«Քեսապահայութիւնը Ոգեւորուած Է Մեր Ներկայութիւնից Եւ Այն Հանգամանքից, որ ՀՀ-ն Բարձրաձայնել Ու Յայտարարել Է, Որ Տէր է Կանգնելու Իր Հայրենակիցների Իրաւունքներին»
Քեսապէն Տեղահանուած քեսապահայերէն շատերը հանգրուանած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող դպրոցին մէջ:
Այս մասին HayNews.am-ին կը տեղեկացնէ ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեան:
Նշենք, որ ԱԺ քանի մը պատգամաւորներ մեկնած են Սուրիոյ Քեսապ աւանի հայութեան հետ հանդիպելու, անոնք այսօր կէսօրին Դամասկոսէն հասած են Լաթաքիա, ուր կը գտնուին Քեսապէն տեղահանուած հայերը: Յիշեցնենք, որ Սուրիա մեկնած են պատգամաւորներ Արման Սահակեանը, Սամուէլ Ֆարմանեանը, Թեւան Պօղոսեանը, Էտմոն Մարուքեանը, Նայիրա Կարապետեանն ու Լեւոն Մարտիրոսեանը:
Ֆարմանեանը ըսած է. «Մենք հանդիպում ունեցանք քեսապահայութեան հետ: Պէտք է ըսեմ, որ տպաւորութիւնը ցնցող էր, ճիշդ այնպիսին, ինչպիսին հանդիպած էինք դասագիրքերու մէջ, հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ աղբիւրագիտական գրականութեան մէջ, ուր Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած մեր հայրենակիցներու յիշողութիւնները: Մենք հանդիպեցանք քեսապահայերուն եւ փոխանցեցինք մեր բոլորի ողջոյնները, կարեկցանքը եւ յստակ ուղերձն այն մասին, որ անոնց կողքին ենք եւ որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը պէտք է այս իրավիճակին ընեն հնարաւորը սուրիահայութեան աջակցելու համար»:
«Մենք որոշակիօրէն իրականացուցած ենք փաստահաւաք առաքելութեան գործառոյթներ, ճշգրտած ամբողջական ու մասնակի տուեալներ, ինչպէս նաեւ` քանի հայ ընտանիքներ կան, որ այժմ օգնութեան կարիք ունին: Կարեւոր է արձանագրել, որ սուրիական կառավարութիւնը, որոնք եւս ներկայ էին` Լաթաքիոյ մէջ եւ՛ քաղաքապետը, եւ՛ նահանգապետը, եւ՛ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, իրենց կողմէ վստահեցուցին, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը հնարաւոր բոլոր միջոցները պիտի ձեռնարկէ` ապահովելու քեսապահայութեան վերադարձը դէպի իրենց մշտական վայրեր, որուն մասին կ’երազեն մեր հայրենակիցները: Անոնք նաեւ վստահեցուցին, որ յետագային պիտի օգնեն վերականգնելու ու վերակառուցելու կորսնցուցածը: Մենք նաեւ փոխանցեցինք շատ կարեւոր քաղաքական ուղերձ մը` սա հայութեան որեւէ հատուածի խնդիր չէ, այլ համայն հայութեան: Քեսապահայութիւնը ոգեւորուած է մեր ներկայութենէն եւ այն հանգամանքէն, որ ՀՀ-ն բարձրաձայնած ու յայտարարած է, որ տէր պիտի կանգնի իր հայրենակիցներու իրաւունքներուն»,- նշած է ան:
Պատգամաւորը շեշտած է, որ Հայաստան վերադառնալէ ետք բոլոր առաջարկները պիտի ներկայացնեն ինչպէս խորհրդարանին, այնպէս ալ ՀՀ Նախագահին եւ Կառավարութեան, որպէսզի կարենան որոշել իրենց յետագայ ընելիքները, հնարաւոր աջակցութեան միջոցները:
Վերջաւորութեան ան աւելցուցած է, որ պատգամաւորներէ կազմուած պատուիրակութիւնը այսօր ուշ երեկոյեան Լաթաքիայէն կը վերադառնայ Դամասկոս:
HayNews.am