Ինծի Կը Թուի, Թէ Որբ Է Այն Հայը, Որ Հեռու Է Իր Հարազատ Հողէն

Կը շարունակուին աշակերտներուս արձագանքները Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական նախաձեռնութեան: Իւրաքանչիւրի հոգիին մէջ անկեղծ զգացողութեամբ սիրոյ ու անկնածանքի խօսքեր կան հող հայրենիի հանդէպ, սէր, որ անոնց կը պահէ այս արկերէն ճաքճքած հողին վրայ: Տողերուն մէջ ամփոփուած այդ սէրը կարծես կ’արձագանքէ հեռուները գտնուող հայութեան կարօտին, որ անչափելի է, կսկիծով լի:
«Ես շատ հպարտ եմ, որ կ’ապրիմ Արցախ, հպարտ եմ, որ հայ եմ` Նոյի թոռը, այն սուրբ հողի ծնունդը, ուրկէ սկսաւ մարդկութեան երթը: Ինծի կը թուի, թէ որբ է այն հայը, որ հեռու է իր հարազատ հողէն: Օտարութիւնը թախիծ է, կարօտ ու տառապանք, իսկ ես ուժեղ եմ, երջանիկ, որովհետեւ իմ հայրենիքիս մէջ եմ: Երբեմն ինքզինքիս հարց կու տամ, թէ ինչ կ’ընեմ ես իմ երկրիս համար: Ըսեմ, որ առ այժմ ես կ’ապրիմ կռուախնձոր դարձած մեր հողին վրայ, որ թշնամիէն հեռու է ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր: Կը թուի` ես անով որեւէ օգուտ չեմ տար իմ հայրենիքիս, բայց եկուր ու տես, որ ես, ապրելով այստեղ, յոյս կու տամ սահմանին կանգնած զինուորին: Ապագային իմ ամենամեծ երազանքս եւ նաեւ կեանքիս նպատակն է` իմ երկիրս զարգացած տեսնել: Ես եւ իմ սերնդակիցներս պարտաւոր ենք ապրիլ ու աշխատիլ Արցախի մէջ, շէնացնել զայն, հպարտանալ ու գնահատել մեր բոլոր նուաճումները եւ միշտ յիշել, թէ ինչպիսի ճանապարհ անցած է բազմաչարչար իմ ժողովուրդս»:
Իննա Բաղրեան` 12-րդ հումանիտար դասարանի աշակերտուհի: Ան անսահման հպարտ է, որ կը յաճախէ Վլ. Բալայեանի անուան միջնակարգ դպրոցը եւ նպատակ ունի իր գիտելիքներով ու կարողութիւններով ապագային նպաստելու հարազատ ժողովուրդի զարգացման ու հզօրացման: «Իմ ընկերներուս հետ պիտի կառուցեմ մեր հրաշք երկիրը, անոր ապագան: Պիտի լսեմ անոր սրտի ջերմ թրթռոցը, մուրճերու զնգոցին խառնուած համակարգիչներու կտկտոցը, եկեղեցական զանգերու սրբասուրբ ղօղանջները, քարերուն ծաղկած շատրուաններու մրմունջը, արեւի տաքուկ համբոյրէն շիկնող միրգերու հիւթեղ շշուկը:
Տէ’ր Աստուած, Արցախը իմս է, իմս…իմս են նորաբաց ակօսի զգլխիչ բոյրը, զմրուխտ այգիներու փափուկ սօսափը, արծաթահեր մատեաններու ազնուաշող գիրերը, հնձաններէն արցունք-արցունք գլորուող անապակ կաթիլներու բուրմունքը, ողջ Արցախ աշխարհը: Ես եւ իմ սերնդակիցներս ենք այս ամէնուն տէրը, մեզմէ կախուած է Արցախի ապագան ու հզօրութիւնը: Կ’ըսեն, երբ մարդ կը հանդիպի դժուարութիւններու ու փորձութիւններու, այդ ժամանակ ալ կը մեծնայ: Քառօրեայ պատերազմը մեզի համար եւ’ փորձութիւն էր, եւ’ դժուարութիւն, քանզի այն մեզի ստիպեց գնահատել հայրենիքի ու հարազատ տան քաղցրութիւնը: Իմ գիտակցութեանս մէջ հիմա «հարազատ հող» եւ «հարազատ հայրենիք» արտայայտութիւնները աւելի լայն իմաստ ունին, ինչպէս մայրը: Մօր նման քաղցր է այն հողը, որուն վրայ հիմա ես կը քալեմ եւ կ’ապրիմ: Արցախը իմս է, ու ես պարտաւոր եմ պայքարելու անոր անկախութեան համար»:
Հայեացքս կը յառեմ բոլոր աշակերտներուս…Արցախի մէջ ապրելու եւ արարելու հաստատակամ վճիռ մը դրոշմուած է անոնց դէմքերուն, եւ ես հպարտ եմ ու կը հաւատամ, որ այս սերունդը արեամբ ներկուած մեր հողին վրայ բոլորիս համար պիտի կառուցէ ազատ ու անկախ գողտրիկ աշխարհ մը:
Նատաշա Պօղոսեան
Արցախի վաստակաւոր մանկավարժ,
Մարտակերտի Վլադիմիր Բալայեանի անուան միջնակարգ
դպրոցի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի