«Քառօրեայ Պատերազմ Կամ Ղօղանջ Լռութեան». Շարժանկարի Առաջին Ցուցադրութիւնը «Նարեկացի» Միութեան ՄԷջ

Ապրիլ 14-ին,  ժամը` 14:00-ին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ Արսէն Յակոբեանի «Քառօրեայ պատերազմ կամ ղօղանջ լռութեան» խորագիրը կրող շարժանկարի  ցուցադրութիւնը:

«Շարժանկարի ստեղծման ամենամեծ շարժառիթը քաղաքակիրթ աշխարհի անտարբերութիւնն է Արցախի հակամարտութեան լուծման հարցին մէջ: Այո, կայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու խումբ, որ, սակայն, կարծես կոչուած է անհասցէ յայտարարութիւններ ընելու, որոնք աւելի շատ նման են լռութեան: Ինչպէս ֆիլմին մէջ նշած եմ, հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը ո՛չ միայն ռազմի դաշտին մէջ է, այլեւ` տեղեկատուական, ուր, իմ կարծիքովս, մենք շատ ընելիքներ ունինք: Ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ հասած է գագաթնակէտին. գիրքեր, ֆիլմեր, ելոյթներ, հնարաւոր ամէն տարբերակ կ’օգտագործեն հակահայ քարոզչութեան համար: Այս ֆիլմը, կը կարծեմ, պատասխան է ատրպէյճանական քարոզչութեան: Ֆիլմին մէջ տեղ գտած փաստերը ջուրի երես կը հանեն ատրպէյճանական քարոզչութեան կեղծիքները: Աշխարհը քիչ տեղեկատուութիւն ունի այս հակամարտութեան մասին, ֆիլմով փորձած եմ հնարաւորինս փակել այդ բացը: Եթէ մէկ նախադասութեամբ խօսիմ ֆիլմի նշանակութեան մասին` այն է` ցոյց տալ ատրպէյճանական քարոզչութեան դատարկամտութիւնը եւ ամենակարեւորը` ինչու՞  Արցախը կը ձգտի անկախ ապրիլ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ ֆիլմի բեմադրիչ Արսէն Յակոբեան:

Ֆիլմը կը ներկայացնէ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, ատոր պատճառները, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ պատմական ակնարկ կը տրուի Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի մասին, որպէսզի աշխարհն աւելի ճիշդ տեղեկացուած ըլլայ:

«Ֆիլմին համար ոչ մէկ ֆինանսական աջակցութիւն  ունեցած եմ, օգնած են ընկերներս եւ ծանօթներս. մէկը անվճար աշխատած է, միւսը` ինչ-ինչ հարցերով հնարաւորինս մատչելի գիներով օժանդակած,-նշեց Արսէն Յակոբեան եւ աւելցուց,- Այսօր ողջ հայութեան ուշադրութիւնը սեւեռուած է Արցախի վրայ, եւ ամէն հայ պէտք է հնարաւորինս նեցուկ ըլլայ Արցախին: Այս ֆիլմն ալ մեր խումբի աջակցութիւնն է, որմով նաեւ մենք կը միանանք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժումին»:

Scroll Up