«Ալի՛եւ, Մեր Հողը Մեզի Կը Պատկանի». Ֆրանսահայ Աշակերտները Կը Միանան Համահայկական Շարժումին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/11/1-3-300x225.jpg)
Ֆրանսայի Փուաթիէ քաղաքին մէջ գործող հայկական կազմակերպութեան կից գործող մէկօրեայ դպրոցի սաները միացած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած համահայկական շարժումին:
«Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» խորագիրին ներքոյ կիրակի օրը կազմակերպուած է բաց դաս` նուիրուած Արցախին: Դասին ընթացքին աշակերտները իրենց ձեռքերով պաստառ պատրաստած են, ուր հայ փոքրիկները իրենց ուղերձներն ու մտքերը գրած էին Հայաստանի ու Արցախի մասին:
Նշենք, որ «Փուաթուի հայեր» հայկական կազմակերպութեան նախագահը եւ կրթօճախի տնօրէնը երիտասարդ հայուհի Անոյշ Գրիգորեանն է: