Այցելութիւններ Հայաստանի ՄԷջ Կայացած Սուրիահայերուն. Ժանին Սրուրեան
Նոյեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Այցելութիւններ Հայաստանի մէջ կայացած սուրիահայերուն» ծրագիրի ծիրէն ներս այցելեց «Srourian eye centre» ակնաբուժական կեդրոն, շրջեցաւ գերժամանակակից սարքաւորումներով յագեցած սրահներուն մէջ, ծանօթացաւ ակնաբուժական կեդրոնի առօրեային: Ակնաբուժական կեդրոնի հիմնադիրը` Սուրիայէն հայրենադարձուած Ժանին Սրուրեանը ներկայացուց նորագոյն սարքերը, թուային տեսախցիկը` առաջինը Հայաստանի մէջ, որ եւ՛ պարզ, եւ՛ հակապատկերով կը նկարէ աչքի յատակը, յստակ ախտաբանական եզրակացութեան հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ: Վիրահատական բաժինին մէջ եւս հետաքրքիր նորամուծութիւններ ներկայացուեցան: Ընդ որում` վիրահատութիւնը համացանցով կը ցուցադրուի մեծ պաստառին, եւ վիրահատութեան ընթացքին կրնան հետեւիլ ակնաբոյժները:
Նախարարը կարեւոր համարեց սուրիահայ բժիշկի գործունէութիւնը եւ աւելցուց. «Ուրախ եմ, որ շուրջ հարիւր բժիշկ է ժամանել Սիրիայից, եւ բոլորը յաջողութեամբ աշխատում են: Պէտք է ասել, որ նրանց մեծ մասը բժշկական կրթութիւն է ստացել Հայաստանում: Հայաստանի բժշկական համալսարանն է աւարտել նաեւ Ժանին Սրուրեանը եւ կարողացել է այսպիսի ժամանակակից կլինիկա ստեղծել: Չնայած մեզ մօտ ոլորտը բաւականին զարգացած է, բայց ինձ համար հաճելի էր տեսնել նոր սարքաւորումներ, նոր մօտեցումներ, համալիր բժշկական սպասարկում, որը շատ կարեւոր է: Սա եւս հիմք է տալիս մտածելու, որ սիրիահայերը կարող են հայրենիքում հաստատուել, հզօրանալ, լաւ գործ սկսել, եթէ ցանկանան»: