ՀՀ Սփիւռքի Փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան Ընդունեց Ախալքալաքի Եւ Կումուրտոյի Առաջնորդը

Դեկտեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան ընդունեց Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ախալքալաքի եւ Կումուրտոյի միտրոպոլիտ Նիկոլոզը` ուղեկցութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ հոգեշնորհ Տ. Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեանը:

Բարի գալուստ մաղթելով Նիկոլոզ միտրոպոլիտին Հայաստան, մասնաւորապէս` Սփիւռքի նախարարութիւն, Սերժ Սրապիոնեան բարձր գնահատեց հայ-վրացական դարաւոր բարեկամութիւնը` ընդգծելով յատկապէս մշակութային սերտ կապերն ու առնչութունները:

Գերաշնորհ Նիկոլոզ միտրոպոլիտը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար` ընդգծելով, որ թէեւ սա իր առաջին այցը չէ Հայաստան, սակայն, իբրեւ պաշտօնական այցելութիւն, առաջինն է: «ճիշդ է` առաջին անգամ չեմ Երեւանի մէջ, բայց ձեր քաղաքը  ապշեցուց զիս բոլոր առումներով, յատկապէս` հաւատքի կեդրոններով: Ինծի զարմացուց Մարիամ Աստուածածնի հանդէպ ձեր ժողովուրդի պաշտամունքը եւ անոր նուիրուած եկեղեցիներու առատութիւնը»,-նշեց Նիկոլոզ միտրոպոլիտը:

Հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին նաեւ համատեղ ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները` Ախալքալաքի մէջ մշակութային, հոգեւոր կեանքը առաւել աշխուժացնելու ուղղութեամբ: Սրբազան հայրը առաջարկեց Ախալքալաքի մէջ մշտական ցուցադրութիւն կազմակերպել, ուր կը ներկայացուին հայ եւ վրացի ժամանակակից նկարիչներու ստեղծագործութիւնները` նշելով. «Իմ երազանքս է Ախալքալաքի մէջ երկու ժողովուրդներու մշակութային բարեկամութիւնը խորհրդանշող թանգարան մը ունենալ»:

Հանդիպման աւարտին ՀՀ սփիւռքի փոխնախարարը, բարձր գնահատելով Նիկոլոզ միտրոպոլիտի ջերմ վերաբերմունքը Հայ Եկեղեցւոյ եւ Սամցխէ-Ջաւախքի հայութեան հանդէպ յոյս յայտնեց, որ այս հանդիպումը հիմք կը դնէ գործուն եւ արգասաբեր փոխգործակցութեան:

14 img_1242

Scroll Up