին այցելութիւնն է: «Ես միշտ կը յաճախեմ դասընթացներու: Սուրիոյ մէջ ես նկարչութեամբ չէի զբաղեր, նման բան չկար այնտեղ, մարմնամարզութեամբ կը զբաղէի: Կ’ապրինք Աբովեան քաղաքի մէջ, սակայն մարմնամարզութեան համար կու գամ Երեւան, բայց Աբովեան քաղաքը աւելի կը սիրեմ, այնտեղի օդը մաքուր է»,-կ’ըսէ Աբրահամը:
Փոքրիկ Լալան՝ Աբրահամի 9-ամեայ քոյրիկը, ծառեր, այգիներ, Արարատ կը նկարէ: Այնտեղ, Սուրիոյ մէջ կը սիրէր խաղալ աւազի հետ, ամրոցներ կը կառուցէր, յետոյ կը քանդէր ու նորէն կը կառուցէր: Կը յիշէ, թէ ինչպէս ռմբակոծութեան ժամանակ կը մտնէր սեղանի տակ: Թէեւ այստեղ գիշերները հանգիստ կը քնանյ, սակայն մօր՝ Տիգրանուհի Կարապետեանի խօսքով՝ սկսած են փնտռել Հալէպի օրերը. «Յաճախ կը լսեմ՝ կ’ուզեմ մեր տունը երթալ, կ’ուզեմ մահճակալիս վրայ քնանալ, ես Հալէպը կ’ուզեմ, Հալէպի խաղալիքներս կ’ուզեմ: Կ’շխատիմ համոզել, բացատրել, որ այստեղ ապահով ենք, որ ռումբեր չկան, բայց իրենք չեն հասկնար, կը նեղուին, կու լան, կ’ըսեն այնտեղ մեզի լաւ կը նայէիք, այստեղ՝ ոչ: Կը խնդրեն, որ իրենց Հալէպ տանինք, որովհետեւ տատիկին, քեռիին ու մօրքուրին կարօտցած են են: Սակայն առաւելութիւնը այն է, որ այստեղ հանգիստ կը քնանանք: Տղաս ալ երբեմն կը խենթանայ, կ’ըսէ՝ պիտի երթամ Հալէպ, թէեւ մեր տան տեղը պատերազմի դաշտ է»:
Հոգեբանական զրոյցներու միջոցով կեդրոնի հոգեբան–մանկավարժները փոքրիկներուն հնարաւորութիւն կու տան պատմել իրենց նոր միջավայրի, նոր տպաւորութիւններու, նոր ընկերներու մասին, ու թէեւ փոքրիկներու մօտ պատերազմի հետ կապուած նախկին տագնապն ու տհաճ յուշերը լիովին չեն վերացած, այդուհանդերձ երկարատեւ ու համբերատար զրոյցներու ու խաղերու միջոցով հնարաւոր կը դառնայ նուազեցնել անոնց ազդեցութիւնը: Այդ առումով կեդրոնի մէջ իրականցուող ծրագիրները արդիւնաւէտ են հոգեբանական բազմաթիւ խնդիրներու՝ վախերու, շփման դժուարութիւններու պարագային:
«Աւազէ ամրոց» կեդրոնի հոգեբանները յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն ծնողավարութեան ծրագրերուն, ծնողներու հետ աշխատանքին, որոնց ընթացքին անոնք հանգամանալից կը ներկայացնեն երեխաներու հետ տարուող աշխատանքներու ընթացքն ու արդիւնքները, խորհուրդներով կ’ուղղորդեն ծնողները՝ նոր միջավայրի մէջ յայտնուած երեխաներու հետ ճիշտ վարուեցողութեան վերաբերեալ:
Անուշ Ներսիսեան
Հ.Գ. յարգելի՛ սուրիահայ ծնողներ: Եթէ կը ցանկաք, որ Ձեր երեխաները նոյնպէս յաճախեն «Աւազէ ամրոց» կեդրոն, դիմեցէք «ԿԱԶԱ» զուիցերական մարդասիրական հիմնադրամ ( թումանեան փող., 24 շէնք, բն.5, հեռ.՝ 58 40 32):