Հունգարիոյ Հայկական Մշակութային Կեդրոնը Միացաւ «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար» Համահայկական Շարժումին
Դեկտեմբեր 2-ին Պուտապեշտի հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման նուիրուած երեկոյ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները` Հունգարիոյ հայ ազգային ինքնավարութեան փոխնախագահ Ալեքս Աւանէսեան երեկոյին ընթացքին շեշտեց, որ Հունգարիոյ հայ ազգային ինքնավարութեան գլխաւոր նպատակն է նախ հունգար հասարակութեան ներկայացնել ԼՂՀ քաղաքական իրադարձութիւնները, այնուհետեւ աշխատանքներ տանիլ պատմութիւնը ճիշդ տարածելու ուղղութեամբ: «Հունգար հասարակութիւնը պէտք է նախ իմանայ ԼՂՀ պատմութիւնը, ներկայ իրավիճակը: Մշակութային կեդրոնին մէջ մենք յաճախակի տարբեր ձեռնարկներ պիտի կազմակերպենք եւ պիտի ներկայացնենք Արցախին վերաբերեալ բոլոր խնդիրները»,-նշած է Ալեքս Աւանէսեան:
Երեկոյի աւարտին Հունգարիոյ հայկական ռատիօժամի կազմը, Հունգարիոյ մէջ յայտնի արուեստագէտ Երմոնէ Զապէլ Մարթայեան ու բարեխօս հունգարացիներ միանալով շարժման` լուսանկարուեցան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժման կոչի պաստառով:
Շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, սոցիալական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան: