ՀՀ սփիւռքի նախարարն ու Վերնիսաժի սուրիահայ մթնոլորտը արաբական Almayadeen հեռատեսիլի ծրագրէն. (տեսանիւթ)

«Հայերն այսօր»-ը կը կը ներկայացնէ լիբանանեան «Ալ Մայատին» արբանեակային հեռատեսիլի «Հողէն» ծրագիրը, որ անդրադարձած է սուրիական ճգնաժամի հետեւանքով Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն:

Հեռուստաընկերութեան լրագրող Օկարիթ Տանտաշը զրուցած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ, որ խօսած է սուրիահայութեանը սատար կանգնելու, անոնց համար բաւարար կենսապայմաններ ապահովելու, նոր պայմաններուն եւ հասարակութեան մէջ ներգրաւուելու նպատակով ցուցաբերուող պետական աջակցութեան, եւ այս ուղղութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ այլ գերատեսչութիւններու, բարեգործական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէն իրականացուող աշխատանքներու մասին:

Լիբանանցի լրագրողը խօսած է նաեւ Երեւանի Վերնիսաժ շուկայի յարակից տարածքի մէջ սուրիահայ գործարարներու ամենօրեայ շուկայի վաճառողներու հետ: Պատմելով հայաստանեան կեանքի, առօրեայի մասին` սուրիահայ գործարարները նշած են, որ Վերնիսաժի մէջ գործող շուկան կեանքի կոչուած է` շնորհիւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած ցուցահանդէս-տօնավաճառներուն, որոնք պարբերաբար իրականացուած են այս կամ այն վայրերու մէջ:

Scroll Up