ՄԱԿ-ի Արդիւնաբերական Զարգացման Կազմակերպութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Մարտ 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՄԱԿ-ի արդիւնաբերական զարգացման կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Հայաստանի մէջ սուրիահայ փախստականներու ձեռնարկատիրական գործունէութեան ուղղուած ծրագիրի ղեկավար Մոնիքա Գարքոն ու միջազգային փորձագէտ Սոմայա Մոլլը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կազմակերպութեան նախաձեռնութիւնները, սուրիահայերու ընդելուզման ու ձեռնարկատիրական գործունէութեան խթանման ուղղուած ծրագիրները: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Այսօր ամենակարեւոր խնդիրը, որ պէտք է լուծենք սիրիահայերի համար, աշխատանքի տեղաւորման խնդիրն է: Շնորհակալ եմ, որ դուք այդ խնդրի շուրջ համախմբում էք բոլոր երկրների կառոյցներին ու կազմակերպութիւններին, հրաւիրում էք նրանց ուշադրութիւնը: Ուրախ եմ, որ կայ յստակ մօտեցում տնտեսական խնդիրների լուծման ուղղութեամբ: Պէտք է գտնենք կառոյցներ ու կազմակերպութիւններ, որոնք պատրաստ են աջակցութիւն ցուցաբերել այդ խնդիրների լուծմանը, հիմնադրամ ստեղծել, որին կը մասնակցի նաեւ Սփիւռքը: Սիրիահայերը Հայաստան են բերել նոր բիզնես մշակոյթ: Նրանք հարիւրից աւելի բիզնես ծրագրեր են ներկայացրել, որոնք պէտք է կեանքի կոչել»:
Նախարարը ներկայացուց սուրիահայերու հետ տարուող աշխատանքի առանձնայատկութիւնները, փորձը եւ արդիւնքները, անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայերու ընդելուզման, աշխատանքին, մասնագիտական վերապատրաստման եւ բնակարանային խնդիրներուն:
Մոնիքա Գարքոն շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար: Ան մանրամասն ներկայացուց Հայաստանի մէջ սուրիահայ փախստականներու ձեռնարկատիրական գործունէութեան ուղղուած ծրագրային առաջարկը, պատրաստակամութիւն յայտնեց սերտօրէն համագործակցելու նախարարութեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հետ: