Զգօնութեան Կոչ` Ուղղուած Համայն Հայութեան
«Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական նախաձեռնութեան մասին իմացայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» պարբերականէն: Սա հէնց այն է, որ նպատակ ունի ապահովելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան համաչափ զարգացումը, իսկ այն իրականացնելու համար անհրաժեշտ է օգտագործել հայ ժողովուրդի հաւաքական ներուժը, անոնց համախմբուածութիւնը, պէտք է ազգը միաւորուի մէկ գաղափարի շուրջ, ապահովուի քաղաքացիներու անվտանգ ու բարեկեցիկ կեանքը:
Սա զգօնութեան կոչ կը համարեմ` ուղղուած համայն հայութեան, եւ հարցը միանգամայն կը զգաստացնէ բոլորիս, թէ ինչ կ’ընէ մեզմէ իւրաքանչիւրը այս բուռ մը հողին համար…բայց ի՞նչ կ’ընեմ ես… Ես` սահմանամերձ դպրոցի ուսուցչուհիս, որ կ’ապրիմ Մարտակերտ, կը դասաւանդեմ Արցախեան ազատամարտի նուիրեալ Վլադիմիր Բալայեանի անունը կրող միջնակարգ դպրոցին մէջ:
Մեր սահմանամերձ բնակավայրին մէջ այսպէս գոյատեւելու ապրելակերպը այդ մենք չենք ընտրած, այստեղ բոլորս ալ մեծէն պզտիկ նուիրեալներ ենք: Ապրելու իրաւունքը սահմանի մօտ կը վերաճի, ինչ գինով ալ ըլլայ, կեանքը փրկելու ճակատագրական մտասեւեռման, մարդագիտութեան մէջ նոր մարդ մը կը ծնի, որ յամառօրէն կը կառչի նաեւ հողին, որ փրկէ զայն, ազատ ապրելու իրաւունքը գերխնդիր կը դառնայ այստեղ: Սահմանին մօտ հողի` արկերէն ճաքճքած հառաչանքները մեզի կը հասնին, եւ կը զգանք, որ այդ պահուն մարդը կը հերոսանայ ոչ միայն պատերազմի առաջին գիծին, այլ իր հարազատ հողին վրայ, եւ մարդուն մէջ կը խօսի հողին ձայնը:
Երբեմն քայլերս կը տանի զիս մեր բնակելի շէնքի նկուղը, որ ապաստարան կը կոչուի, գարշահոտ կայ այնտեղ, բորբոսնած պատեր, անչափելի խոնաւութիւն, նոյնիսկ կրծողներ, բայց մթութեան մէջ պատերը կը խարխափեմ, որ գտնեմ այն լոյսը, որ կը պահէ մեզ այստեղ: Իսկ դպրոցին մէջ պատերազմ տեսած երեխաներն են առջեւս, իսկ անոնց հետ երբեմն հոգիի ալեբախութիւն կ’ապրիմ…
Երբ կրակոցները կ’ուժգնանան, իմ գրական հերոսներուս կը զուգահեռուին նոր օրերու զինուորներու իրական կերպարները, մայրական թեմաս կը վերջանայ անոնց տունդարձին սպասող մայրերու աղօթքով, սիրային քնարերգութեան վերլուծութիւնը կ’ամբողջանայ զինուորին ուղղուած սիրոյ յուզառատ խօսքերով… Այդ պահերուն կ’ուզեմ գրկել բառ մը, որ ինքնին լոյս կ’արձակէ, եւ ամէն անգամ յուզախռով հոգիս ամուր կը գրկէ լուսաւոր կեանք մը, որ պատնէշ դարձնէ սահմանէն եկող կրակոցներուն…
Սերունդի ճակատագրին համար մտահոգ` ամէն անգամ կրկին ու կրկին կը համոզուիմ, որ անկոտրում է կամքը հայուն, հաւատքով լեցուն ու հաստատակամ եւ միայն հող հայրենիի նկատմամբ անսահման սիրոյ զգացողութիւն ունեցող սերունդը կրնար այսպէս գրել. «Շատ բան չեմ հասկնար ռազմական արուեստէն, բայց լաւ կը ճանչնամ մարդկային ազնիւ հոգին ու անսասան կամքը: Մենք բոլորս, անկախ մեր սեռէն, երդուեալ զինուորներն ենք այս սուրբ հողին, մեր ընկերներէն շատերն ալ այսօր մեզի հետ պիտի ըլլային, եթէ կեանքը անոնց համար,որպէս արժէք, աւելի բարձր ըլլար, քան զոհուիլը հայրենիքի համար: Ես մտքով անգամ չեմ կրնար ինզինքս պատկերացնել առանց հայրենիքի, Արցախ աշխարհի սահմանները ամէնօր հայ զինուորի արեամբ կը գծուին, ու այդ գիծը պահելն ու պահպանելը մեր բոլորիս սրբազան պարտքն է»: /Ջաւադեան Վարդուհի/
Կը թեթեւնայ հոգիս, ուրեմն հայրենասիրութեան զգացումը կ’ուղեկցի սերունդներուն` որպէս անմնացորդ նուիրում, որպէս ազգային տեսակը չկորսնցնելու հոգեկան կերտուածք: Իսկ մենք` Արցախի սահմանամերձ բնակավայրին մէջ ապրողներս, որ ընտրած ենք այս դժուարին ճանապարհը, ապրելու ու յարատեւելու պատգամը մեր հոգիին մէջ` համայն հայութեան միասնութիւնը կ’ուզենք, կ’ատենք այս չարաղէտ պատերազմը եւ խաղաղութիւն կ’երազենք:
Նատաշա Պօղոսեան
Արցախի վաստակաւոր մանկավարժ,
Մարտակերտի Վլադիմիր Բալայեանի անուան միջնակարգ դպրոցի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի