Մոնթէի Զինուորը Պատրաստ Է Իր Հայրական Տունը Տրամադրելու Ոեւէ Սուրիահայ Ընտանիքի

Սուրիոյ մէջ ծաւալուած վերջին իրադարձութիւնները անհանգստութեան կոչնակ հնչեցուցին ողջ հայութեան համար: Հայրենասէր հայը, ինչպէս միշտ, կանգնեցաւ դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած իր հայրենակիցին կողքին: Ատոր ապացոյցն են ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն դիմած բազմաթիւ մարդիկ, որոնք պատաստակամութիւն  յայտնած են իրենց հարկին տակ ընդունելու Հայաստան եկող սուրիահայերուն:

Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանի  ճարտար գիւղէն մայոր Արթուր Յովսէփեան այն քաղաքացիներէն մէկն է, որ դիմած է Սփիւռքի նախարարութիւն` այս խնդրանքով: Երբ զանգեցինք Արցախի N զօրամասի հրամանատարի տեղակալին` զրուցելու համար, ան առաջինը հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք կայ ընտանիք, որ կ’ուզէ ապրիլ իրենց տան մէջ, ու երբ իմացաւ մեր զանգի նպատակը, քիչ մը տխրեցաւ… «Թող գա՛ն, սպասում ենք: Գործ կը գտնենք, տունն էլ կայ, մեր հողն էլ շէն է: Ինձանից էլ լաւ կ’ապրեն, հաւատացնում եմ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կ’ըսէ Արթուր Յովսէփեան:

Arthur Hovsepyan

Արցախեան երկու պատերազմներու մասնակից մայոր Արթուր Յովսէփեան թանկիստ է, պատերազմի ընթացքին ցուցաբերած որակներու համար ան 2 անգամ պարգեւատրուած է Մարտական խաչ շքանշանով: Փորձառու զինուորականը հպարտութեամբ կը նշէ, որ Մոնթէի զինուորը  եղած է, Արցախեան գոյամարտի ընթացքին կռուած է Արցախ աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ: Անձնական օրինակով ոգեւորելով կրտսեր զինակիցներուն` քառօրեայ պատերազմի օրերուն ալ ան փայլուն  օգտագործած է այն գիտելիքներն ու հմտութիւնները, որոնք կուտակուած էին 20-րդ դարու վերջը մեր ազգային-ազատագրական պայքարին ժամանակ, որուն համար 2016 թուականի Ապրիլ 19-ին Արթուր Յովսէփեան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի  կողմէ պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի  շքանշանով:

17177_b

Մերօրեայ հերոսն այսօր իր մանկավարժ կնոջ, երեք երեխաներուն հետ միասին կ’ապրի Ներքին ճարտարի մէջ: Իսկ Ճարտար գտնուող երկյարկանի հայրական տունը պատրաստ է տրամադրելու Արցախի մէջ բնակութիւն հաստատելու ցանկութիւն յայտնած ոեւէ սուրիահայ ընտանիքի: «Մի մեծ ընտանիք կարող ենք ընդունել: Եթէ երեխաներ էլ լինեն, աւելի լաւ: Կը շփուեն տղաներիս ու աղջկաս հետ (Արթուրը 14 տարեկան զոյգ տղաներ ունի եւ 15 տարեկան  աղջիկ մը), ամէն ինչով էլ կ’օգնենքէ,-կ’ըսէ «Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը:

14658192_844816805655426_1824669921_n (1)

Արթուրի խօսքով` կինն ու երեխաները իր որոշումը մեծ սիրով  ընդունած են. «Դէ, տղաներս, կարող եմ ասել, արդէն  պատրաստի զինուորներ են ու լաւ գիտեն` ինչ է պատերազմը, դրա հետեւանքները, իսկ կինս Հայոց լեզուի ուսուցչուհի է մեզ մօտ, կարող է նաեւ դպրոցի հետ կապուած հարցերում օգնել: Իմ շրջապատում էլի մարդիկ կան, ընկերներ, ովքեր նոյնպէս պատրաստ են իրենց տանը հիւրընկալելու սիրիահայերի: Բոլորս էլ ոգեւորուած ենք ու  գրկաբաց սպասում ենք»,-կ’ըսէ փորձառու զինուորականն ու կը նշէ, որ ինք այս տարիներուն ընթացքին միշտ ալ հետեւած է Սուրիոյ մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն, արձագանքած օգնութեան կոչերուն ու ինքն ալ հանդէս եկած առաջարկով: «Ժամանակին ես նոյնիսկ ցանկութիւն եմ յայտնել մեկնելու Քեսապ ու այնտեղ կռուելու մեր հայրենակիցների անվտանգութեան համար: Այս պահին բոլորիս ուշադրութիւնը` հայաստանցի թէ սփիւռքահայ, պիտի ուղղուած լինի Հալէպին»,-իր խօսքը այսպէս կ’եզրափակէ մերօրեայ հերոս Արթուր Յովսէփեան:

Ջուլիետա Մաթեւոսեան

Scroll Up