Դուն Ի՞նչ Ըրած Ես Ղարաբաղի Համար
«Գանձասար» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կը գրէ.
20-24 Հոկտեմբերին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինին աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովը` նուիրուած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին:
24 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ, համաժողովի մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դուն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» խորագրեալ շարժում մը` ամբողջ աշխարհի հայութիւնը մասնակից դարձնելու ԼՂՀ-ի օգնութեան, ներդրումներու խթանումին, ԼՂՀ-ի ընկերային-տնտեսական, գիտակրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացման:
Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ զանազան հայ գաղութներ արդէն սկսած են արձագանգել Սփիւռքի Նախարարութեան այս կոչին:
Այսօր Սուրիան կ՛ապրի քաղաքական-տնտեսական անձուկ պայմաններու եւ համատարած անապահովութեան մէջ ու ազգային, համայնքային մարմիններու օրակարգերը կը ծանրաբեռնուին քաղաքացիական-հասարակական հրատապ հարցերով, այդուհանդերձ այդ օրակարգերուն ու տրուելիք որոշումներուն մէջ անպայման տեղ կը գտնեն Արցախն ու արցախահայութիւնը, որպէս ազգային մեր տեսլականին, պահանջատիրական մեր երթին ու ազգային ինքնութեան պահպանման անքակտելի օղակներ:
Արցախի զօրակցութիւնը չի սահմանափակուիր լոկ նիւթական օժանդակութեամբ:
Արցախին կրնանք զօրակցիլ քարոզչական միջոցներով` նախ հայ ընթերցողը իրազեկ դարձնելով Արցախի քաղաքական եւ հասարակական իրադարձութիւններուն, ապա նաեւ ձախողութեան մատնելով Արցախի գոյապայքարին գծով հակառակորդին ապատեղեկատուական արշաւը: Այս աշխատանքին կարելի է նպաստել սուրիական մեր միջավայրին մէջ Արցախի հարցին էութիւնը պարզող քարոզչական աշխատանքներով, ապա նաեւ տեղացի կամ արաբական լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող հայ լրագրողներ ուղղելով Արցախ` ծանօթանալու Արցախին, անոր պայքարի էութեան եւ ճշմարտութիւնը ներկայացնելու Սուրիոյ արաբ հանրութեան ու քաղաքական շրջանակներուն:
Արցախին կրնանք զօրակցիլ` սատարելով անոր միջազգային ճանաչման ուղղուած աշխատանքներուն:
Արցախին կրնանք զօրակցիլ` մասնակցելով Արցախի մէջ կազմակերպուող համահայկական ձեռնարկներուն, սատարելով նաեւ Արցախի մէջ օրըստօրէ զարգացող զբօսաշրջութեան:
Արցախին կրնանք զօրակցիլ` գործակցելով արցախեան լրատուամիջոցներուն հետ եւ հայ մամուլին մնայուն մէկ բաժինը յատկացնելով Արցախին, արցախահայութեան:
Այստեղ առանձնապէս կ՛ուզենք շեշտել, որ սուրիական տագնապի օրերուն Արցախ հաստատուած սուրիահայերը, որոնք ապրիլեան պատերազմի օրերուն Արցախի սահմանները պաշտպանելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին, ու յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները կը շարունակեն ապրիլ հայկական Արցախի հողին վրայ, գեղեցկագոյն օրինակներն են Արցախի զօրակցութեան:
«Գանձասար»ի յառաջիկայ թիւերով լոյս պիտի ընծայենք Արցախի զօրակցութեան եւ Սփիւռքի Նախարարութեան կոչին արձագանգող հայ գաղութներու բազմաբնոյթ աշխատանքները, մեր կարգին կոչ ուղղելով սուրիահայ միութիւններուն` իրենց կարելին ընելով արձագանգելու այս շարժումին ու սուրիահայուն վայել հայրենասիրութեամբ զօրավիգ կանգնելու Արցախին:
Կեցցէ՛ հայ հերոսներու արեան ճանապարհով ազատագրուած Արցախ աշխարհը:
«Գ.»