Փոքրիկ Պատում Մը` Մեծ Հոգիի Հայրենասիրութեան Մասին
Բարեգործութիւնը հոգիի, խղճի թելադրանք է, մարդկային առաքինութիւններէն թերեւս ամենադրուատելիներէն մէկը, որմով առաջնորդուողները ոչ մէկ բանաձեւ ունին. անոնք` իսկական բարեգործները, չեն սիրեր բարձրաձայնել իրենց գործերուն մասին, եւ բարեգործութիւն կ’ընեն այնպէս, ինչպէս աղօթք կ’ընեն, ինչպէս հանապազօրեայ հացը կը հոգան: Անոնցմէ մէկը` Արմաւիրի մարզի Ջրաշէն գիւղին մէջ արդէն 16 տարի բնակող, Մարսէլէն հայրենադարձուած Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանը առաջինն էր, որ ակամայէն դարձաւ «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման մասնակիցներէն մէկը: Դեռեւս մինչ այս շարժումը սկսիլը` Սիրան մայրիկը արդէն սեփական նախաձեռնութեամբ իր թոշակով Ղարաբաղի սահմանները պաշտպանող զինուորներուն համար տասնեակ կապոցներ պատրաստած էր` ներքնաշորեր ու գուլպաներ, ինչպէս նաեւ` պահպանիչ աղօթքներ եւ ուղարկած զօրամասեր: Միանալով շարժման` ան Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ դարձեալ կապոցներ ուղարկեց զինուորներուն. իր ծաւալած հայրենանուէր գործունէութեան համար ՀՀ սփիւռքի նախարարը Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանին պատուոգիրով պարգեւատրեց: Այս օրերուն Սիրան մայրիկը, որուն ամբողջ գիւղը «հօրքուր» կ’անուանէ, մեծ վշտի մէջ ըլլալով հանդերձ (Մարսէլի մէջ մահացած էր տղուն կինը), դարձեալ կապոց մը պատրաստած էր, նաեւ կրանիտէ քարի վրայ պատուիրած էր Աստուածամօր պատկերը եւ բերած հասցուցած Երեւան` Սփիւռքի նախարարութիւն: Այս պատուարժան հայուհին, ամէն անգամ իր «առաքելութիւնը» կատարելուն, կը կրկնէ` այդ զինուորները նաեւ իմ երեխաներս են, իմ թոռնիկներս…մայրական գորովանքով ու սրտցաւութեամբ կը մտածէ սահմանները պաշտպանող զինուորներուն մասին եւ կը նեղուի` իմանալով, որ անոնցմէ շատերն առանց մկրտուելու կը մեկնին ծառայութեան, որ կան նոյնիսկ հաւատք չունեցող զինուորներ եւ կը մտածէ, որ անոնց համար կարելի է զօրամասերուն մէջ հաւատքի դասընթացներ կազմակերպել: 80-ը անց այս հայուհին բնաւ չի մտածեր իր մասին, ունեցած առողջական խնդիրներուն կը նայի մատներու արանքով. իր հոգը երկրի խաղաղութիւնն է, զինուորներու առողջութիւնն ու անփորձանք ծառայութիւնը: Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանը արդէն մօտ ապագայի ծրագիրներ ունի` դարձեալ քանի մը պատկերազարդ քանդակներ պատուիրել սահմանամերձ շրջաններուն մէջ եղած զինուորական հիւանդանոցներու մատուռներուն մէջ տեղադրելու համար: «Որքան ուժս բաւէ, առողջութիւնս ներէ, պէտք է շարունակեմ ընել այս գործը», -կ’ըսէ Սիրան մայրիկն ու Աստուծոյ իր գոհութիւնը կը յայտնէ` այս աշխարհի մէջ իրեն ճիշդ ուղեցոյց ըլլալու համար: Ահա հայրենասիրութեան մասին փոքրիկ պատում մը, որ բարձրագոչ խօսքերէն, ճառերէն այն կողմ` նշխար մը հայուհիին հայրենապահպան հոգիին գեղեցիկ հայելին է:
Կարինէ Աւագեան
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»