ՀՀ Առաջին Տիկին Ռիթա Սարգսեան Այցելեց «Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը Երեւանի ՄԷջ» Բարեգործական Ցուցահանդէս-Տօնավաճառ

Դեկտեմբեր 9-ին ՀՀ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան այցելեց կառավարութեան նիստերու դահլիճի նախասրահին մէջ բացուած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական  ցուցահանդէս-տօնավաճառ, որ կազմակերպուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ նախաձեռնութեամբ:

Տարբեր տօներու կապակցութեամբ պարբերաբար կազմակերպուող ցուցահանդէս-տօնավաճառը այս անգամ նուիրուած էր Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան: Ներկայացուած էին 65-է աւելի սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներ, ոսկերչական իրեր, հրուշակեղէն, քաղցրաւենիք, արեւելեան ուտեստներ:

Սփիւռքի նախարարի ուղեկցութեամբ ՀՀ առաջին տիկինը շրջեցաւ տաղաւարներուն մէջ, ծանօթացաւ սուրիահայերու աշխատանքներուն, բարձր գնահատեց անոնց տաղանդն ու աշխատասիրութիւնը, անոնց սպասարկման բարձր մշակոյթն ու մատուցման ինքնատիպ ոճը եւ իր հիացմունքը արտայայտեց յատկապէս ձեռագործ աշխատանքներուն եւ նրբաճաշակ արծաթեայ իրերուն վերաբերեալ:

Ռիթա Սարգսեան գնումներ կատարեց տաղաւարներէն:

Սուրիահայերը չափազանց տպաւորուած էին Ռիթա Սարգսեանի այցելութենէն:

Ցուցահանդէս-տօնավաճառը պիտի գործէ նաեւ Դեկտեմբեր 10-ին, ժամը` 10.00-19.00:

img_1570

Scroll Up